Յուլիս 27, 1983ին, ժամը 11:30ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանատունն ու անոր կից գտնուող թուրք դեսպանին բնակարանը, թատերաբեմ դարձան անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուեցաւ «Հայկական Յեղափոխական Բանակ»ին կողմէ

Ամէն առաւօտ կանուխ կ'արթննամ։ Ամէն առաւօտ ինքնաբերաբար նոյն ժամուն կ'արթննամ, հակառակ որ զարթուցիչ ժամացոյց մը ունիմ քովս։ Բայց անցեալ օր այնքան խորունկ քնացեր եմ, որ չկրցայ արթննալ։ Զարթուցիչ ժամացոյցին կողմէ «արթնցուեցայ» բռնի ուժով։

Երբ փոքր ժողովուրդներու պատմութեան էջերը թղթատենք, անկասկած պիտի տեսնենք թէ անոնք առանց լուրջ եւ շօշափելի տուեալի, երբեք իրենց դրացիներուն կամ ուրիշներուն արդար իրաւունքները չեն բռնաբարած եւ երբեք ուրիշներու ազատութեան սպառնացող ինքնակամ կամ քմահաճ արարքի մէջ չեն գտնուած։

ՀՅԴ-ն գաղափարական եւ իրական ներուժ ունեցող միակ քաղաքական ուժն է հայ իրականութեան մէջ, որը ոչ միայն կարեւոր դեր է ունեցել Արցախեան շարժման եւ ազատագրման կազմակերպման ու պայքարի մէջ, այլեւ այսուհետ նոյնպէս կարող է կարեւոր դեր խաղալ Արցախի զարգացման գործում:

Հակառակ Աշխարհի Ախոյեանութեան ոտնագնդակի աւարտական խաղին, Յուլիս 13, 2014, երբ շուտով՝ ժամը 3:00ին պիտի սկսէր Արժանթին-Գերմանիա մրցումը Պրազիլի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1։30ին, կոկիկ գրասէր հասարակութիւն մը ժամադրուած էր Նիւ Ճըրզիի Վարդանանց Եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, հանդիպելու համար ամերիկահայ, այլեւս հանրայայտ գրող Քրիս Պոհճալեանին եւ լսել իրմէ իր վերջին գիրքին՝ «Փակէ՛ աչքերդ, բռնէ ձեռքերը» (Close your eyes, hold hands) մասին։