Յուլիս 27, 1983ին, ժամը 11:30ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանատունն ու անոր կից գտնուող թուրք դեսպանին բնակարանը, թատերաբեմ դարձան անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուեցաւ «Հայկական Յեղափոխական Բանակ»ին կողմէ
եւ վերջ գտաւ գործողութիւնը կատարող վերոյիշեալ հնգեակին անձնասպանութեամբ, երբ անոր անդամները ռումբերով եւ ուժանակով պայթեցուցին եւ կրակի տուին դեսպանին բնակարանին մէկ յարկը, զոր գրաւած էին: Գործողութիւնը սկսաւ երբ զինեալներ, վարձուած ինքնաշարժով մը, անակնկալօրէն մուտք գործեցին թրքական դեսպանատունը եւ դեսպանին բնակարանը շրջապատող պարտէզէն ներս. չորս զինեալները խուժեցին դէպի դեսպանատան մուտքը ու կրակ բացին հոն գտնուող պահակին վրայ:
Այսօր, նմանօրինակ որեւէ արարք կամ գործողութիւն կը թարգմանուի իբրեւ ոճիր, իբրեւ ծայրայեղականութիւն, իբրեւ ահաբեկչութիւն: Սակայն, հոս տեղին է նշել Լիզպոնի տղոց արարքը սովորական անձնասպանութիւն չէ ու չի՛ կրնար ըլլալ, ինքնանպատակ արարք չէ ու չի՛ կրնար ըլլալ, այլ՝ յանուն արդարութեան սրբազան զոհաբերութիւն է, գիտակցական մարտիրոսացում է:
Գործողութիւնը սկսելէն շուրջ ժամ մը ետք, վարչապետ Մարիօ Սուարէշ ստիպողական ժողովի հրաւիրեց իր կառավարութիւնն ու զինուորական պատասխանատուները: Որոշուեցաւ գործի լծել հակաահաբեկչական «Մասնայատուկ Ուժեր»ը, որոնցմէ 170 հոգի միացան դեսպանատունը պաշարման տակ առնող ոստիկանութեան: Կէսօրէ ետք Ժամը 1:00ի մօտ, ուժգին պայթում մը տեղի ունեցաւ դեսպանին բնակարանին մէջ, ուր ծագեցաւ մեծ հրդեհ մը:
Ակնթարթ մը ետք, ոստիկանութիւնը սեղմեց շէնքին շուրջ հաստատուած պաշարման օղակը եւ անոնցմէ երեսուն հոգի անցան ուղղակի յարձակման, ներս ցատկելով պարտէզին պատէն: Տեղի ունեցաւ կարճատեւ հրացանաձգութիւն, որմէ ետք նոր պայթումներ կրկնուեցան:
Ժամը կ.ե. 3:45ին, ոստիկանութիւնը մուտք գործեց շէնքէն ներս, ուր գտաւ ածխացած հինգ մարմիններ: Անոնցմէ չորսը կը պատկանէին քոմանտոյի անդամներուն, իսկ հինգերորդը՝ ոստիկանի մը:
Ի յայտ եկած էր թէ քոմանտօն իր մօտ ունեցած ռումբերով պայթե-ցուցած էր բնակարանը եւ դիմած անձնասպանութեան: Մինչ այդ ոստիկանութիւնը գտած էր վարձուած երկու ինքնաշարժներ, որոնց մէջ կային ռումբեր եւ սննդեղէն: Կ’ենթադրուէր որ քոմանտօն յարձա- կումը գործած էր, երկարատեւ գրաւման նպատակով:
Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը հազիւ սկսած, Փարիզի մէջ, «Հ.Յ.Բանակ»ը, լրատու գործակալութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելով, ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Երեկոյեան «Հայ յեղափոխական Բանակ»ը Լիզպոնի մէջ միջազ- գային լրատու գործակալութեանց յղուած հաղորդագրութեամբ, վերըստին կը ստանձնէր պատասխանատուութիւնը:
---------------------
Անսպառ Աղբիւր
Հայրենասիրութիւն, հերոսականութիւն, հայրենիքի ու ազգի համար գերագոյն նուիրաբերում. Լիզպոնի հինգ տղաներու խենթ սխրանքը ներշնչման անսպառ աղբիւր է այդ բոլորին:
Ահա երեսունմէկ տարի ետք, երբ ազգային կեանքի յեղափոխական շրջադարձներու՝ Հայաստանի անկախութեան, Արցախի Ազատագրական պայքարի եւ Հայ Դատի հետապնդման ճանապարհին, նոր նուաճումներու ու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, կը փորձենք գնահատել Սարգիս Աբրահամեանի, Սեդրակ Աճէմեանի, Արա Գըրճըլեանի, Սիմոն Եահնէեանի եւ Վաչէ Տաղլեանի յուսահատական թուացող, սակայն յուսահատական ոգին էապէս ջարդող քաջարի արարքը, ապա կը գիտակցինք այն հզօր ուժականութեան, որով այս երիտասարդները ներարկեցին պայքարի խրամատներուն վրայ կանգնողներու երակները:
«Լիզպոնի Հինգ» անունը տուած ենք Հայաստանի, հայութեան հինգ զաւակներուն, որոնք իրենց մատաղ կեանքը օտար հողի վրայ զոհաբերեցին, որոնք հայրենիքէն զրկուած ըլլալու վիրաւորանքը իրենց արեամբ մաքրեցին, որոնք եթէ ֆիզիքապէս հայրենի հողին հետ մերուելու մխիթարանքը չունեցան՝ ապա իրենց խիզախութեամբ հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն վրայ փառքի պատուանդանին կանգնելու իրաւունքը նուաճեցին:
Յաւե՜րժ փառք այս երիտասարդներուն, Լիզպոնի հինգ տղաներուն, որոնց հոգին կը փայլի իբրեւ փարոս՝ լուսաւորելով այսօր եւս հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորներուն, Հայ Դատի համար պայքարող կամաւորներուն ճանապարհը:
Յառաջիկայ Կիրակի, 27 Յուլիսին, շրջանիս եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմիա» պիտի հնչէ հինգ նահատակներու հոգիին համար, իսկ Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, խնկարկելէ ետք իրենց յիշատակը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները եւ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն միանալ իրենց, պիտի այցելեն վրիժառու բազուկ Միսաք Թորլաքեանի շիրիմը եւ ծաղկեպսակ դնեն անոր առաջ՝ ի յարգանս բոլոր վրիժառուներու եւ անոնց հոգեզաւակներու՝ Լիզպոնի տղոց յիշատակին:
Թորլաքեանի շիրիմը կը գտնուի 204 N. Evergreen Ave., Los Angeles, CA 90033 հասցէի գերեզմանատան մէջ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
-------------------------
Լիզպոնի Ողջակէզներին
Յովհաննէս Շիրազ
Յիշէ՛ք, հայեր, բալիկներուդ՝
Դեռ ծիլ ընկած գալիքներուդ,
Որ քեզ ամառ պիտի տային,
Բայց կէս ճամբին ընկան կիսատ՝
Դեռ չտեսած հողն Արարատ:
Յիշէք, հայե՛ր, ընկողներին,
Որ չհասած մեր հողերին,
Ընկան հինգն էլ ի սէր հայոց՝
Մեր հինգ միլիոն զոհուած որդոց,
Որ գեր-ձորում ընկած են դեռ՝
Հայ վրէժի յոյսով անմեռ:
Եկ գովք անենք հայ քաջերին
Խենթ սրտին էլ ընդդէմ դարի,
Յիշէ՛ք հայեր, ինչպէս Տիզբոն,
Երեկ Տիզպոն, այսօր Լիզպոն,
Եկ, դիմացիր, ազգ իմ զգօն
հինգ հայդուկին այս երգեհոն,
Եկ, որ Վարդանն Աւարայրի
Անէծք դառնայ թուրքին վայրի:
Յիշէք, հայե՛ր, որ վայր ընկան
Անուէրադարձ մահով, սակայն,
Սարգիս, Սեդրակ, Արա Սիմոն,
Ինքը՝ Վաչէն՝ յանց երգեհոն,
Մեզ կը կանչեն ու գան պիտ
Ի սէր, գերուած Արարատի
Ի սէր հայոց մայր հողերուն՝
Ընդդէմ հողաց թուրք գողերուն:
Որ Հայաստանն իմ խլեցին,
Մեզ վրէժը լոկ թողեցին.
Երէկ Տիզպոն,
Այսօր Լիզպոն,
Հայն է զոհւում հորիզոնից մինչ հորիզոն:
Չենք մոռանում Եղեռնը մեծ,
Որ հայ արեան ծովը խմեց,
Քարը թողեց վերապրողին,
Թուրքն է ապրում, այն էր՝ հողին,
Խամրեց արեւն ողջ հայութեան:
Յիշե՛նք, հայեր Եղեռն համայն,
Որ մեր ազգի ծուծը խմեց,
Աշխարհասաստ Եղեռնը մեծ: