Երբ փոքր ժողովուրդներու պատմութեան էջերը թղթատենք, անկասկած պիտի տեսնենք թէ անոնք առանց լուրջ եւ շօշափելի տուեալի, երբեք իրենց դրացիներուն կամ ուրիշներուն արդար իրաւունքները չեն բռնաբարած եւ երբեք ուրիշներու ազատութեան սպառնացող ինքնակամ կամ քմահաճ արարքի մէջ չեն գտնուած։

Ընդհակառակը «խաղաղասէր» մեծ ժողովուրդները իրենց իշխանական մոլուցքէն արբեցած -յանկերգ մը որ տակաւին գոյութիւն ունենալէ չէ դադրած, աւելին, երթալով աւելի կ'ընդհանրանայ- յաճախ ազատասէր եւ խաղաղ փոքր ժողովուրդներու արդար իրաւունքները ոտնակոխած եւ շատ անգամ ալ անոնց ընդվզելու, պոռթկալու եւ ըմբոստութեան դիմելու առիթներ տուած են։
Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, Խանասորի արշաւանքը, Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութիւնը եւ մեր ժամանակներու Արցախի ազատագրութեան պայքարները «մեծերու» կողմէ հայ ժողովուրդի խաղաղ ու ազատ ապրելու իրաւուքները կաշկանդող եղելութիւններ եղած են։
Քիւրտերու Մազրիկ ցեղի արիւնարբու պետը Շարաֆ Բէկը, ոչ միայն Աղբակի շրջանի հայութիւնը կոտորած եւ Բարթուղիմէոս վանքն ու շրջակայքը քանդած, Վանէն փախած հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ ջարդած, այլ նաեւ այդ շրջաններու հայութեան մեծ պատուհասը դարձած էր։ Ան իր արիւնոտ ծառայութիւններուն համար, հայաջինջ ծրագիրներ գործադրող արիւնարբու գիշատիչ թուրք եւ քիւրտ ջարդարարները հրահրելուն համար սուլթանէն գնահատանքի շքանշան ստացած էր։
Այդ ժամանակներուն եւ մանաւանդ այդ շրջաններէն ներս հայը ոչ իր սեփական ինչքին, ոչ իր պատուին եւ ոչ ալ իր զաւակներուն կեանքին տէրը կրնար դառնալ։
Հայկական գաւառները երկրային դժոխք դարձած էին։ Աղաչանքը, աղօթքը, դիւանագիտական համակերպութիւնը եւ ոչ ալ կաշառքը տարաբախտ հայուն ճակատագիրը փոխելու կարող էին։
Այս կացութեան առջեւ է, որ հայը պոռթկաց եւ իր յեղափոխական միտքը գործեց ու վճռեց։ Ոչ միայն պատժեց չարագործ ցեղը, այլ միաժամանակ զգաստութեան հրաւիրեց Շարաֆ Բէկը եւ իր նմանները, որոնք անգամ մը եւս իրենց արիւնոտ «սխրագործութիւնները» շարունակելու չհամարձակեցան եւ տիրող անողոք կացութիւնը փոխուեցաւ։
Նիկոլ Դումանի յղացումով, ապագայ հերոսներէն Սագոն, Եփրեմը, Խաչոն, Վազգէնը եւ ուրիշներ, Վարդանի եւ Իշխան Արղութեանի ղեկավարութեան տակ, մինչեւ մահ կռուելու վճռականութեամբ երդուող երեք հարիւր հոգինոց հայ ֆէտայիներու խումբը ցոյց տուաւ բոլորին թէ հայ յեղափոխականը իր կեանքի գնով կռուելու ու յաղթելու ընդունակ եւ պատժելու կարող է։
Ցոյց տուաւ բոլորին որ հայը միայն գլուխ խոնարհելու, ջարդուելու եւ թալանուելու համար ստեղծուած չէր։
Ցոյց տուաւ որ հայն ալ գիտէ կռուիլ իր ազատութեան եւ իր արդար պահանջներուն համար։
Եւ այս բոլորին հետ, անմահն Նիկոլ Դումանի հրահանգը.
«Տղէք, վեհանձն եղէք դէպի տկարները. ձեռք չտաք կանանց եւ երեխաներուն»։
Ինչպէս երգն ալ կþըսէ։
«Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրէժխնդիր քաջ ֆետան»։
Խօսքեր բարոյական, գաղափարական, վեհ ու պանծալի խօսքեր, հայավայել ու մանաւանդ՝ խօսքեր հայ յեղափոխականը յատկանշող։
Այսպէս 1897 Յուլիս 25-ին, արշալոյսին Խանասորի լեռնադաշտի տարածքին եղող գազանային Շարաֆ Բէկի 250 վրաններուն վրայ «կարկուտ տեղաց եւ խուճապի ու սարսափի մատնեց բոլորը»։
Մինչեւ գիշեր տեւող փոխադարձ կրակը, հարիւրաւոր զոհեր խլեց թշնամիէն եւ վրանները հրդեհի տրուեցան։ Գիշերուան մութին կրակը դադրեցաւ եւ մեր տղաքը միայն 19 զոհեր տալով հեռացան։
Կռիւ մը փոքր, սակայն կռիւ մը մղուած բարձր գաղափարի մը համար։
Կռիւ մը ոչ միայն հայութեան, այլ քիւրտ բոլոր ցեղերուն մինչեւ Պոլիս կարմիր գազանին որջը ու նաեւ եւրոպական երկիրներէն ներս տարուած արձագանգ տուաւ։
Միջազգային մամուլը, մանաւանդ կատարուած եղելութեանց անդրադառնալով՝ հայ յեղափոխականներու արարքը պանծացուց։
Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, դարերով ստրուկ, լացող ու միայն աղօթքով հայը ոտկի կեցնող, իր կեանքն ու պատիւը զէնքով պաշտպանող եւ դէպի ազգային ազատութեան առաջին հերոսական քայլերէն մէկն է Խանասորը։
Ազգային յիշաշրջումի թուական մըն է ան։ Որովհետեւ համազգային դրոշ մը ունի։ Որովհետեւ կռուողներու շարքերէն ներս հայոց աշխարհի բոլոր շրջաններէն ու բոլոր դասաւորումներէն աշխարհական թէ կրօնական մարդիկ կային։
Այսօր, 108 տարիներ ետք, տակաւին կþըմբռնենք գոյութիւնը այս շքեղ գաղափարականին որ Խանասորէն ետք մեր ժողովուրդը աւլի ոգեւորեց եւ շարք մը ուրիշ պանծալի հերոսամարտեր ստեղծել կրցաւ։
Կրցաւ ստեղծել մեր հայրենիքի ազատութիւնը՝ Մայիս 28-ին։
Կրցաւ ստեղծել Փետրուար 18։
Կրցաւ մանաւանդ Արցախի ազատագրութեան հերոսական պայքարը ստեղծել։
Փա՜ռք Խանասորի վսեմ գաղափարաբանութեան։

Կ. Գ.