Մեր տօներէն ոչ մէկը ունի Վարդավառի տօնին վայելած զանգուածային բնոյթն ու գրաւչութիւնը։
Սուրբ Յարութեան տօնէն 14 շաբաթ ետք է տօնը Այլակերպման եւ Վարդավառի։
Չենք ըսեր տօնը Այլակերպման կամ Վարդավառի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ուզած է ու կ'ուզէ կրօնականը եւ ազգայինը միացնել, աւելի ճիշդ՝ ազգայնացնել ամէն ինչ։
Հազուադէպ են մեր եկեղեցական եւ ազգային տօներուն իրարմէ անջատ կատարումը։ Որովհետեւ մեր ժառանգութիւնները ունին թէ՛ ազգային եւ թէ՛ եկեղեցական բնոյթ։
Միաձոյլ տօն
Քրիստոսի Այլակերպման տօնը Հայաստանի մէջ պատշաճեցուեցաւ հայ ժողովրդական դիւցուհիներէն Աստղիկին ձօնուած Վարդավառի տօնին։
Աստղիկը, հայոց մօտ, յոյն գեղեցկուհի Աֆրոտիթի նման սիրոյ եւ գեղեցկութեան դիցուհին էր, որուն մեհեանները կը գտնուէին Աշտարակի, Վանի, Արտամետի շրջանները եւ այլուր։
Աստղիկին նուիրուած տօնակատարութիւնները կը կոչուէին Վարդավառ, որուն պաշտամունքային հանդիսութիւնները կը կատարուէին Յուլիս ամսու կիսուն։
Աստղիկ կը նկատուէր ոչ միայն գեղեցկութեան, այլ նաեւ ջուրի ու սիրոյ աստուածուհին։ Անոր նուրուած աղօթքներուն կամ բաղձանքի արտայայտութեանց մէջ, հայը կ'աղերսէր ջուր, յօգուտ իր դաշտերու եւ այգիներու ոռոգման ու մշակումին։
Վարդավառի նուիրուած գոհաբանական ելոյթները տեղի կ'ունենային գետեզրերուն եւ հոսուն ակերուն մօտ, ուր նոյն նպատակով ալ կը մատուցուէին նաեւ զոհասեղաններ։
Վարդավառը
Ստացուած բերքին եւ բարիքին փոխադարձ՝ գոհաբանական մատուցումի առիթն ու տօնն է Վարդավառը։
Վարդավառին ջրախաղեր եւ խրախճանքներ կազմակերպելը աւանդական սովորութիւն դարձած է հայ ժողովուրդին համար։
Մօտաւոր անցեալին ալ ուխտաւորներ կ'երթային Մշոյ Ս. Կարապետ վանքը, ուր տեղի կ'ունենար տօնախմբութեան յատուկ արարողակարգ։
Մեզի հինէն եկած Վարդավառի աւանդը կարելի է հետեւեալ կերպով բացատրել.
- Երբ ջրհեղեղը վերջ կը գտնէ եւ Նոյ նահապետի տապանը կանգ կ'առնէ Նախիջեւան, անմոռաց պահելու համար ջրհեղեղի աւանդը, Նոյ կը թելադրէ տղոց, որ ջուր ցօղեն եւ աղաւնիներ արձակեն։
Այսպիսով է, որ Վարդավառին, մեծ ու փոքր՝ բոլորը համախմբուելով դաշտերու եւ առուակներու ափունքներուն, տօնախմբութիւններ կատարելով եւ իրարու վրայ ջուր ցօղելով, կը յարգէին Նոյի ժամանակէն մեզի հասած աւանդը։ Ապա ծնողները՝ իրենց զաւակներու լանջքերուն ծաղկեհիւսքեր փաթթելով՝ կը փութային եկեղեցի։
Եկեղեցւոյ խորանին երկու կողմերը գտնուող գրակալներէն մէկուն վրայ կ'ըլլար Աւետարան, իսկ միւսին վրայ՝ թաս մը ջուր։
Արարողութեան աւարտին, երբ Աւետարանը համբուրելու եւ նշխարհ ստանալու համար ժամաւորները կը յառաջանային դէպի խորան, տիրացուն՝ տօնական սովորութեամբ, ձեռքին բռնած ծաղկեփունջը ջուրին թաթխելով կը ցօղէր ժամաւորներու գլխուն։
Շքեղ հագուած աղջիկներ, տունէ-տուն գալով, տնեցիներուն կը բաժնէին ծաղիկներ։
Խաշնարածները իրենց անասուններու վիզերը կը զարդարէին ծաղիկներով, իսկ հովիւները՝ խոյի մը ճակտին կարմիր լաթ եւ ծաղիկներ զետեղելով, տունէ-տուն կը շրջագայէին ու նուէրներ կը հաւաքէին։ Կը տրուէր համայնական հոգեսեղան, որուն մասնակից ամէն մէկ ընտանիք իր հետ կը բերէր գառնուկ, ուլիկ, աքլոր կամ աղաւնի։
Սովորութիւն էր բնութեան պարգեւած խնձորը ուտել Վարդավառի տօնէն ետք, ինչպէս որ խաղողը կ'ուտէին Ս. Աստուածածնայ խաղողօրհնէքէն ետք։ Մեր նախահայրերը կը հաւատային, թէ Վարդավառին բոլոր սուրբերուն վրայ լոյս մը կ'իջնէր եւ ով որ տեսնէր այդ լոյսը՝ անոր ուխտը կը կատարուէր։
Հոգեգալուստին, երկինք բարձրացած սուրբերը, լուսաւոր աստղերու երեւոյթով կ'իջնէին վար եւ ով որ անոնց իջնելը տեսնէր ու փափաք մը աղերսէր՝ անոր փափաքը կ'իրականանար։ Վարդավառի աւանդը, հետեւաբար, իր ներփակած կրօնական բնոյթէն անդին, մեր կեանքէն ներս ընտանեկան եւ ժողովրդային ուրախ ու խանդավառ տօնախմբութիւններու առիթը ընծայած է։ Սակայն աւանդական այս սովորութիւնները այսօր, պայմաններու փոփոխութեամբ, միայն որոշ չափով կ'իրագործուին կամ կը յարգուին՝ իրենց տեղը տալով նորամուտ եւ այլ կերպի սովորութիւններու, օրինակ՝ պարզապէս դաշտագնացութեանց եւ պտոյտներու, որոնք միայն որոշ չափով կը պահպանեն անցեալի տօնախմբութեանց մթնոլորտը՝ նպատակ ունենալով գէթ յիշատակել անցեալի մեր պատմական աւանդը։
Կ. Գ.
* * * * * * * * *
Այս տարի Վարդավառը իւրայատուկ ձեւով պիտի նշուի
Գառնիի եւ Գեղարդի մէջ
«tert.am».- Հայ երիտասարդներու ամենասիրելի տօներէն մէկը՝ Վարդավառը, այս տարի պիտի տօնուի իւրայատուկ ձեւով. հայ երիտասարդութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ծանօթանալու տօնի իրական արմատներուն՝ «Վարդավառ միջազգային փառատօնի» շնորհիւ: Այս փառատօնի գաղափարը կը պատկանի «Երիտասարդ ակումբներու դաշնութեան» (FYCA) նախագահ Ատոմ Մխիթարեանին, իսկ փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարը Արմէն Սարգսեանն է, որ Tert.am-ին առաւել մանրամասն ներկայացուց փառատօնը:
Արմէն Սարգսեանի խօսքով՝ փառատօնի նպատակն է երիտասարդութիւնը համախմբելով կեանքի կոչել աւանդական Վարդավառը. «Եթէ այսօր մենք հաւաքւում ենք ու ուղղակի ջուր են լցնում միմեանց վրայ կամ «սպանում ջրելով», ապա անցեալում այս ամէնն ունեցել է իր խորհուրդը: Յուլիս 27-ին փորձելու ենք կեանքի կոչել մեր մոռացուած աւանդական ծիսակարգերն ու սովորոյթները: Աշխատանքային խումբը համագործակցել է ազգագրագէտների հետ, քննարկել անցկացման առաւել յարմարաւէտ տարբերակներ»:
«Գեղարդում տօնելուց յետոյ կ'ուղեւորուենք Գառնի: Մինչեւ բուն խրախճանքը, Գառնիում նախատեսում ենք պատրաստել տաղաւարներ, որտեղ մարզից եկած մասնակիցները կը ցուցադրեն իրենց մարզի բերքն ու բարիքը, մշակոյթը, ինչպէս դարեր առաջ: Իսկ երեկոյեան թատերականացուած ներկայացման շնորհիւ հիւրերը մտովի կը տեղափոխուեն հին քաղաքակրթութիւն, կը տեսնեն թէ ինչ տօնակատարութիւններ են անցկացւել հինում: Այնտեղ ելոյթ կ'ունենան նաեւ ազգագրական երգչախմբերը», - ըսաւ Արմէն Սարգսեանը:
Երեւանէն մասնակիցներուն Գեղարդ ու Գառնի կը տեղափոխեն նախապէս վարձակալած փոխադրամիջոցներով:
Փառատօնը Եւրոպայէն պիտի հիւրընկալէ մօտ 150 երիտասարդ, որոնք հնարաւորութիւն կ'ունենան ծանօթանալու հայկական ազգային տօնի ծիսակարգին:
Նշենք, որ փառատօնը տեղի կ'ունենայ Գեղարդի եւ Գառնիի մէջ: Որքան ալ որ փառատօնի կազմակերպիչները փորձած են վերականգնել աւանդական Վարդավառը՝ առանց կրօնական արմատներու, այնուամենայնիւ, որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ միջոցառումը կը սկսի Գեղարդի մէջ՝ առաւօտեան եկեղեցական ծիսակարգով, ապա ջրօրհնէքի արարողութիւն տեղի կ'ունենայ, այնուհետեւ փոքրիկ բեմականացում կը ցուցադրուի եկեղեցւոյ բակին մէջ: