Իր աւարտին հասնելու վրայ է արտասանութիւններու աշակերտական երեկոն, զոր կոչած են «Պտոյտ Մը Հայ Քնարերգութեան Մէջ»։ Որպէս եզրափակիչ տեսարան, անհատական ասմունքներուն պիտի հետեւի 15 պատանիներու խմբային կատարումը։
Բոլորը բեմ կը բարձրանան, կիսակլոր շարուած՝ պարիսպի դիրք կ’առնեն ու աչքերը հեռու ներյառած կ’արտասանեն Վահան Տէրեանի ոգեշունչ ստեղծագործութիւնը.
«Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի արջի ցեղերին»
«Մեր երկիրը աւերուած բայց սուրբ է եւ հին...»
Արտասանութիւնը երբ հասնի 11-րդ երկտողին, ուշադրութիւն կը գրաւէ բառ մը. փիւնիկ։
«Որպէս Փիւնիկ, կրակից կ’ելնես, կ’ելնես նոր»
«գեղեցկութեամբ ու փառքով վառ ու լուսաւոր»։
Ստուգաբանութիւնը կը նկատէ, թէ առաջին անգամ չէ որ հայ բանաստեղծութիւնը «փիւնիկ»ը կը գործածէ որպէս հայ ազգը խորհրդանշող թռչուն։ Ապա անոր միտքը հաճելի թռիչք մը կ’առնէ գտնելու համար այդ «անմահ» թռչունին բոյնը՝ ծննդավայրը։
Արեւմտեան լեզուներու phoenix թռչունն է փիւնիկը, հին լեզուներէն փոխառութիւն մը, որուն նախորդներն են Հին ֆրասնսերէն fenix, Միջնադարեան Լատիներէն phenix, Լատիներէն phoenix եւ Յունարէն phoinix բառերը։ Ան Արա բիստանի դիցաբանական թռչունն է, որ 500 տարի ապրելէ ետք, կը թռչի Եգիպտոս, կը բարձրանայ դէպի արեւ, կրակ կ’առնէ ու իր ամբողջ փառքով ու գեղեցկութեամբ կը վերածնի իր մոխիրներէն։ Ձայնաւորներ գրեթէ չունեցող եգիպտական լեզուին մէջ անոր անունն էր «bjnw», որ բառացիօրէն կը նշանակէ «կարմիր, մանիշակագոյն կարմիր»։
Այս բառէն ծնած են «փիւնիկ»ին այլ իմաստները. կարմիր գոյնի անունը, փիւնիկ պտուղը, որ մանիշակագոյն-կարմիր է, Փիւնիկիա երկիրը ու այդ երկրին բնակիչները՝ փիւնիկեցիները, ինչպէս նաեւ՝ կիթառի նմանող նուագարան մը, որ հնարուած է փիւնիկեցիներուն կողմէ։ Յայտնի չէ, -եւ զանազան վարկածներու ծնունդ տուած է- թէ թռչո՞ւնն է, որ իր անունը «կարմիր»էն առած է, թէ հակառակը։ Ամենայնդէպս, փիւնիկը իր բոլոր պատկերացումներուն մէջ անվառ կարմիր բոցերու մէջ է։ Փոխադրելով այդ նկարը հայ ազգի պատմութեան, դժուար չէ տեսնել «Որպէս Փիւնիկ» նմանութիւնը։ Մեր պարագային թէեւ 500 տարի պէտք չէ եղած սպասել, որ նոր փիւնիկ մը ծնի. ահա ամէն քանի մը տասնամեակին ծնունդ առած հայկական «փիւնիկ»ները։ «Փիւնիկ». Ազգային գրական ու քաղաքական շաբաթաթերթ, լոյս տեսած 1899-1903 թուականներուն Եգիպտոսի մէջ, ապա Պոլսոյ մէջ։ Այս թերթն էր, որ բողոքած է Արեւմտահայաստանի մէջ կատարուած հարստահարութիւններուն դէմ։
«Փիւնիկ». Գրական, գեղարուեստական ամսաթերթ, լոյս տեսած 1918-20 թուականներուն Պոսթոնի մէջ։ Յետ-պատերազմեան շրջանին, այս թերթի շնորհիւ է որ լոյս տեսան Զ. Եսայեանի, Կ. Զարեանի, Կ. Սիտալի, Համաստեղի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները։ «Փիւնիկ». Գրական, գեղարուեստական տարեգիրք, 1958-1961 թուականներուն լոյս տեսած Եթովպիոյ մէջ։
Այս թերթը նպաստած է գաղութին ազգային ինքնութեան պահպանման եւ մայր հայրենիքի հետ կապին։ «Փիւնիկ». Հասարակական, քաղաքական եւ գրական շաբաթաթերթ, 1979-1983ին լոյս տեսած Թեհրանի մէջ։
Սրահին մէջ, աշակերտներուն աստիճանաբար բարձրացած ձայնը կրկին իր վրայ կը հրաւիրէ բոլոր ուշադրութիւնները։
Անոնք կուրծքերնին շունչով լեցուած, հասած են 12րդ ու վերջին երկտողին.
«Արիացիր սիրտ իմ ե՛լ հաւատով տոկուն»
«Կանգնի՛ր հպարտ, որպէս Լոյս Լեռն է մեր կանգուն»։
Նորայր Տատուրեան