Ազգային անկախութեան - եւ ոչ միայն պետական - նուաճման պատասխանատուութիւնը չենք ստանձներ, բազմագոյն տեղատուութիւններու հետեւանքով: Միթէ՞ բացատրութեան կը կարօտի, որ ազգային անկախութեան համար կան խորքային խնդիրներ, որպէսզի ազգը ըլլայ շարունակութիւն, եւ չշփոթուի հողամասի մը վրայ ստեղծուած պետութեան տնտեսական ինքնավարութեան հետ, ինչ որ արդէն անկարելի է ներկայ ժամանակաշրջանին:
Մէկ հատիկ հայօրէն ընդունելի պատճառ պէտք է տալ, հայերէնը խճողող գրական, հրապարակագրական եւ խօսակցական օտար բառերու եւ օտարաբանութիւններու ներկայութիւնը արդարացնելու համար: Կան բացառիկ հայ բժիշկներ, որոնք հայերէն կը գրեն եւ կը խօսին, գործածելով իրենց արուեստին վերաբերող հայերէն բառերը: Միւսները իրենց աղքատի պնակը բացած են ֆրանսերէնի, անգլերէնի, ռուսերէնի, արաբերէնի առջեւ: Ափսո՜ս Հայ բժիշկներու միութիւններ կան, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ գիտութիւններու կաճառ: Չկա՞ն համադրող ազգային իրաւ գիտակցութեամբ իմաստուն մը, իմաստուններ, հաստատութիւններ, որ նախաձեռնեն բառարանի մը կազմութեան, եւ անոր ուղիին վրայ սկսին գործածել այդ արուեստի բառերը: Այնքա՜ն «օտարացած» են այդ բառերը, որ առարկողներ պիտի ըլլան, որ «չեն հասկնար», ի հարկէ ե՛ւ բժիշկները իրենք, ե՛ւ հիւանդները: Եթէ սորված են եւ կը հասկնան բոլոր միւս լեզուներով ըսուող այդ բառերը, ինչո՞ւ կարելի պիտի չըլլայ սորվիլ, հասկնալ եւ ըսել հայերէն:
Բժշկագիտութիւնը՝ օրինակ մը: Նոյնը կարելի է ըսել քաղաքականութեան, գրականութեան, առեւտուրի, տնտեսութեան, ճարտարարուեստի, արուեստներու եւ այլ կալուածներու պարագային: Տնանկի ինքնութիւնը հայու ինքնութիւն չÿըլլար: Եթէ հայերէն բառը գործածենք, նուա՞զ բանգէտ կÿըլլանք:
Հատոր կարելի է լեցնել հայերէնը աղճատող օտար բառերով եւ օտարաբանութիւններով: Կը նշանակէ, որ մեր բոլորի թուլամորթի կեցուածքով, եւ անպատասխանատուութեամբ, յաճախ նաեւ ցուցամոլիկութեամբ, կը կորսնցնենք ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ, քանի որ ազգային ինքնութիւնը կը փոխարինենք նոր եւ տարբեր ինքնութեամբ մը, որ հարազատի շարունակութիւնը չէ, ԱՅԼ է: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովէն մինչեւ բազմագոյն կուսակցութիւնները եւ միութիւնները, ղեկավարութիւնները, եկեղեցական վարչութիւնները, գրողները եւ գիտնականները, զանգուածային լրատուամիջոցները, այս ԽՆԴԻՐը սրտամօտ կը համարե՞ն: Ցաւ ի սիրտ, պէտք է ըսել՝ ո՛չ: Ի հարկէ կան ազնիւ եւ ազնուական բացառութիւններ: Եւ կան միւսները, որոնք իրենց անգիտութիւնը եւ օտարամոլութիւնը ազգին պարտադրած են որպէս ազգային քաղաքականութիւն եւ յառաջդիմութեան գրաւական, մանաւանդ երբ տիրացած են հռչակի, կամ զանազան ձեւերով՝ ինքնաշնորհուած իրաւունքներու:
Հարց պէտք է տալ, անկեղծութեան պահու մը, թէ ի՞նչ կ’ուզենք պահել, ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու համար, ո՞ւր հասցնելու՝ դեռ որպէս հայ համարուող հաւաքականութիւնները: «Ծագումով հայ» ըլլալու քաղաքացիական վիճակը ոչ հեռուէն եւ ոչ մօտէն կÿառնչուի հայկական ինքնութեան: «Զգացումով հայ» ըլլալ, «հայասէր» ըլլալ, թրքացած անուններով հայկական համարուած ճաշերը սիրել, ո՛չ հեռուէն եւ ո՛չ մօտէն կ’առընչուին հայկական ինքնութեան:
Այլազան ՎԵՐԱՆԳՆՈՒՄներու շարքին, որոնց մասին այնքա՜ն առատաբան ենք, ինչո՞ւ չդասել հոգեկան եւ ոգեկան իրաւ ինքնութեան վերականգնումի խնդիրը: Ինչո՞ւ չենք դասեր: Միթէ կը սարսափի՞նք նորատեսակ «նոմենքլաթուրա»յին դրութիւնը խախտելէ: Եւ զարմանալի է, որ հանրային կարծիք առաջնորդող մտաւորականութիւն եւ մամուլ, այս խորքային խնդիրը անմիջական եւ էական չեն համարեր: Իսկ հանրային կարծիքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը խրի պատշաճեցման եւ օտարամոլութեան ճահիճին մէջ, լաւ ապրելու եւ յաջողելու անզսպելի դարձած կիրքով, այդ ճամբուն վրայ ընելով այնպէս, որ ծածկուի տարբերութիւնը:
Այս ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի առաջադրանքը ինչպէ՞ս հասցնել իւրաքանչիւրին՝ իր յարկին տակ, ինչպէ՞ս դարձնել անկեղծիք յանձնառութիւն: Իրաւ ղեկավարութիւնը պէտք է պատասխանէ այս հարցումին, ոչ միայն խօսքով: Մտաւորականութեան կողմէ լուսաբանուած հանրային կարծիքը, այդ տրուած պատասխանով պէտք է դատէ ղեկավարութիւնները:
Եթէ խորքային վերականգնումը տեղի չունենայ, փորձենք մենք մեզ երեւակայել հարիւր տարի վերջ գալիք մեր կացութեան հետ: Որպէսզի յոռեգոյնը չստեղծուի, երկինքէն խնձոր պիտի չիյնայ, հրաշք պիտի չպատահի: Այդ հրաշքը պիտի բխի ազգի հարազատութեան հաւատացողներէն, որոնք պիտի յանդգնին ընդդէմ տեղատուութեան ասպետներուն:
Յաճախ կը յիշեմ ֆրանսացի բանաստեղծը, բոլորին ծանօթ Վիքթոր Հիւկոն, որ կը գրէր. «Կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին»...:
Այդ «կարմիր գլխարկ»ը պիտի ուզե՞նք, պիտի կարենա՞նք դնել լճացումներու եւ տեղատուութիւններու վրայ, որպէսզի ինքնանպատակ դարձած «էսթէպլիշմընթ»ը, հին եւ նոր «նոմանքլաթուրա»ն, ազգային հարազատութեան ուղին այլեւս չխափանեն:
Փորձենք մենք մեզ երեւակայել հարիւր տարի վերջ գալիք մեր կացութեան հետ: Պճեղ մը իրատեսութիւն զոհողութիւն չի պահանջեր, պերճանք չէ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ