Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Յոյն-Ուղղափառ Եկեղեցւոյ աստուածա-բանական «Վոլօ-Ակադեմիայի միացեալ նախաձեռնութեամբ, Յունաստանի հիւսիսային Վոլօ ծովեզերեայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ խորհրդաժողով մը (Յունիս 20էն 23),
որուն գլխաւոր նիւթն էր «Քրիստոնեաները Պաղեստինի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ - Կամուրջներու կառուցումը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հինին եւ Նորին միջեւ»:
Խորհրդաժողովը յատկապէս պատրաստուած զեկոյցներու եւ վկայութիւններու քննարկման հաւաք մըն էր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եկեղե- ցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մաս կազմող գլխաւոր եկեղեցիներէն հոգեւորական թէ աշխարհական ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ եւ մտաւորականներ:
Խորհրդաժողովի ծրագրման եւ կազմակերպման պատասխանատուներն էին՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ծրագրումներու Գործադիր բաժանմունքը Միշէլ Նսէյր եւ Վոլօ Ակադեմիայի տնօրէն Փանթելիս Քալայծիտիս: Իսկ ժողովի ուշագրաւ մասնակիցներու կարգին էին Լիբանանի Տեղեկատուութեան նախորդ նախարար Թարէք Միթրի, Ուաշինկթընի, Մոսկուայի եւ Վատիկանի մօտ Պաղեստինեան ինքնավար պետութեան նախկին դեսպան Աֆիֆ Սաֆիէ եւ Յորդանանի խորհրդարանի նախկին անդամ Աուտէ Քավուաս:
Խորհրդաժողովը ունեցաւ երեք հայ մասնակիցներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ եւ «Քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ» նիւթով վկայութիւն տուաւ Նազարէթ Պէրպէրեան: Իրաքէն Սեւան Նազարէթ Սանքրիմ վկայութիւն տուաւ «Քրիստոնեաները Իրաքի մէջ» նիւթով: Խորհրդաժողովին եզրափակիչ նիստը վարեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ծրագրումներու Գործադիր բաժանմունքէն Քարլա Խիժոյեան:
Խորհրդաժողովի զեկոյցներն ու քննարկումները կեդրոնացան Պաղեստինի օրինակին վրայ՝ ընդհանուր նիւթը մասնաւորելով «Քրիստոնեաները գրաւման տակ» պարագայով: Պաղեստինի օրինակին վրայ կեդրոնացման հիմք ծառայեց 2009ին պաղեստինցի քրիստոնեաներուն կողմէ մշակուած եւ “Kairos Palestine” անունով հռչակուած Սկզբունքներու Յայտարարագիրը, որ Քրիստոնեայ-Իսլամ եւ Քրիստոնեայ-Յուդայականութիւն-Իսլամ Երկխօսութեան ծիրէն ներս կը շեշտէ Պաղեստինի ամբողջական ազատագրութեան կարեւորութիւնը Քրիստոնեայ Հաւատքին լիիրաւ պահպանման եւ զարգացման համար:
Խորհրդաժողովի քննարկումներուն վրայ իր շեշտակի մթնոլորտը պարտադրեց այսպէս կոչուած «Արաբական Գարուն»ը, որ Թունուզէն մինչեւ Եգիպտոս ու Սուրիա, իր առաջացուցած ժողովրդային բողոքի պոռթկումներով, ինչպէս նաեւ «Քաղաքական Իսլամութեան» բազմերես դրսեւորումներով, ընդհանրապէս կը շեշտէ բազմակողմանի քննարկման եւ խորազնին արժեւորման անհրաժեշտութիւնը: Հաստատելով հանդերձ՝ որ, իբրեւ արաբական աշխարհի անբաժան մասնիկներ, քրիստոնեայ եկեղեցիներն ու հաւատացեալները դժուարութիւն չունին «Կրօնական Իսլամութեան» հետ երկխօսութիւնը զարգացնելու մարզին մէջ, խորհրդաժողովի մասնակիցները իրենց զեկոյցներուն եւ վկայութեանց մէջ շեշտեցին, որ այսօրուան Միջին Արեւելքի մէջ բոլորն ալ, քրիստոնեայ թէ իսլամ, կը դիմագրաւեն արմատական եւ ծայրայեղական՝ կրօնամոլ շարժումներէ եկած բազմազան դժուարութիւններ: Միջին Արեւելքի տարածքին նորովի շեշտուած է վտանգը՝ աշխարհիկ եւ բազմատարր (Pluralist) կարգերը փոխարինելու Իսլամական Կրօնքի օրէնքներով կառավարուող պետականութեամբ ու միատարր այլամերժութեամբ: Յատկապէս քրիստոնեայ եկեղեցիները կ’ապրին խոր մտահոգութիւնը Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու նոր արտագաղթի մը, որուն առաջքը առնելու հրամայականը Վոլոյի խորհրդաժողովին դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրը նկատուեցաւ: