Անցեալներս պատահմամբ հանդիպեցայ Գուրգէնին: Գուրգէնը «Ազատ Օր»ի ցրուիչներէն է: Մեր երկարամեայ բարեկամութենէն  օգտուելով՝ հարցուցի նախ առողջութեան, ապա թերթի ցրւումի մասին:
- Գործս բաւական դժուարացեր է ընկեր: Ոմանք կը կարծեն, թէ ցրուիչութիւնը դիւրին գործ է, բայց կը սխալին: Ցրուիչ ըլլալը, նա մանաւանդ հայկական օրաթերթի մը ցրուիչ ըլլալը հաւատայ, որ բնաւ դիւրին գործ չէ:


- Ինչո՞ւ համար:
- Նախ եւ առաջ պէտք է, որ ամառ-ձմեռ, տաքին ու ցուրտին, արեւին կամ անձրեւին, ժամը-ժամուն թերթը բաժնես: Յետոյ պէտք է, որ ամէն բաժանորդի, ասանկ ըսուած «ջուրերուն հետ» քալես: Բաժանորդ մը թերթը կանուխ կ՝ուզէ, ուրիշ մը կÿուզէ, որ թերթը շիտակ ծալլուած ըլլայ, երրորդ մը՝ որ շէնքի մը չորրորդ յարկը կը բնակի, դժբախտաբար առանց ասանսերի, կը պահանջէ, որ թերթը իր ոտքերուն տակ տանիս: Վերջապէս կան նաեւ անոնք, որոնք կÿուզեն պաղ անձրեւոտ օրով իրենց տան դրան սեմին սպասես, մինչեւ որ իրենք մօտդ գան ու թերթը առնեն: Հաւատայ, որ շատ անգամ ջղայնութենէս             կատակելով կը հարցնեմ.- «կ՝ուզէի՞ք արդեօք, որ թերթը ես կարդամ ձեզի»... ասոր  վրայ կա՛մ կը                խնդան, եթէ անշուշտ կատակասէր են, կամ ալ ինձմէ կը նեղանան:
- Գոնէ գանձումները կանոնաւոր կ՝ընե՞ս,- կը հարցնեմ Գուրգէնին:
- Անշո՛ւշտ... չես կրնար երեւակայել, թէ ի՜նչ կը քաշեմ գանձումի ժամանակ: Բոլորն ալ գիտեն, թէ գանձումի օրն է եւ սակայն, հազուագիւտ բացառութիւններէ զատ, երբե՛ք պատրաստ չեն ըլլար վճարելու: Օրինակի համար, գանձումի օրը, իմ ամենաքաղցր ժպիտովս զինուած, կը մօտենամ ընթերցողներուն տունը կամ խանութը, ստացագիրը տալու եւ բաժանորդագինը ստանալու համար:
- Հրամմեցէք ձեր ստացագիրը,- կ՝ըսեմ անուշութեամբ:
- Կը ներես  եա, բայց այս վայրկեանին վրաս բնաւ դրամ չունիմ: Թող մնայ, գալ շաբաթ կը վճարեմ:
«Գալ շաբաթ» կ՝երթամ եւ այն ատեն է, որ վէճը կը սկսի:
¬ Եղբայր, ինչո՞ւ ասանկ կ՝ընես կոր որ... դրամդ պիտի չուտենք եա. վերջապէս շուկային մէջ անուն մըն ալ ունինք...
Իրեն կը ջանամ բացատրել, որ ինքն էր առաջարկողը, ըսելով որ «գալ շաբաթ կը  վճարեմ». անօգուտ, չի համոզուիր եւ ասանկով մեր միջեւ սրտնեղութիւն կ՝ըլլայ:
- Ընթերցողները կը փնտռե՞ն «Ազատ Օր»ը:
- Այո՛: Այս մէկը հաստատեցի քանի մը անգամ: Վերջինը քանի մը շաբաթ առաջ էր: Ընթերցող մը, կէս լուրջ-կէս կատակ ըսաւ, որ եթէ թերթը հրատարակուելէ դադրի, գաղութը թէեւ պիտի զրկուի հայկական օրաթերթէ մը, սակայն ինքը պիտի ազատի տարեկան «լուրջ» ծախսէ մը: Քեզի կը վստահեցնեմ, որ նոյն այդ ընթերցողը, եթէ օր մը թերթը լոյս չի տեսնէ, յաջորդ օրը գլուխս կÿարդուկէ՝ ըսելով, որ  «թերթը կը սպասենք, սակայն օրը-օրին թերթը չենք ստանար»:
Գուրգենը պահ մը լռեց ու ապա ըսաւ.- «տակաւին բաւական պատմութիւններ կան, բայց կարճ  կապեմ, որովհետեւ պէտք է, որ այս բոլոր թերթերը այսօ՛ր բաժնեմ»:
Նկատեցի, որ պայուսակը լեփ-լեցուն էր ցրուելիք թերթերով: Համբերութիւն մաղթեցի ընկերոջս եւ, հրաժեշտ առնելով իրմէ, շարունակեցի ճամբաս՝ բոլորովին համոզուած ըլլալով, թէ հայ օրաթերթի մը ցրուիչը եւս, ամէն օր, իր խաչը կրած կը բարձրանայ իր Գողգոթան:

ՄԻՆՍԱՐ