Հայկական պարբերականները ունին ընդհանուր առանձնայատկութիւններ. բազմաթիւ պարբերականներու թղթապանակներուն մէջ տեղ կը գտնէ «նոր ժամանակաշրջան» արտայայտութիւնը: Պարբերականներու հրատարակումը գրաքննութեան, տնտեսական ճգնաժամերու,  այլ հրապարակումներու հետ միաւորուելու, քաղաքը փոխելու եւ նմանատիպ պատճառներով դադրած է, սակայն որոշ ժամանակ ետք նորէն սկսած են լոյս տեսնել:  Ընդհանուր առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ ժամանակ առ ժամանակ «յատուկ համար» լոյս ընծայելն է:


«Ազդարարի» Ճանապարհորդութիւն սիւնակը եւս կարճ ժամանակով դադար տուաւ՝ «Առաջիկայ շաբաթ` «նոր ժամանակաշրջանում», ձեզ հետ հանդիպելու ենք  նոր ֆորմատով» ակնկալիքով:
Մօտ մէկ ամիս է՝ ողջ աշխարհի հայեացքը ուղղուած է Եգիպտոս: «Ակօս»ի էջերուն մէջ կարող էք տեղեկութիւններ գտնել Եգիպտոսի եւ հայերի մասին: «Ազդարարի» Ճանապարհորդութիւն սիւնակի այս շաբաթուայ «յատուկ համարի» նիւթն ալ Եգիպտոսի հայկական պարբերականներն են:
1865-1980 թթ. Եգիպտոսի մէջ լոյս տեսաւ շուրջ 121 հայերէն պարբերական, որմէ 83-ը՝ Գահիրէի մէջ, 138-ը՝ Ալեքսանդրիոյ մէջ: 2003 թ. դրութեամբ այս թիւը հասաւ 160-ի: Եգիպտոսի հայկական պարբերականները, այնպէս, ինչպէս բարեգործական կազմակերպութիւններու, ինչպէս  նաեւ գրական ու արուեստի  հրապարակումները, սոցիալ-քաղաքական օրաթերթերը, տարեգիրքերը, դպրոցական թերթերն ու ամսագրերը, երգիծական թերթերն ու ամսագրերը, երիտասարդական ու քաղաքական կուսակցութիւններու տպագիր օրկանները, կարելի է քննել՝ բաժնելով մի քանի խումբերու:
Ընդհանրապէս Եգիպտոսի հայկական պարբերականները կարճ կեանք ունեցած են: Պարբերականներու հիմնական մասը մէկ-երկու տարին դեռ չլրացած դադրած է լոյս տեսնելէ, սակայն անոնց շարքին մէջ  կան պարբերականներ, որոնք 100-ամեայ պատմութիւն ունին: 2003 թ. դրութեամբ անոնցմէ 3-ը կը շարունակէին լոյս տեսնել: Եգիպտոսի հայկական պարբերականներուն հետ մէկտեղ հրատարակուած են հարիւրաւոր գրական եւ պատմական բովանդակութեամբ հայերէն  գիրքեր: Բաւարարուինք տեղեկացնելով, որ հայոց պատմութեան բնագաւառին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները կարեւոր են, եւ Եգիպտոսի մէջ բոլոր այս հրապարակումներուն համապատասխան տպագրութիւն իրականացած  է:
Անհնար է բոլոր այս պարբերականներուն ծանօթանալ այս յօդուածի ծիրէն ներս, ուստի ներկայացնենք տարբեր բնագաւառներու մէջ առաջատար պարբերականներէ  փոքրիկ ընտրանի մը…
Արմաւէնի- Եգիպտոսի առաջին հայկական պարբերականը: Բանասիրական ամսագիր է, որը լոյս տեսաւ 1865 թ. Գահիրէի մէջ, 4 համարով:
Նեղոս- Լոյս ընծայեց Անտոն Ռշտունին 1889 թ. Ալեքսանտրիայի մէջ՝ որպէս շաբաթաթերթ:
Արտեմիս- Ընտանեկան ամսագիր, որը լոյս տեսաւ 1902-1903 թթ.: 20-րդ դարու հայ կանանց տպագիր օրկանն է:
Ազատ Բեմ-Լոյս ընծայուեցաւ Ալեքսանտրիայի մէջ 1903 թ.՝ վերակազմաւորուած Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ:
Գրասէր- 1904-1905 թթ. լոյս տեսաւԱլեքսանտրիայի մէջ՝ որպէս «Գրքասէրներու միութեան» ամիսը  երկու անգամ լոյս տեսնող հանդէս:
Շիրակ-Գրական եւ սոցիալական ամսագիր, որը սկսած է հրատարակուիլ 1905 թ. Ալեքսանտրիայի մէջ: 1906 թ. տեղափոխուած է Գահիրէ, իսկ 1909 թ.` Կ. Պոլիս: Այնպիսի յայտնի գրողներ, ինչպէս են Վահան Թէքէյեանն ու Արփիար Արփիարեանը, եղած են այս հանդեէսի խմբագրերը:
Թերթիկ-Հրատարակուած է 1906 թ. Երուանդ Օտեանի եւ Երուանդ Անդրէասեանի կողմէ՝ որպէս օրաթերթ:
Մտրակ-Տպագրուած է 1908 թ. Բարսեղ Շահբազի կողմէ. ամսուայ մէջ երկու անգամ լոյս տեսնող քաղաքական եւ գրական հանդէս:
Աւել-Ամսուայ մէջ 2 անգամ պարբերականութեամբ լոյս տեսնող երգիծական հանդէս: 1908 թ. հրատարակուած է Գահիրէի մէջ, իսկ 1914-1918 թթ.՝ Կ. Պոլսոյ մէջ:
Միութիւն-Հրատարակուած է 1912 թ. Գահիրէի մէջ, 1928 թ. տեղափոխուած է Փարիզ, իսկ 1947-1962 թթ. Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսաւ մէկամսեայ եւ երկամսեայ պարբերականութեամբ:
Յուսաբեր-Լոյս տեսաւ 1913 թ. Գահիրէի մէջ: 1923 թ. դարձած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան տպագիր օրկանը:
Եգիպտահայ տարեցոյց - Լոյս տեսաւ 1914 թ. Գահիրէի մէջ: 1917 թ. տեղափոխուեցաւ Գահիրէ, իսկ 1926թ. դադրեցաւ հրատարակուիլ: Ամբողջութեամբ ութ հատոր լոյս տեսած է:
Արեւ- 1915 թ. տպագրուած է Ալեքսանտրիայի մէջ, իսկ 1924 թ. յետոյ՝ Գահիրէի մէջ: Մինչեւ օրս կը շարունակուի լոյս տեսնէ որպէս Ռամկավար կուսակցութեան Եգիպտոսի շրջանի տպագիր օրկան:
Սաւառնակ- Քաղաքական եւ երգիծական թերթ, որը հրատարակուած է 1919-1971 թթ. Գահիրէի մէջ Երուանդ Մըսըրեանի կողմէ:
Հայկական սինեմա - Երգիծական շաբաթաթերթ, որը հրատարակուած է 1925-1926 թթ. Գահիրէի մէջ: Այս շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը ստանձնած են յայտնի երգիծաբաններ Ալեքսանդ Սարուխանը եւ Երուանդ Օտեանը:
Արաքս-Հրատարակուած է 1925-1965 թթ. Ալեքսանտրիայի մէջ: Սկզբանական շրջանին եղած է «Զարթօնք» ուսանողական միութեան պարբերականը:
Փունջ-Հրատարակուած է 1925 թ. Ալեքսանտրիայի մէջ, իսկ 1925-1946 թթ.՝ Գահիրէի մէջ՝ որպէս մանկական հանդէս, երկշաբաթեայ պարբերականութեամբ:
Ջահակիր-Լոյս տեսաւ 1948 թ. Գահիրէի մէջ՝ որպէս գրական եւ սոցիալական հանդէս: Կը շարունակուի տպագրուիլ նաեւ մեր օրերուն:

Զաքարիա Միլտանօղլու