«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Յոգնութեան խնդիր
(
Բ.)

Երբ Սփիւռքահայ կամ Հայաստանի հայաշխարհին մէջ սկսայ իմ համեստ տեղն ունենալ որպէս հայ գրող ու հայ թերթի խմբագիր, ճամբորդութիւններուս ձեւն ու բովանդակութիւնը փոխուեցաւ: Հիմա հոսկէ հոնկէ հրաւէրներ կը ստանայի որպէսզի սա կամ նա գաղութը այցելէի, սա կամ նա նիւթին մասին խօսէի, ազգային գետնի վրայ նշանակալից հանդիպումներ ունենայի, այլ խօսքով ծանօթանայի ու ծանօթացնէի: Եթէ նախորդ զբօսաշրջական ճամբորդութիւններուս ընթացքին օդակայանը ո՛չ մէկը կը դիմաւորէր զիս, հիմա խումբերով ու իրենց ձեռքին մէջ ծաղկեփունջով զիս դիմաւորելու համար օդակայան կուգային հայ մարդիկ որոնք կրնային ծանօթ կամ անծանօթ ըլլալ, որոնց հետ սակայն կարծես տասնամեակներէ ի վեր եղբայրական կապեր ունեցած էինք: Հանդիպումները կը սկսէին տակաւին առաջին վայրկեանէն, մամլոյ ասուլիսներ, մտաւորականներու հետ հանդիպումներ, թերթերու խմբագրատուն այցելութիւն, ազգային հիմնարկներու կեդրոններուն մէջ հանդիսութիւններ, ընդհանրապէս Պոլսահայ գրականութեան կամ համայնքային կեանքի մասին բանախօսութիւններ: Եւ զիս հրաւիրողներու, դիմաւորողներու, ինծի հետ հանդիպում ունեցողներու հետ անվերջանալի խօսակցութիւններ, հարմցումներ ու պատասխաններ, կարծիքի փոխանակումներ: Տարիներու ընթացքին այս այցելութիւնները այնքան խտացան, այնքան լեցուեցան, որ օրեր շարունակ հինգ վայրկեան պարապ ժամանակ չունէի այլեւս: Բայց բացարձակապէս գանգատող չէի: Հրաշալի էր հայ մարդոց հետ հանդիպումը: Հրաշալի էր ամենուրեք տեսնել թէ քեզ ալ կը ճանչնային, քու ալ գործերը կարդացած էին, քեզ իրենց մէջ տեսնելն ալ երջանկութիւն ու պատիւ կը համարէին: Օրերը կը լեցուէին հաճելի խօսակ- ցութիւններով, հոս հոն կը տանէին-կը բերէին զիս: Այս բոլորին մէջ մէկ հատ իսկ զբօսաշրջական տեսարժան վայր չկար: Թանգարան չկար: Քաղաքի շրջապտոյտ  չկար: Այս վերջինները արդէն զիս չէին շահագրգռեր այլեւս: Հայ կեանքն էր որ կը լեցնէր օրերս ու կÿերջանկացնէր զիս: Ամէն ինչ աննկարագրելիօրէն լաւ էր ինծի համար: Ուրիշ մէկը թերեւս պիտի ձանձնրանար ու  պիտի ճաթէր նմանօրինակ այսքան շատ եւ իրերայաջորդ հանդիպումներու կշռոյթին դիմաց: Բայց ես ուրիշ ոչինչ կը փնտռէի եթէ ոչ այդ կշռոյթը: Ասիկա ընտրութիւն մըն ալ չէր, պարտադրութիւն մըն էր: Եւ այդ պարտադրութիւնը ինծի մտածել կուտար որ իմ պարտականութիւններէս մէկը ա՛յս էր եւ ասիկա բնաւ ալ ձանձնրացուցիչ չէր: Միայն թէ հոս ալ հարց մը կար: Յոգնութեան խնդիրը...:
Աստուած իմ, կարելի չէ պատկերացնել կամ նկարագրել թէ որքան կը յոգնէի այս հանդիպումներէն, մանաւանդ կատարուած խօսակցութիւններէն: Տրուած ըլլալով որ ընդհանրապէս ե՛ս էի խօսողը թէ՛ որպէս հարցազրոյցի ենթարկուած մարդ, թէ՛ բացատրութիւններ տալու կոչուած ազգային գործիչ, թէ՛ որպէս բանախօս կամ խմբագիր, այցելութեանս տակաւին երկրորդ օրը կը զգայի որ այլեւս կզակս կը ցաւէր խօսելէ ու հարցումներու պատասխանելէ: Ո՛չ մէկը կրնայ հաւատալ եթէ ըսեմ որ կուգայ ժամանակ մը երբ մարդ այլեւս կզակը չի կրնար բանալ, չի կրնար երկու բառ արտասանել յոգնութեան հետեւանքով: Սա վերջին տասը, քսան տարիներու ընթացքին քանի քանի անգամներ զգացած եմ կզակի այդ յոգնութիւնը, քանի քանի անգամներ զիս հրաւիրող սիրելի բարեկամներէ խնդրած եմ որ զիս հիւրանոց տանին ու արտօնեն որ երկու ժամ հանգչիմ, պուտ մը քնանամ, կզակս գոնէ երկու ժամ անշարժացնեմ: Բայց երկու ժամն իսկ շատ եկած է: Մէկ ժամ վերջ սկսած եմ զգալ որ պատրաստ էի նոր մեկնումներու, նոր հանդիպումներու: Եւ ասիկա խաբէական զգացում էր: Յոգնութիւնը այն չէր որ այդպէս կէս ժամէն, մէկ ժամէն պիտի անցնէր: Արդարեւ տասը վայրկեան վերջ կÿանդրադառնայի որ ոչ, հանգչած, յոգնութիւնս ամբողջովին թօթափած չէի: Ասիկա տարիքի հետ ալ կապ չունէր: Կապ ունէր իմ խանդավառութեան հետ: Ես իսկապէս շատ խանդավառ էի ինծի սպասող, զիս իր մէջ առնել ուզող հայ կեանքէ: Այնքան խանդավառ էի որ կզակիս ահաւոր յոգնութիւնն իսկ չէր արգիլեր որ կէս ժամուան, մէկ ժամուան բանախօսութիւն սարքէի անպաշտօն կամ պաշտօնական կերպով: Անկասկած բաւական ալ շատախօս էի: Ինծի հետ գործ ունեցողներն ալ, անկեղծօրէն կամ քաղաքավարօրէն յայտնի կը դարձնէին որ շատ կը սիրէին զիս խօսեցնել, զիս լսել, զիս աւելի մօտէն ճանչնալ: Ամենուրեք նախկին պոլսահայեր գուրգուրանքով կը շրջապատէին զիս, իրենց կեդրոնատեղիներուն մէջ ինծի ի պատիւ հաւաքոյթներ կը կազմակերպէին: Գիտէի որ ատիկա միայն ինծի յատուկ չէր: Ամէնուն կÿընէր նոյն պատիւը, ամէնուն հանդէպ ցոյց կուտային նոյն սիրալիր միասնութիւնը: Բայց այդ վայրկեանին ե՛ս էի կեդրոնը, ուստի ե՛ս էի յոգնողը: Եւ այդ յոգնութիւնը կը մեռցնէր զիս: Հիւրամեծարներուս կÿամչնայի ըսելու որ կզակս կը ցաւէր խօսելէ: Եթէ ըսէի, վստահաբար վրաս պիտի խնդային: Այդ կերպով խոստովանած պիտի ըլլայի թէ շատախօս մըն էի: Ուստի կը ստէի, շուրջիններուս կÿըսէի որ քիչ մը գլուխս կը ցաւի, կարծես քիչ մը ջերմ ունիմ, թերեւս արեան ճնշումս քիչ մը բարձրացած է, կÿերեւի թէ գլխու թեթեւ պտոյտ մը ունիմ: Ասիկա ամէնէն ազդեցիկն էր, որովհետեւ իմ ազնիւ հիւրամեծարներս կզակի յոգնութենէս չէին վախնար, բայց կը վախնային արեան ճնշումիս բարձրանալէն:



(Երրորդ մասը յաջորդիւ) 
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան

(Յուշատետր - 71)