«Նիկոլ Աղբալեան» հայոց դպրոցի
աշակերտ ենք մենք իրեն արժանի»
քայլերգը կ'երգեն Ուշիի վարժարանի աշակերտները

Ուշին Արագածոտն մարզի գեղատեսիլ գիւղերէն  մէկն է, որ կը գտնուի Աշտարակ քաղաքին մօտերը, Արագած լեռան լանջերուն տարածուած, Երեւանէն ոչ շատ հեռու:

Արեւմտահայ պապենական մեծ հայրերէ կազմուած գիւղ մըն է ան: Եւ այս մէկը նշմարելի է տեղացիներու գործածած բառապաշարէն ու ապրելակերպէն: Վանեցիի, Մշեցիի, Ալաշկերտցիի եւ այլ շրջաններէ, ժամանակին հոս հաստատուած տեղահանուածներու զաւակներ ու թոռներ շատ կան մեր գիւղին մէջ: Տարեցներուն հետ խօսիլը եւ հին օրերը յիշելը հետաքրքրական է ինծի համար: Իրենց մեծ պապերուն հայրենական ծննդավայրը միշտ ներկայ է իրենց արտայատութիւններուն մէջ:
Գիւղը, հիւսիսային կողմէն շրջապատող բլրան գագաթին կը գտնուի Սուրբ Սարգիս հնադարեան վանքը, որ երկար տարիներէ ի վեր քանդուած ու կիսաւեր մնացած է ու ներկայիս որպէս ուխտատեղի կը ծառայէ տեղացի որոշ հաւատացեալներուն, նոյնիսկ հարեւան գիւղերու բնակիչներուն համար:
Տարիներ առաջ, Շահէն Աճէմեան բարձրաստիճան կղերականը, աստուածահաճոյ գաղափարը ունեցած էր, հոն, վանքի շրջապատին պեղումներ կատարելու, նոր կառոյցներ յայտնաբերելու, հնաբոյր կառոյցներ, ու ապագային, պատմական ու կրօնական արժէք ունեցող այս եզակի վանքը վերաշինելու:  Դժբախտաբար անսպասելի վախճան մը ունեցաւ Սրբազան հայրը ու իր սկսած այս պատմանուէր գործը, մնաց, ու դեռ կը մնայ անաւարտ: Ամէն անգամ երբ վանք կը բարձրանամ ու շուրջս կը զննեմ, կարծես  հոն դիզուած սրբահամբոյր քարերը կը խօսին ինծի...: Ինչ կ՛ըսեն անոնք, Աստուած գիտէ միայն:
Ուշի գիւղին մէջ հին ժամանակներէն ի վեր եկեղեցի գոյութիւն չէ ունեցած: Այս մէկը զգալի է ներկայ ուշեցիներու հասարակական կամ ընկերային ապրելակերպէն: Մեր գիւղին մէջ քահանայի ներկայութիւնը, նոյնիսկ նշանտուքի, պսակադրութեան, թաղման եւ այլ արարողութեանց, անտեսանելի է: Մարդիկ, իրենց մօտիկ գտնուող գիւղերէն քահանայ կանչելու մասին չեն մտածեր անգամ: Իրենց մտքէն իսկ չ՛անցնիր: Անոնք, կրօնական մօտեցումով տարբեր կեանք մը կ՛ապրին, որ այնքան ալ տարօրինակ չի թուիր իրենց: Անկեղծ ըսելով, զանազան ընտանիքներուն մէջ, վերջերս, այս ուղղութեամբ դրական փոփոխութիւններ կը նշմարեմ:
Դպրոցը, որ երկրորդականի մակարդակով է (միջնակարգ, կ՛ըսեն հոս) երկու հարիւր քսան աշակերտ ունի, եւ երկու տարի է, որ մեծ մտաւորական ու անուանի քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի անունը կը կրէ, դպրոցի հիմնօրէն նորոգուած հանդիսասրահը Լեւոն Շանթի, իսկ վերջնական ձեւի մտցուած գրադարանը Համաստեղի անունով անուանուած է:
Մենք, որպէս ուշացած ուշեցիներ, ջանք չենք խնայեր, որ ազգային շունչը, ոգին ու մեր պատմական ու մշակութային փառաւոր անցեալն ու մեր ներկան, անպակաս ըլլան անոր վերանորոգուած շէնքէն ներս:
Երկու տարիներու ընթացքին, դպրոցէն ներս, կազմակերպեցինք գրական ու պատմական բովանդակութեամբ հանդիսութիւններ, բարձր դասարաններու աշակերտներու մասնակցութեամբ ու տնօրինութեան եւ ուսուցիչներու պասրաստակամ օժանդակութեամբ:
Աշակերտները, ներկայիս, ամբողջութեամբ քաջածանօթ են Նիկոլ Աղբալեանին, Լեւոն Շանթին, Համաստեղին, Ապրիլ քսանըչորսին, Մայիս քսանութին, Սեպտեմբեր քսանըմէկին եւ այլ պատմական թուականներու եւ գրական անձերու մասին: Մեր ազգային ու յեղափոխական խանդավառիչ երգերն ու քերթու-ածները միշտ ներկայ են դպրոցի հանդիսութիւններուն մէջ: Համաստեղին նուիրուած յաջող հանդիսութիւնը, նոյն յայտագրով, աշակերտները զայն ներկայացուցին նաեւ Երեւանին մէջ, Հայաստանի գրողներու տան մեծ դահլիճին մէջ, եւ իրենց հովանաւորութեամբ:
Գալիք տարիներու ընթացքին կը ծրագրենք նոյնանման ձեռնարկներու թիւը բազմապատկել ու զանոնք աւելի ճոխացնել:
Վերոյիշեալ հանդիսութիւններու եւ այլ առիթներով դպրոց առաջնորդած ենք Սփիւռքէն ու Երեւանէն մեր բնակարանը այցելութեան եկող բարեկամներ ու երբեմն ալ մեզի անծանօթ հիւրեր: (Այս մէկն ալ ուրիշ յուզիչ պատմութիւն է: «Հորիզոն»ի, «Մարմարա»յի եւ «Ազատ Օր»ի մէջ լոյս տեսնող, Ուշիի մէջ մեր ապրած կեանքի մասին Էլիզին գրած օրագիրները կարդալով, անոնք, Պոլսէն, Մոնթրէալէն, Փարիզէն, Կիպրոսէն եւ այլ քաղաքներէ, անպայման ուզած են Ուշի գիւղը այցելել ու մեր ապրած կեանքը տեսնել: Անշուշտ  նաեւ դպրոցն ու «մեր» երեխաները: «Ցնցիչ ու տպաւորիչ պատմութիւն Սփիւռքի», պիտի ըսէր, իր տիկնոջ հետ Ուշի այցելած ընկերս, Կարօ Արմէնեան):

      

 

Պոլիսէն Ուշի եկած «Մարմարա» թերթի խմբագիրներ Ռոպեր Հատտէճեան եւ Մաքրուհի Յակոբեան

Ուշիի դպրոցը այցելած ու աշակերտութեան իրենց խօսքը փոխանցած են Սփիւռքէն ու Երեւանէն մտաւորականներ ու գրողներ, ինչպէս Ռոպէր Հատտէճեանը (Պոլիս), Մաքրուհի Յակոբեանը (Պոլիս), Կարօ Արմէնեան (Ա.Մ.Ն.), Վրէժ¨Արմէն Արթինեանը (Մոնթրէալէն), Համաստեղին աղջիկը Լուսիկ Կելէնեանը, (Պոսթընէն), Վեհանոյշ Թեքեանը (Նիւ Ճըրզիէն), իսկ Երեւանէն, Լեւոն Անանեանը, Լիլիթ Գալստեանը, Աւիկ Իսահակեանը, Մարգարիտ Խաչատրեանը, Նիկոլ Աղբալեանին թոռը, Ռոպէր Ամիրխանեանը, Գրիգոր Ջանիկեանը, Յովիկ Յովէեանը, Դաւիթ Մուրատեանը, Երեւանի պետական համալսարանի Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչական ներկայացուցիչները, Դաւիթ Սարգսեանը, Արշակը ու գրական եւ հասարակական կեանքին մէջ աշխատող այլ անձնաւորութիւններ:
Դպրոցը այցելողներէն բոլորն ալ, հոն կատարուած գործին ծանօթանալէ եւ աշակերտութեան հետ հանդիպումներ ունենալէ ետք, հրաժեշտ կ՛առնեն անկէ, յուսալի ու խանդաավառ տրամադրութիւններով:
Դպրոցը անցեալին ունեցած է, եւ ունի տակաւին, առաջնակարգ ¥հոս կը կոչուին գերազանցիկ¤ աշակերտներ, որոնք ամէն տարի պետական քննութիւն- ներուն մասնակցելով կը մտնեն Երեւանի պետական համալսարանը, իրենց նախասիրած ասպարէզներուն մէջ հմտանալու: Ներկայիս տասնեակ մը համալսարանական ուսանողներ ունի Ուշին, որոնք ամէն օր Երեւան կ՛երթան ուսանելու: «Մեր» երեխաներէն, մեր ընկերոջ Վալդերի զաւակը Արման, որ երկու տարի առաջ աւարտեց մեր դպրոցը, համալսարանական է ներկայիս Երեւանին մէջ եւ  մարմնամշակութային  (ֆիզկուլտուրայ) ճիւղին մէջ կ՛ուսանի:
Դպրոցի ներկայ տնօրէնը, փոխ տնօրէնը, ինչպէս նաեւ գիտական, լեզուական, պատմական ու գրական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներէն ոմանք, այս դպրոցը աւարտած են ու ապա դասաւանդելու ուսում ստացած: Այս դպրոցէն շրջանաւարտ են նաեւ գիւղապետարանի եւ պետական այլ պաշտօններ վարող երկսեռ անձնաւորութիւններ ու այլազան ասպարէզներուն մէջ մասնագիտացած գործավարժ (փրոֆէշընըլ) մարդիկ:
Աշակերտները իրենց արտադպրոցական զբաղումներու կարգին ունին նաեւ իրենց ոտնագնդակի խումբը, որ տարին քանի մը անգամ կը մրցի հարեւան գիւղերու դպրոցներու ունեցած խումբերուն հետ:  Այրերէ կազմուած ոտնագնդակի խումբ ունի եւ կարգ մը մրցումներ կը կազմակերպէ նաեւ, դպրոցի անձնակազմը:
Ունին սակառագնդախաղի (պասգէթպոլ) խումբ մը, որ առայժմ փորձեր կը կատարէ միայն, իրենց ունեցած ոչ այնքան ալ ցանկալի փակ մարզադաշտին մէջ:
Դպրոցի ունեցած ուրիշ կարգ մը վայրերուն պէս, այս գործածական փակ մարզասրահն ալ նորոգութիւններու անհրաժեշտութեան մէջ է: Դպրոցը այցելող, ինծի ծանօթ սփիւռքահայ ընկերներ, երբ մարզասրահին ունեցած անմխիթար վիճակը տեսան, անոր բարենորոգման համար, երբ Գանատա վերադառնան, խոստացան նպատակայարմար աշխատանք տանիլ:
Հոս, որպէս այս գիւղին ու մանաւանդ մեր դպրոցին բարենորոգման համար  տարուած աշխատանքներուն անմիջական միջոց, առիթը կը տրուի ինծի մամուլով իմ խորազգաց շնորհակալութիւններս յայտնելու Ուշի այցելութեան եկող իմ բոլոր ընկերներուս ու հարազատներուս անխտիր, որոնք ինքնայօժար կերպով կ՛օժանդակեն մեզի, Ուշիի մէջ մեր ծրագրած ու կատարած հայանպաստ աշխատանքներուն շուտափոյթ իրականացման համար: Ես կ՛ակնկալեմ ու վստահութիւն ունիմ ապագային վրայ...:
Դպրոցի հանդիսութիւններէն մէկուն մէջ, երբ խանդավառութիւնս հասած էր իր բարձրունքին, այդ գիշեր, որպէս դպրոցի քայլերգ մտայղացայ հետեւեալը, որ նոյնութեամբ ընդունուեցաւ տնօրինութեան կողմէ եւ որուն եղանակաւորումը յանձն առաւ գրել, (ու գրած է կարծեմ), անուանի երաժշտագէտ ու երգահան Ռոպէր Ամիրխանեանը, որ քառասուն տարիէ աւելի առանձնատուն մը ունի Ուշիին մէջ ու ամէն առիթով հոս կու գայ հանգստանալու եւ նորութիւններ ստեղծագործելու:
Աշակերտները բառացի կերպով գոց (անգիր) սորված են զայն: Հիմա կը սպասեն երաժշտութեան, որպէսզի ամէն հանդիսութեան յայտագրի սկիզբը, միաձայն երգեն զայն, մեր ազգային ոգերգէն ետք:
Հոս, Հայաստանին մէջ ու ամէն տեղ, հայ դպրոցին, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, օժանդակելը եւ աշակերտներուն պէտք եղած հոգատարութիւն ցոյց տալը, մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ ու նուիրական նպատակ դարձած է միշտ ու այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որքան որ Աստուած կեանք տայ մեզի:
Մեր ժողովրդի ու հայրենիքի գոյատեւման նկատմամբ, մենք խորապէս կը հաւատանք ազգային դաստիարակութեան ունեցած ազգաշէն, տոկուն ու անփոխարինելի բարերար ազդեցութեան վրայ:
Մեր ազգին փրկութիւնը, ազգային շունչով ու ոգիով  դասաւանդող հայ դպրոցէն պիտի գայ:
Ու ասիկա ամէն տեղ:
Հաւատացէ՜ք:   

Մարգար Շարապխանեան

Երեւանի մէջ Համաստեղի նուիրուած ձեռնարկին
որ Ուշիի աշակերտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ, խօսք ուղղեց
ընկ. Մարգար Շարապխանեանը

Մեր Ուխտը

Սուրբ Սարգիս վանքի ու Արագածի
Լանջերուն փռուած գիւղին մէջ Ուշի,
Մենք կ՛ապրինք խաղաղ կառչած մեր հողին
Զաւակներն ենք մենք մեր հերոս ազգին

«Նիկոլ Աղբալեան» հայոց դպրոցի
Աշակերտ ենք մենք իրեն արժանի,
Ու կ՛ուզենք դառնալ իրեն պէս խոկուն,
Իրեն պէս հպարտ սիրենք մեր լեզուն:

Ամէն առաւօտ երբ մենք կ՛արթննանք
Արարատ լեռան կը նայինք հպարտ,
Եւ կ՛ուխտենք ըլլալ իր նման տոկուն
Որպէսզի օր մը զայն բերենք մենք տուն:   

Մեծ ուրախութեամբ մենք դպրոց կ՛երթանք
Որպէսզի ուսման մէջ ետ չմնանք,
Ու երբ որ մեծնանք լաւ հայեր մնանք
Ու մեր դպրոցին միշտ կողքին ըլլանք:

Մարգար Շարապխանեան
Ուշի