«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:


Յոգնութեան խնդիր
Ա.

Օր մը խմբագրատան մէջ գլխաւոր օգնականուհիիս հետ կը խօսակցէինք զանազան նիւթերու մասին: Խօսք եղաւ դէպի ուրիշ երկիրներ տրուած այցելութիւններուն մասին: Ըսի.
- Ես ճամբորդութիւնը շատ կը սիրեմ:
Օգնականուհիս խնդալ սկսաւ:
- Ինչո՞ւ կը խնդաս, հարցուցի:
Ան աշխատեցաւ զսպել իր խնդուքը եւ պատասխանեց.
- Ո՞վ չի սիրեր ճամբորդութիւնը:
Օգնականուհիս քաղաքավարօրէն խուսափեցաւ աւելին ըսելէ, բայց անշուշտ ան այդ պահուն իմ վրաս խնդացած էր, որովհետեւ ծիծաղաշարժ գտած էր իմ այն յաւակնութիւնը թէ ես ճամբորդելը շատ կը սիրեմ: Աշխարհի վրայ կա՞ր արդեօք մէկը որ ճամբորդութիւնը չսիրէր, հաճոյք չզգար ուրիշ երկիրներն ալ տեսնելէ եւ պտըտելէ:
Ես ձայն չհանեցի, նոյնիսկ ես զիս մեղադրեցի որ այդքան միամիտ բան ըսած, ամէնուն պատկանող յատկութիւն մը միայն ինծի վերագրած էի: Մինչդեռ իմ ըսածը այդքան ալ միամիտ խօսք չէր: Ես թէեւ խօսած էի ճամբորդելու մասին, բայց իմ ակնարկածը մասնաւո՛ր տեսակէ ճամբորդութիւն մըն էր, զբօսաշրջական այն սովորական շրջապտոյտը չէ՛ր որուն մասին ամէն մարդ կը մտածէ երբ կÿարտա- սանուի «ճամբորդութիւն» բառը: Մնաց որ ուրիշ հարց մըն ալ կար: Եթէ հարցուէր ինծի թէ կա՞յ արդեօք մէկը որ ճամբորդութիւն չսիրէ, պիտի պատասխանէի.
- Այո՛, կայ:
Ամէն անգամ որ կը խօսուի այս նիւթին մասին, ես միշտ կը յիշեմ որ լուսահոգի հայրս, աւելի քան ութսուն տարուան իր կեանքին մէջ գրեթէ բնաւ չուզեց արտասահման ելլել, չուզեց զբօսաշրջական պտոյտ ընել: Չէր սիրեր, կը նախընտրէր ապրիլ իր ամենօրեայ ու մնայուն շրջանակին մէջ: Ես կը հաւատամ որ երկրագունտին վրայ շատեր կան, որոնք շատ ալ չեն ախորժիր օտար ափերու վրայ պտըտելէ, կամ կը վախնան օտար ափերու վրայ պտըտելէ:
Այո՛, լուսահոգի հօրս ապրած օրերէն մինչեւ այսօր այս մարզին մէջ շատ բան փոխուած է: Հիմա զբօսաշրջութիւնը մանրուք դրամի նման ամէնուն տրամադրութեան տակ է: Ընկերութիւններու կողմէ կազմակերպեալ պտոյտները դիւրացուցած ու հաճելի դարձուցած են ամէնէն դժուար իրագործելի ճամբորդութիւններն իսկ, երկինքը լեցուած է աշխարհի ամէն կողմը երթեւեկող եւ զբօսաշրջիկ փոխադրող օդանաւերով, երկիրները աւելի թափ տուած են զբօսաշրջական քարոզչութիւններու, եւ ամէնէն կարեւորը, հիմա այլեւս աւելի մեծ թիւով մարդիկ օտար լեզու մը կրնան խօսիլ եւ իրենց խնդիրը կրնան բացատրել օտար երկրի մը մէջ: Եւ տակաւին կայ ամէնէն կարեւորը: Լուսահոգի հօրս ապրած շրջանին արձակուրդ ըսուածը մարդու իրաւունքներուն մաս չէր կազմեր: Հիմա մարդու իրաւունք է, օրէնքով երաշխաւորուած է: Ամէն պաշտօնեայ ու աշխատաւոր չեմ գիտեր քանի օր վճարովի արձակուրդի իրաւունք ունի: Եւ հիմա ամէն մարդ արձակուրդ ըսելով կը հասկնայ զբօսաշրջական շրջապտոյտ: Մարդիկ տարին տասնըմէկ ամիս կÿաշխատին ու այդ տասնըմէկ ամիսներու ընթացքին կÿերազեն թէ դէպի ուր պիտի ճամբորդեն տասնըերկրորդ ամսուան ընթացքին: Այս բոլորը ճիշդ են եւ բնականաբար գլխաւոր օնգականուհիս ճիշդ ալ այս իրողութեան կÿակնկալէր, երբ կը խնդար իմ նախադասութեան վրայ:
Մինչդեռ այն ճամբորդութիւնը որուն համար կÿըսէի թէ ես շատ կը սիրեմ, այս տեսակի զբօսաշրջական սովորական ճամբորդութիւն չէր: Իմ սիրածը այն ճամբորդութիւնն էր զոր կը կատարէի դէպի ո՛չ թէ տեսարժան վայրեր, այլ դէպի տեսարժան դէմքեր, տեսարժան մարդիկ: Եւ բնականաբար հա՛յ մարդիկ: Եթէ կը սիրէի Փարիզ երթալ, ատիկա կը սիրէի ոչ թէ Լուվրի թանգարանը այցելելու, Էյֆէլի աշտարակ բարձրանալու, Շան զÿ Էլիզէի պողոտային վրայ շրջելու, կամ Փիկալի զբօսարաններուն մէջ զուարճանալու համար, այլ որպէսզի երթայի հայ թերթերու խմբագրատուներն ու հայկական կազմակերպութիւններու կեդրոննները, ասուլիսներ ունենայի հայկական կեանքի կազմակերպիչներուն հետ, բանախօսութիւններ սարքէի ազգային հարցերու մասին, ընթացք տայի հայկական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հրաւէրներուն, պատարագ մտիկ ընէի օտար ափերու վրայ հիմնուած Հայաստանեայց Եկեղեցիներու մէջ, ծանօթանայի հայ կեանքի գործիչներու հետ, սեղմէի ձեռքերը հայ գրականութեան յայտնի կամ անյայտ մշակներու, անոնց ծանօթացնէի Պոլսահայ գրականութիւնը, եւ դեռ այսպիսի բաներ:
Երիտասարդութեանս շրջանին անտարակոյս ես ալ կնոջս հետ շատ տեղ տեսած եմ, ես ալ բարձրացած եմ Էյֆէլի աշտարակէն, նայած եմ Լուվրի թանգարանի գանձերուն, ման եկած եմ Փիկալի հրապարակին վրայ կամ նստած եմ Մոնմարթի մտաւորականներու սրճարաններուն մէջ, տեսած եմ ամէնէն նշանաւոր թանգարանները Իտալիոյ ու Սպանիոյ մէջ, վայելած եմ ամբողջ Րիվիէրայի գեղեցկութիւնը: Ասոնք զբօսաշրջական պտոյտներ էին, որոնց ընթացքին հայերու հետ հանդիպում չունէինք: Եթէ Պարսէլոնայի մէջ փողոցը պատահմամբ ծանօթացած էինք հայ դերձակի մը հետ, ատիկա արդէն արձանագրութեան արժանի բացառիկ պատահար էր: Բոլոր այդ երկիրներուն մէջ հայերը զիս չէին ճանչնար, իմ ներկայութենէն լուր չունէին, ներկայութիւնս արդէն կարեւոր չէր, ես ալ անոնց հետ գործ չունէի:
Բայց կամաց կամաց ամէն ինչ փոխուեցաւ: Եւ ինծի համար փոխուեցաւ նաեւ ճամբորդութեան ձեւը: Միայն թէ հարց մը կար: Եւ ...


(Բ. մասը յաջորդիւ)

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - (Յուշատետր - 71)