(Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան առիթով)

Նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանի եւ հովանաւորութեամբ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի  Շրջանային Վարչութեան, Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 85ամեակի ծիրէն ներս, Կիրակի 4 Մարտ 2012ի առաւօտեան, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ,

1958: Գոքինիոյ մասնաճիւղի վոլէյ պոլի խումբը

յաւարտ ս. պատարագի, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի մասնաճիւղէն ներս ծառայած հանգուցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յիշատակին, իսկ Շաբաթ, 10 Մարտին, տեղի պիտի ունենայ հրապարակային հանդիսութիւն մը, «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներուն մէջ եւ ի վերջոյ Կիրակի 11 Մարտին, կրկին կեդրոնի մարզադաշտին վրայ՝ մարզական խաղեր, ապա ճաշկերոյթ:

Վերոյիշեալ հանդիսութիւնները կուգան ըսելու մեզի, որ յունահայ գաղութէն ներս ազգային դերակատարութեան կոչուած միութիւն մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որուն գոյութիւնը երաշխիքն է մեր ժողովուրդի կենսունակութեան:
85 տարի համակ ծառայութիւն...
Գաղութի հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, աւելի քան 85 տարիներու երկար ու դժուարին կեանքի վերելքը կուգայ առաւել եւս կայտառ ու կենսունակ պահելու մարզական եւ սկաուտական այս միութիւնը, որուն հիմնադրութեան 85ամեակի հանդիսութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:
Իր ժամանակին Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութիւնը հրամայական կարիքի մը արդիւնք էր, որ ծնունդ առաւ մեր ժողովուրդի տառապագին երկունքէն: Հ.Մ.Ը.Մ. պատմութենէն եկաւ բայց չմնաց պատմութեան էջերուն մէջ: Չեղաւ լուսանցքային կազմակերպութիւն մը, այլ իր գործօն դերակատարութիւնը ունեցաւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր պատրաստութեան գործին մէջ, երբ ու-րիշներ հազիւ կեանքի կոչուած, հեռացան պատմութեան թատերաբեմէն: Հ.Մ.Ը.Մ. իր պատմութեան ընթացքին սերունդներ դաստիարակեց, սերունդներու հոգածու հայր դարձաւ ու այդ սերունդները, «կամաւոր բանակ»ները պատրաստեց այսօրուայ հայրենիքին, երազ Հայաստանին համար: Այս եղաւ իր իտէալը, այս եղաւ իր նպատակը:

1944: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ոտնագնդակի խումբը
85 երկար տարիներ մեզ կը բաժնեն այն թուականէն, երբ հաւատաւոր ու նուիրեալ քանի մը Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներու ճամբով, Գոքինիոյ մեր շրջանէն ներս, համեստ, գուցէ եւ անհրապոյր պայմաններու տակ հիմը կը դրուէր Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Անտարակոյս, որ ոչ տեղը, վայրը կամ սենեակը այնքան հետաքրքրական էր հիմնադիր ժողովի անդամներուն համար, որքան նպատակը եւ ոգին, հիմը դնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութեան մը: Ու այնուհետեւ ժամանակի եւ պայմաններու ներած չափով, Հ.Մ.Ը.Մ. տակաւ առ տակաւ պիտի մեծնար, պիտի տարածուէր ու պիտի դառնար կարեւորութիւն ներկայացնող ուժ եւ ազդակ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի շնորհիւ էր, որ հայ պատանին արդէն իսկ կազմաւորուած մուտք պիտի գործէր ազգային մեր կեանքէն ներս ու պիտի դառնար պիտանի եւ օգտակար տարր մը ապագայ միութենական կեանքէն ներս: Գոքինիոյ շրջանէն ներս յատկապէս, անցնող 85 տարիներու ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ. պարզ դիտողի մէջ չմնաց, այլ եղաւ գործօն դերակատարութիւն ունեցող միութիւն մը, իր մարզական եւ սկաուտական շարքերով, իր ամբողջ կառոյցով:
Կրնանք անվերապահօրէն հաստատել, որ միութեան մը «ամեակ»ները առիթներ են վերաքննութեան եւ վերատեսութեան ենթարկելու միութեան մը կտրած ճամբան ու նորանոր ծրագիրներով նոր ճամբայ հարթելու դէպի ապագայ:
Արդարեւ, անցնող 85 տարիները Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար եղան անսակարկ ծառայութեան երկար շղթայ մը:
85 տարի իր հաւատաւոր ու նուիրեալ հիմնադիրներու ճամբով, Հ.Մ.Ը.Մ. սերունդներ դաստիարակեց ու կրթեց, սերունդներ պատրաստեց, տալով անոնց իր լաւագոյնը:
85 տարի Հ.Մ.Ը.Մ. իր վեթերան սկաուտներու ու աւագ խմբապետներու ճամբով յաջորդական սերունդներուն փոխանցեց ոգի, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ոգի, «միշտ պատրաստ» ծառայելու ազգին ու հայրենիքին:
85 տարի Հ.Մ.Ը.Մ. իր նշանակին ու նշանաբանին միջոցաւ սերունդներու հոգիներուն մէջ դրոշմեց ազատ ու անկախ Հայաստանի երազը, տեսիլքը՝ յաւերժախօս Արարատին եւ ձիւնապատ Մասիսին:
Եւ վերջապէս 85 տարի Հ.Մ.Ը.Մ. շնորհիւ իր սկաուտ խմբապետներու եւ խմբապետուհիներու, դարձաւ «շրջուն Հայաստան», իր կազմակերպած սկաուտական արշաւներով, բանակումներով, հաւաքոյթներով ու ժողովներով:
«Հ.Մ.Ը.Մ.ը գտանք անապատի աւազներէն, ըսած է գրագէտը, աճիւնացած սերունդի մը երկունքէն ծնած, որպէս կոչ ու պատգամ, հրաւէր վերապրումի եւ ուղեցոյց նոր խիզախումներու եւ ճախրանքի. անոր մէջ փնտռեցինք վերելքներ նուաճելու ոգեկան ուժը եւ ...գտանք»: Ի՞նչ է այդ ուժը, եթէ ոչ ապրելու եւ գոյատեւելու մեր ժողովուրդի կամքը:
Եւ արդարեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը թատերագիր մը չգրեց:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը գրեցին անոնք, որոնք Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած ու տեսիլքով լեցուած հաւատացին հայ ժողովուրդի անմահութեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը գրեցին հաւատաւոր ու նուիրեալ ռահվիրաները:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը գրեցին աւագ սկաուտ խմբապետներն ու խմբապետուհիները, մասնաճիւղերու խմբապետներն ու աքելաները:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը գրեցին մարզական եւ սկաուտական շարքերէն ներս գործող հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները:
Եւ վերջապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը գրեց ինք, հայ ժողովուրդը, իր արիւնով ու արցունքով, իր փառքով ու յաղթանակներով, իր խիզախումներով ու պայքարով:
Այսօր, ուր որ ալ գտնուիք Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներ, հոս թէ անդի աշխարհը, իջէ՛ք երկինքէն ու ընկերացէ՛ք մեզի, որպէսզի քալենք հաստատ գետնի վրայ ու վստահութեամբ ու ձեր շունչով զինուած ու հաւատքով կռանուած, շարունակենք հայութեան ու հայրենիքին ծառայելու մեր դարաւոր ուխտը:
85ամեակը թող նոր ուղիներ բանայ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի գործունէութեան ապագայ կեանքին մէջ, ի խնդիր միութեան փայլուն ծրագիրներու իրականացման:
Փա՜ռք ու յաւէտ յարգանք բոլոր անոնց, որոնք եկան օղակ առ օղակ կռանելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի տասնամեակներու կեանքի շղթան, հայութեան ու անոր արդարապահանջ իրաւունքներու ձեռքբերման վերջնական յաղթանակը դարբնելու: Հայո՛ւ յաղթանակը:
Պատի՛ւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու իր պատուական զաւակներուն:


* * * * * * * *

Ստորեւ յիշողութեան ճամբով կ'արձանագրենք անունները Հ.Մ.Ը.Մ.ական հանգուցեալ այն եղբայրներուն, որոնք անցնող տասնամեակներու ընթացքին անձնուիրաբար եկան ու գործեցին յատկապէս Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական ու մարզական շարքերէն ներս ու յաւէտ բաժնուեցան մեզմէ: Անոնք թէեւ այսօր մեզի հետ չեն, բայց անոնց անմոռանալի յիշատակը ու անմեռ ոգին կը սաւառնի մեր գլուխներուն վրայ ու վառ կը մնայ մեր հոգիներուն խորը, որպէս խթան նոյն նուիրումով շարունակելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի վսեմ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Կարպիս Տէր Մեսրոպեան
Լեւոն Խաչատուրեան
Պարոյր Զանիկեան,
Յարութիւն Փափազեան
Ժիրայր Աղազարեան
Կարօ Եզեկիէլեան
Եդուարդ Սափրիչեան
Մովսէս Տինկոյեան
Մուշեղ Պարոնեան
Յարութիւն Գնաճեան
Կարպիս Տէմիրճեան
Խորէն Ապաճեան
Համբարձում Շանկայեան
Յովակիմ Տօնիկեան
Թագւոր Ներսէսեան
Գրիգոր Մովսէսեան
Աբրահամ Արապեան
Պօղոս-Ճիմի-Ասիպեան
Պաղտիկ Սըլտրեան
Անասթ. Քուքուտաքի (մօրմէ հայ)
Կարօ Մինասեան
Յովհաննէս եւ Գառնիկ 
Ժամկոչեաններ
Յակոբ Մսըրեան
Սեդրակ Փոսթաճեան
Պերճ Գիզիրեան
Յարութիւն Այանեան
Նազարէթ Կէօվպաշեան
Թորոս Ասիպեան
Յովհաննէս Եզեկիէլեան
Յարութիւն եւ Աւետիս 
Մխիկեաններ
Վահագն Փաթթուքեան
Միսաք Չիֆթճեան
Միքայէլ եւ Գառնիկ 
 Եէմէնէճեաններ
Յակոբ Հաճիաբրահամեան

ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ