Մեր թերթի գործակից Մարգար Շարապխանեան հինգ մասերէ բաղկացած իր յօդուածաշարքին մէջ կ'անդրադառնայ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին:
Ստորեւ կը հրատարակենք շարքի Դ. մասը:


«ԽՕՍՔԸ ԱՌԱՆՑ ԳՈՐԾԻ ՄԵՌԵԱԼ Է»
(Հայաստանի ներկայ իրավիճակի մասին)

«Տակաւին չենք.
կը յուսանք ըլլալ»
Պասգալ


Դ.

Հաւաքական ճիգերով աշխատիլ:
 Այս հայրենափրկիչ զգացումը խորունկ քաղաքացիականութիւն ունենալ կը պարտադրէ ամէն հայու: Զգացում մը, որ ներկայ մեր հաւաքական գոյութեան մէջ, դժբախտաբար, անբաւարար երեւոյթ մը կը ներկայացնէ, հակառակ մեր արտայայտած հայրենասիրական խօսքերուն: Ցարդ, ըլլայ Հայաստանին մէջ եւ ըլլայ Սփիւռքին, շատ խօսուած է ու շատ գրուած  անմահն Չարենցի մեզի կտակած                 փրկարար պատգամի մասին, « Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժին մէջ է», խօսուած ու կրկնուած է միայն, առանց անոր ներփակած սրբազան պատուէրին ի նպաստ գործնական աշխատանք կատարելու: Ինքզինքնիս կը խաբենք եւ ճշմարտութիւնները չենք ընդունիր այնպէս ինչպէս որ կը ներկայանան մեզի: Դիմացի կողմը միշտ յանցաւոր նկատած ենք, դարձուածքներու մէջ ի զուր դեգերած ենք, անհիմն ու երբեմն անիրաւ խօսքեր ըսած ենք ժողովրդին ու զինք անստոյգ ճամբաներու մէջ առաջնորդած: 
Եօթանասուն տարի քաշքշուելէ ու ժողովուրդին ապրած դժուարութիւններէն ետք, համայնավար միահեծան  համակարգը «մասամբ» մը քանդուեցաւ, (հոս մասամբ բառը դիտմամբ չակերտներու մէջ առած եմ: Հասկցողին շատ բարեւ), բայց նախքան իր փլուզումը, Հայաստանի վրայ անոր հեծած այդ տարիներու ընթացքին, մեր ժողովուրդի ազգային նկարագիրն ու հայրենիքին եւ կեանքին հանդէպ իր ունեցած զգացումներն ու դիրքորոշումները, (ո՛չ բոլորին մէջ, անշուշտ), պէտք է ընդունինք, թէ որոշ այլասերումներու ենթարկուած էին արդէն: Ներկայիս Հայաստանին մէջ, ես կը զգամ ու յաճախ ականատես կը դառնամ պատահած այդ այլասերումներուն:
Բարեբախտաբար այդ դժուար տարիներուն, ազգային շունչ, ոգի եւ իրենց բարոյական նկարագիրը պահող մարդիկ կային ժողովուրդին ու պետական կարգ մը շրջանակներուն մէջ: Իրաւ հայրենասէր մարդիկ, որոնք տոկացին, ապրեցան ու կառուցեցին յիշատակելի ու անմոռանալի շէնքեր, ինչպէս նաեւ պատմական յուշահամալիրներ, յատկապէս Երեւանին ու պատմական նշանակութիւն ունեցող կարգ մը վայրերուն մէջ, ինչպէս Մատենադարանը, Օփերան, Երեւանի կեդրոնական ու եզակի հրապարակը եւ  զինք եզերող փառահեղ, տպաւորիչ ու պատմական արժէք ներկայացնող  շէնքերը, Ծիծեռնակաբերդը, Սարդարապատը, եւայլն... եւայլն... ինչպէս նաեւ ազգային նկարագիր ու հերոսութիւն մարմնաւորող եւ հիացում պատճառող շարք մը արձաններ: Բոլորն  ալ, մեզ տիրապետողներուն աչքին, յանդգնութիւն ու մանաւանդ քաղաքական ճարպիկութիւն ցոյց տուող հայ ղեկավարութեան մտքին ու հոգիին  արդիւնք: Ես կը կարծեմ, որ այդ ազգայնաշունչ ղեկավարները, որոնք սակաւաթիւ են անշուշտ, պէտք է պետական յարգանքի ենթարկուին: Ըստ իմ կարդացածներուս եւ լսածներուս, յիշելու համար մէկը միայն, Գրիգոր Արտեմի Յարութիւնեանն է, որ Վրաստանէն եկաւ մեզի եւ մեր կեանքի տակնուվրայ տարիներուն, ¥հազար իննըհարիւր երեսունեօթէն մինչեւ հազար իննըհարիւր յիսոուներեք¤, 16 տարի, ղեկավարեց Սովետական Հայաստանը իր հաւատացած ձեւով: Վերեւը յիշած շէնքերէն ոմանք իր տարիներուն կառուցուած են: Իր կեանքի վերջին տարիներուն, իր ցոյց տուած ազգային գործունէութեան պատճառաւ, մոլեռանդ ու նախանձով լեցուած հայ համայնավարները անվայել կերպով պաշտօնազըրկեցին զինք ու մոռացութեան տուին իր անունը: Սովետական Հայաստանին կողմէ անտեսուած ու վարկաբեկուած, ան  մահացաւ Թիֆլիսի մէջ, հազարիննըհարիւր յիսունեօթը թուականին:  Ու վերջ... մինչեւ օրս: Այս մէկն ալ ուրիշ ցաւալի պատմութիւն:
Ատելութիւնն ու նախանձը մարդկային սրտի խաւարումներն են: Եւ այսպիսի խաւարած սրտեր ունեցող մարդիկ գոյութիւն ունեցած են եւ ունին աշխարհի բոլոր ազգերուն մէջ: Հայաստանն ալ այսպիսիներէն բացառութիւն չէ կազմած ու չի կազմեր տակաւին: Կարեւորը զիրենք ճանչնալդ է ու կարելի եղածին չափով իրենցմէ հեռաւորութիւն պահելդ: Ապերջանիկ եւ անուրախ մարդիկ են անոնք, որոնք, իրենց զգացած չարութիւններով, նախանձով ու ատելութիւններով, սեւցուցած ու ապականած ին իրենց սիրտը, հոգին: Այսպիսիներուն «գերեզմանը միայն կրնայ փրկել», ինչպէս կ՛ըսէ ռուսական միտք մը: Անոնք, իրենց կենդանութեան, իրենց շուրջիններուն կեանքն ալ դժոխքի վերածած են ու կը վերածեն տակաւին: Ուրիշներուն չարութիւն կամենալը, մարդկային զգացումներու վատթարագոյնն է: Այպիսիներուն կիներն անգամ հանգիստ չեն զգար, չեն ախորժիր, նողկանք կը զգան  իրենց ամուսիններուն ներկայութենէն, գոյութենէն: Ու հոս կը սկսի ամուսնական կեանքի գլխաւոր կէտի,մարմնական ու հոգեկան փոխ զգացումներու քանդումը, դժբախտութիւնը, որ ծնունդ կու տայ անխուսափելի ուրիշ անախորժութիւններու: Դժբախտաբար, այս ըսածներէս մի քանի օրինակ ծանօթ են ինծի Հայաստանին մէջ, որոնց խրատելն ու փրկելը անհնար է:
Դժուար է սխալ ու քարացած մտայնութիւններ ունեցողներուն ուղիղ ճամբուն մէջ բերելը:
Հոս, պէտք է աւելցնեմ նաեւ, թէ այդ գերութեան օրերէն մնացած ու չարաշուք կերպով  ուղեղալուածքի ենթարկուած, «պրէյնուաշ» եղած ու   այժմ զառամած մարդիկ կան, որոնք հին օրերը երազելով կ՛ապրին տակաւին ու առիթները չեն փախցներ, իրենց ըսած ձաբռտուքներով, երիտասարդներուն ուղեղները խանգարելու: Մեր հասարակութեան մէջ վտանգաւոր տարրեր են ասոնք, որոնք լռել պէտք է սորվին այլեւս եւ իրականութիւնները ընդունին այնպէս, ինչպէս որ են: Իրենց ցուցամատը կզակին տակը դնելով, «Սովետի ժամանակ մենք էսենց ապրում էինք» ըսելով ու պնդելով, ներկայիս ոչինչ կը շահին: Շրջապատը միայն կը պղտորեն, անիրաւ խօսքեր տարածելով: Աստուած թող օգնէ յատկապէս երիտասարդներուն, իրական ու ճշմարիտ դատողութիւն ունենալ պարգեւէ անոնց:   
Ներկայիս,մտաւորական ու հոգեւոր կեանքը, երկրորդական, երրորդական աստիճաններու վրայ են: Դրամն է, որ կ՛իշխէ բոլոր ասպարէզներուն ու գործերուն մէջ: Ամենազօր դարձած է ան ու ամէն ինչ կրնայ յաջողցնել: Միակ ապահովութիւնն է ան, շատերուն համար: Խաբուսիկ ապահովութիւն մը սակայն, որ անկասկած, ունի նաեւ իր դժբախտութիւնները:
Եթէ համայնավարութեան, խորքին մէջ որդեգրած գործելակերպին քաջածանօթ ես,այս բոլորը պէտք չէ որ  քեզի զարմացնեն: Սովետական տարիներուն, եթէ կը փափաքէիր ¥եւ անշուշտ կը փափաքէիր¤ ունեցած պաշտօնդ պահել եւ կամ աւելի բարձր դիրքերու հասնիլ, ուժ դառնալ եւ ուրիշներուն վրայ կոխել, պայման էր որ  համայնավար կուսակցութեան հաւատարիմ մնայիր, շարքերուն անդամագրուէիր, յաճախ շուրջիններուդ կեանքին հետ խաղայիր, նոյնիսկ ազգդ, կրօնդ, բարեկամներդ ու երբեմն ընտանիքիդ անդամներն անգամ դաւաճանէիր ու անոնց գոյութիւնը հարցականի տակ դնէիր: Կը բաւեր միայն, որ կաշիդ փրկած ըլլայիր: Այս հարցի մասին դժբախտաբար անհաճոյ տեղեկութիւններ շատ ունիմ, որոնք մեզի հասած են այդ անմարդկային մութ տարիներէն: Չեմ ուզեր խօսիլ երեսունական, քառասունական ստուերային տարիներու անբարեխիղճ ներքին տարիներու մասին, որոնք ուղղակի սրտաճմլիկ են ու անհաւատալի:
Այդ տխուր տարիներուն, մեր կամքէն անկախ պայմաններուն բերումով է, որ այդպէս կամ այսպէս դարձանք: Իրարու վրայ վստահութիւն եւ հաւատք չունենալ սկսանք: Սկսանք ատել զիրար ու մեր երկրային կեանքի վախճանը արագացուցինք, անփառունակ ու խեղճ կեանք մը ապրելով: 
Ներկայիս, Հայաստանի պետական ու հասարակական շրջանակներուն մէջ այլազան արարքներ կը պատահին, սակայն  աւելի «քաղաքակրթուած» տեսքով: Մարդիկ, ուրիշներու պնդումներով եւ առանց իրենց կամքին, տիրող պետութեան կուսակցութեան անդամ կը դառնան, միմիայն իրենց ունեցած այս կամ այն պաշտօնը կարենալ պահելու մտադրութեամբ:
Մարդ արարածը եւ իրմէ ծնունդ առած բոլոր հաստատութիւնները, միութիւնները, կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւններն ու կառավարութիւնները, առաջ չեն եկած ինքնանպատակ դառնալու, մէկը միւսին վարկաբեկելու, զիրար տիրապետելու, այլ անոնք ստեղծուած են միակամ ճիգերով ու անշահախնդիր գործելակերպերով իրենց հայրենիքին ու մանաւանդ իրենց ժողովուրդին միմիայն ծառայելու նպատակով: Իսկ այս կամ այն կուսակցութեան անդամ դառնալդ, այդ կուսակցութեան կատարած ու մանաւանդ կատարելիք գործերուն հանդէպ հաւատք ու վստահութիւն ունենալդ, բոլորովին անձնական հարց է ու ան չի պատկանիր ուրիշին: Այս պարագային, ունեցած անհատական հասկացողութիւնդ շատ կարեւոր է:

( Շար. 4 )


Յօդուածաշարքի 5րդ եւ վերջին մասը լոյս կը տեսնէ մեր վաղուան թիւով: