Մեր ուժերը եթէ չփորձենք եւ նոր սերունդին ունեցած թագուն կարողութիւնները եթէ չյայտնաբերենք, չենք կրնար անոնց անվերապահ վստահութիւնը շահիլ։
Ամէն ճիգ ու ջանք իր մէջ կը պարփակէ դժուարութիւններ, վտանգներ եւ կը պահանջէ մեծ զոհողութիւններ։ Արդ, եթէ չյաղթահարենք ներկայացող դժուարութիւնները, եթէ չանտեսենք վտանգները եւ զոհաբերութեան բարձր ոգիով եթէ չմշակենք մեր կարողութիւնները, չենք կրնար հասնիլ մեր նպատակի իրագործման, մանաւանդ եթէ մեր նպատակը ազնիւ է, աւելի կը նպաստէ եւ կþարժեւորէ մեր ջանքերը, գործն ու մեր կեանքը։
Այս գաղափարաբանութեամբ չէ՞ր արդեօք որ Պոլսոյ մէջ, Մեծ Եղեռնէն ետք, 1918-ին հիմը դրուեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, հայ ժողովուրդին ապրելու եւ գոյատեւելու վճռականութիւնը ճանչցող աննման ռահվիրաներու զոհաբերութեան ոգիով, որը անուղղակի հակազդեցութիւն մը պիտի ըլլար կարծէք ցեղասպան թուրքին հետապնդած հայաջինջ նպատակին։
Հիմնադրութեան սկիզբէն կþորոշուի որ միութիւնը կոչուի միայն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն կամ Հ.Մ.Ը.Մ. եւ հայ սկաուտները ըլլան անոր անբաժան մէկ մասը, որովհետեւ սկաուտական շարժումը արդէն իսկ գոյութիւն ունէր հայ կեանքէն ներս։
Արդարեւ, հիմնադիրներու նպատակն էր, որ ապագայ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները նախ սկաուտներ ըլլան անպայման եւ ամէն երիտասարդ, պատանի կամ պարմանուհի ստանայ սկաուտական կրթութիւն, սորվի անոր հետապնդած օգտակար գիտելիքները եւ ապա մտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական շարքերէն ներս, որովհետեւ սկաուտը Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար տիպար անդամ մըն էր։
Հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը, սկաուտական եւ մարզական բարձր ոգին ու մանաւանդ հայ պատանին ու երիտասարդը արտաքին բոլոր տեսակի չարիքներէն հեռու պահելու գաղափարաբանութիւնը հետզհետէ տարածուեցաւ ու ծաւալեցաւ Սփիւռքի տարածքին։
Իր դրօշին առաջնորդութեամբ ու «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, օտար երկնակամարներու տակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական եւ մարզական խումբերը իրենց բարձր ու ազգօգուտ նպատակը իրագործելու համար միայն մարմնակրթանքով ու մարզական մրցումներով չգոհացան, այլ իրենց գործունէութեան թիրախը դարձուցին նաեւ մշակութային շարժումը։ Փաստ՝ իր ծրագիր¬կանոնագրի երկրորդ յօդուածը որ կը նախատեսէ դասախօսութիւններ, մատենադրաններ եւ ակումբներու սարքաւորումի աշխատանքը։
Հ.Մ.Ը.Մ. իր սկաուտին ու մարզիկին ներշնչած է եղբայրական սքանչելի ոգի եւ սորվեցուցած է բոլորին ըլլալ միշտ պատրաստ, հայ ազգին ընծայելու միշտ լաւագոյնը։
Հ.Մ.Ը.Մ. իր այսօրուայ համազգային թէ համագաղութային բնոյթով, օտար երկնակամարներու տակ պանծալի ու յաղթական դրօշին եւ իր հմայիչ «Բարձրացիր-Բարձրացուր» վսեմ նշանաբանին տակ համախմբած է առողջ դաստիարակութեամբ օժտուած, չարքաշ, արի, ազգասէր ու հայրենասէր, օրինապահ ու կարգապահ տասնեակ հազարաւոր հայ երիտասարդներու երկսեռ բանակներ։
Մեր հին ու նոր բոլոր գաղութներուն մէջ, տարուէ-տարի, միշտ աւելի կենսունակ եւ աւելի աշխոյժ, աճեցած է ու կþաճին եւ նոր ծիլեր տալով ու ծաղիկներ ու ծառեր դառնալով կը կազմուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մասնաճիւղեր, սկաուտական եւ արենուշական նոր խումբեր։
Այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ. իր սկաուտական եւ մարզական խումբերով, բարոյական, ազգային եւ դաստիարակչական կազմերով, մեր գաղթահայ իրականութեան կեանքին մէջ լաւագոյն կազմակերպութիւններէն է եւ մեր ժողովուրդի կենսունակութեան եւ մշտանորոգ թարմութեան կենդանի եւ փայլուն ապացոյցը, որպէս նոր օրերու նոր ասպետութիւն։
Կ. Գ.