Շարունակաբար փոփոխուող աշխարհի մը մէջ ահա կը թեւակոխենք յունահայութեան օրաթերթ՝ «Ազատ Օր»ի 68րդ տարեշրջանը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մամուլի դաշտը կը յատկանշուի համացանցի լայնածիր օգտագործումով եւ լսողատեսողական միջոցներու գերակայութեամբ:
Յունական իրականութենէն ներս տպագիր մամուլը խիստ ճնշիչ դժուարութիւններ յաղթահարելու հրամայականին տակ կը գտնուի: Երկրէն ներս տուեալ դաշտը վիրաւոր դուրս կուգայ, երկու ամիս առաջ յունական ամէնէն սիրուած եւ ազատամիտ թերթերէն «Էլէֆթէրոթիփիա» օրաթերթի դադրեցումով, Փեթ-րոս Գոսթոփուլոսի թերթերու կասեցումով, տարի մը առաջ լրագրող Մաքիս Թրիանտաֆիլոփուլոսի VETOի, ինչպէս եւ ՎԻՄԱ եւ Ափոեւմաթինի օրաթերթերու հրատարակութեան կասեցումներով, շատ յստակ դարձնելով տպագիր մամուլին գոյութեան սպառնացող այլազան խնդիրներու առկայութիւնը:
Ամբողջ երկրին համար դժուար այս պայմաններուն տակ, յունահայութեան օրաթերթ՝ «Ազատ Օր»ը իր ուսերուն վրայ յաւելեալ ծանր կը զգայ պարտականութիւնը ամուր կանգնելու եւ յարատեւելու՝ յունահայութեան, այլ նաեւ եւրոպահայութեան համար, համոզումով ու գիտակցութեամբ շարունակելով աշխատանքը, քաջ գիտնալով թէ հայկական տուներէն ներս ամէն օր հիւրընկալուող թերթը ընտանիքի հարազատ անդամն է, որ նոյն հոգերով ու առաջադրանքներով կÿապրի, միեւնոյն ձախողութիւններով կը մտահոգուի ու կը տագնապի, ինչպէս որ արձանագրուած յաջողութիւններով կÿուրախա- նայ եւ կը քաջալերուի:
Իսկ մեր իւրաքանչիւրի կեանքին ու առօրեային հետեւելով՝ «Ազատ Օր» եւս կը նորոգուի՝ «Ֆէյսպուք» եւ «Եու թիւպ» կ'օգտագործէ, իր կայքէջը կը բարելաւէ, Աթէնքէն մինչեւ հիւսիսային Յունաստանի ամէնէն հեռաւոր քաղաքը կը հասնի, համայնքային բոլոր միութիւններու կողքին գտնուելով, անոնց հետ եւ անոնց համար աշխատելով, արդիականացման ընձեռած կարելիութիւնները ամէնէն արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելով։
Կարեւոր այլ հանգրուան մը եւս թեւակոխած է մեր թերթը, հայրենի մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ գործակցութիւններ ապահովելով, ըլլան անոնք անհատ լրագրողներ Հայաստանի թէ Արցախի մէջ, կամ թերթեր, հաստատութիւններ կամ հեռատեսիլի կայաններ։
Այս հաստատումները կը կատարենք՝ ինքնահաստատման կամ ինքնագոհունակութեան զգացումներէ շատ հեռու. ընդհակառակը. զգալով ու շեշտելով՝ դեռ եւս ընդարձակուելու, դեռ եւս արդիականանալու, դեռ եւս բոլորին հասնելու եւ բոլորին գոհացում տալու մեր բաղձանքը։
Չափազանցուած պիտի չըլլայ հաստատել, թէ գաղութներու պատմութիւնը կը սկսի ծաղկիլ այն օրէն, երբ մամուլ կը հիմնուի, երբ փաստօրէն գաղութային կեանքի արձագանգումին, հայօրէն ջերմացումին ու աշխուժացումին առջեւ ասպարէզ կը բացուի, երբ օրը-օրին գաղութի կազմակերպ կառոյցներուն եւ հաւաքական կեանքի կռուաններուն կեանքն ու գործունէութիւնը ինքնադրսեւորման հարազատ դաշտ կը գտնեն՝ միաժամանակ իրարու զօդելով սփիւռքահայ օճախները, իրարու շաղկապելով Հայաստանն ու Սփիւռքը:
Այս իմաստով հայկական թերթերու հրատարակութիւնը թէ՛ հրամայական պահանջ է, թէ՛ անփոխարինելի երաշխիք մեր գաղութներու գոյատեւման համար:
Փոքր Ասիոյ աղէտէն հազիւ մէկ տարի ետք, 1923ի Մարտ 25ին, Աթէնքի մէջ, լոյս կը տեսնէր յունահայութեան օրաթերթ՝ «Նոր Օր»ը, գաղթականները կարճ ժամանակի մէջ հաւաքական կեանքի մղելու եւ կազմակերպելու յառաջապահի դերը ստանձնելով։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ հիմը կը դրուէր յու-նահայ գաղութային թերթին, ի շարս ազգային, կրօնական, միութենական կառոյցներու գործունէութեան անհրաժեշտութեան։ Թերթը կը հիմնեն գաղափարակից նուիրեալներ՝ Գաբրիէլ Լազեան, Անտոն Կազէլ, Արամ Շիրինեան եւ Պօղոս Սվաճեան։ Մինչեւ 1940, առանց ընդհատումի, 17 տարի շարունակ, թերթը լոյս կը տեսնէ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Անտոն Կազէլի տնօրէնութեամբ եւ խմբագրութեամբ։ Կը յաջոր- դէ գերմանական գրաւման ծանր շրջանը, երբ կանգ կþառնէ բոլոր օտարալեզու թերթերու հրատարակութիւնը։
1945ին, Յունաստանի վերանկախացման լոյսին տակ, նոր ժամանակաշրջան մը կը ծագի յունահայութեան օրաթերթին համար նաեւ, որ կը վե- րանուանուի «Ազատ Օր»։ Առաջին խմբագիրներ՝ Սեդրակ Գոհարունի, Անտոն Կազէլ, Վազգէն Եսայեան։ Հայ կեանքի եռուն ժամանակաշրջան մը կը սկսի՝ մտաւորականներու եւ ազգայիններու հարուստ ներդրումով։ Վազգէն Եսայեան եւ Ահարոն Ստեփանեան երկար տարիներ կը շարունակեն խմբագրական իրենց առաքելութիւնը, ջահը փոխանցելով Յովսէփ Պարազեանին։
Անոնց՝ բոլորին վաստակը անտեսելի չէ երբեք։
Այսօր եւս «Ազատ Օր» իր արմատները ամուր պահելով անցեալին մէջ, միաժամանակ հայեացքը սեւեռած է դէպի ապագայ, երէց ընթերցողներու կողքին, երիտասարդ սերունդները ներգրաւելու միջոցներու ձեռնարկելով: Այդպէս է, որ արդիականացման եւ այժմէականացման օրէնքներու կը փորձէ համակերպիլ եւ քայլ պահել։ Կþարժէ նշել «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ աւելի քան 1700 բարեկամներու իր աշխուժ ցանկը, որ իր դիտողութիւններով եւ խրախուսական խօսքերով քաջալեր կը հանդիսանայ այս աշխատանքին։
Յիշենք Անտոն Կազէլի մէկ խօսքը, երբ ան դիտել կուտար, թէ «Թերթը պէտք է ըլլայ հարազատ հայելին առօրեայ կեանքին, անոր ծուռ ու շիտակ կողմերով»։ Իրական խօսք, որու ճշմարտացիութեան փաստը կը զգանք ամէն օր։ Որովհետեւ միշտ նորոգուող, միշտ թարմացուող առոյգ հայ մամուլին առջեւ բազմաթիւ խնդիրներ կը ծառանան, որ պէտք է դիմագրաւել եկող տարիներուն մէջ: Ծանօթ են անոնք, սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս՝ նիւթականէն մինչեւ մարդուժ, հայախօսութեան նահանջէն մինչեւ անտարբերութեամբ լեցուած հայ զանգուածները: Միաժամանակ ծանօթ է դժուարութիւնները յաղթահարելու վճռակամութիւնը եւ լաւատեսութեան ճիշդ չափորոշիչներու անհրաժեշտ զգացումը, որ կապակցուած են մեր գաղութներու եւ հայկական թերթերու գոյատեւման հետ:
Իսկ հոս նշուած նախադրեալներու կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ անաչառ աշխատանք, ազատ քննարկումները հրապարակայնօրէն կատարելու պատրաստակամութիւն, հասարակական-ընկերային հարցերը խորապէս քննարկելու տրամադրուածութիւն եւ շատ մը պարագաներու՝ պատասխաններէ աւելի ճիշդ հարցականները ներկա- յացնելու հմտութիւն: