Ստորեւ կը ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը,  զոր  վեհափառը արտասանեց 24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի  մայրավանքի ապրիլեան Նահատակաց մատրան առջեւ կատարուած հոգեհանգիստէն ետք, հոծ բազմութեան ներկայութեան:  

Նախագահ Պարաք Օպաման գերազանցեց ինքզինք՝ ուրացման հաւասարող անգիտութիւն ցուցաբերելով մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրներէն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Ապրիլ է, փորձում եմ կրկին սեւեռուել մեր ազգի ողջ էութիւնն ու ճակատագիրը խաթարած մեծ եղեռնագործութեան վրայ, կրկին խորանալ նրա դժոխային ծալքերի մէջ, հասկանալու թէ ինչո՞ւ 97 տարիներ ի վեր դեռ չենք կարողանում ազգովին միաւորուել մեր պահանջատիրութիւնը ազգային, պետական մտածողութիւն ու ծրագիր դարձնելու:

Ժամանակն է գիտակցելու, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն 97 տարիներ ետք, հայ ազգի մերօրեայ սերունդները 24 Ապրիլ 1915ի անմեղ զոհերու յիշատակը կþոգեկոչեն՝ բոլորովին տարբեր անկիւնէ դիտելով Օսմանեան Կայսրութեան տիրակալ թրքական պետութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ճանաչման հարցը։

Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ
Հային կարդայ նախատինք...

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Մեծ Եղեռնի 97ամեակին յատկացուած այս էջերը կը բանանք յարգանքի մեր տուրքը տալով ամէնէն առաջ մեծանուն նահատակներու այն լուսեղէն փաղանքին, որ առաջին թիրախը դարձաւ հայակեր գազանին, համատարած սպանդի եղերական օրերուն: