Արեւոտ, պայծառ օր մըն էր: Օդին մէջ կը զգացուէր ծովէն դէպի ցամաք հասնող իոտի բուրմունքը: Ճայերը կը թռչտէին եւ երբ որսալիք ձուկ մը գտնէին արագօրէն կը սուրային դէպի ծով, որպէսզի չփախցնեն ծովուն մակերեսին վրայ բարձրացող ձուկերը:

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐԴԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՌԱՐԱՆ-ը որ կը փափագիմ իրականացած տեսնել ի՞նչ իւրայատկութիւններ պիտի ունենայ, ի՞նչ առաւելութիւններ, որ զինք զանազանեն առկայ բառարաններէն, ու արդարացնեն ճիգն ու ջանքը  զայն իրագործելու։

ՀԱՅԵՐԷՆասէրները  անգամ մը եւս ստացան «Նայիրի»ի հերթական ընծան՝ այս անգամ կրկնակ տարողութեամբ, երբ www.nayiri.com կայքի հիմնադիրն ու պատասխանատուն՝ Սէրուժ Ուրիշեան, իր 7 Մայիս 2012 թուակիր մամլոյ թողարկումով, բացայայտեց համացանցի վրայ տեղադրումը

Մեծ տօներու խորհուրդին մէջ կան պատգամներ, որոնք էապէս անփոփոխ ըլլալով հանդերձ, ժամանակ առ ժամանակ, գոյութիւն ունեցող պայմաններու լոյսին տակ մեզի համար կը գծեն նոր ուղիներ, ցոյց կու տան   նորացուած մարտահրաւէրներ՝ պարզելով ներկայի հրամայականները: Արդէն այս է իմաստը տարեդարձներու նշումին ու տօնակատարութեանց: