Ժամանակն է գիտակցելու, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն 97 տարիներ ետք, հայ ազգի մերօրեայ սերունդները 24 Ապրիլ 1915ի անմեղ զոհերու յիշատակը կþոգեկոչեն՝ բոլորովին տարբեր անկիւնէ դիտելով Օսմանեան Կայսրութեան տիրակալ թրքական պետութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ճանաչման հարցը։


Եթէ 1965ին Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը պահանջատիրական աննախընթաց թափով  ազդանշանը տուաւ  հոգեհանգիստներէն եւ փակ սրահներու հանդիսութիւններէն անդին անցնելու եւ Հայ Դատի քաղաքական պայքարին լծուելու հանգրուանին, ապա երեք տարի անդին գտնուող Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը, 2015ին, պիտի ըլլայ այն թուականը, երբ համայն հայութիւնը, իր պետականութեամբ եւ անոր շուրջ բոլորուած աշխարհասփիւռ օճախներով, աշխարհին ու յատկապէս Թուրքիոյ պիտի ներկայանայ՝ Ապրիլ 24ին քաղաքական այժմէական իմաստը շեշտելու եւ հայոց ազգային իրաւունքներու ամբողջական վերականգնումը պարտադրելու օրակարգով։
Սփիւռքի մէջ ներկայիս հասակ նետած է արդէն հայ երիտասարդ չորրորդ սերունդ մը, որ իբրեւ  տուեալ կը դիտէ՝ ժամանակին մեծ ջանք եւ հետեւողական աշխատանք խլած օտար երկիրներու կողմէ ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան։ Հայասպանութեան ու հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան դէմ բարձրացած լռութեան ծանր վարագոյրը պատռելու եւ աշխարհին լսելի դառնալու Հայ Դատի հետապնդման բուռն արշաւը յաջողեցաւ միջազգայնացնել եւ մարդկային իրաւանց յարգման բարձրարժէք սկզբունքներու շրջանակին մէջ ներառնել տալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Հայոց արդար դատին միջազգային ճանաչումը այսօր արդէն հաստատուած տուեալ է, որ քաղաքական նոր իրականութեանց համապատասխան՝ պահանջատիրական շարժումի նոր ուղի հարթելու մարտահրաւէրին առջեւ դրած է հայ երիտասարդութեան աշխարհասփիւռ զանգուածները։
Հայկական Հարցը պատմութեան փոշեծածկ դարաններէն դուրս բերուեցաւ եւ քաղաքական բեմ փոխադրուեցաւ՝ աշխարհի մեծ թէ փոքր ուժերուն մղելով, որ այժմէական լուծում պահանջող խնդիրներու օրակարգին վրայ բերեն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ համապատասխան դերակատարութիւն ստանձնեն։ Հայ Դատի պայքարի ժամանակակից շղթայազերծման սկզբնական այդ փուլերուն, հայոց ազգային պահանջատիրութիւնը առաւելաբար բարոյական ճնշումի հունով ընթացաւ եւ հետամուտ էր, որ միջազգային հանրութիւնը տէր կանգնի իր իսկ հռչակած բարոյականութեան վեհ սկզբունքներուն։              Իսկ Հայ Դատի պահանջատիրութեան մերօրեայ փուլին, արդէն հրամայական դարձած են մշակումն ու որդեգրումը պետութեանց աշխարհին համար հասկնալի ու ընդունելի իրաւական-քաղաքական արդիական տարազումներու, որոնք միջազգային օրէնքով պիտի երաշխաւորեն հայութեան իրաւունքներու ամբողջական վերականգնումը՝ հողային եւ քաղաքական իրաւունքներու հատուցման ուղին գծելով։
Կարճ ու կտրուկ բանաձեւումով՝ պետութիւններու այսօրուան աշխարհին հասկնալի պիտի դարձնենք, որ Հայկական Հարցը կրնայ լուծուիլ միայն հայ ազգի, իբրեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհի,  իրաւունքին եւ արդարութեան ամբողջական վերականգնումով, հողային ու քաղաքական հատուցման ճամբով։
Մօտ երկու ամիս առաջ, Արամ Ա. վեհափառի նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն ներս կայացած միջազգային բարձր խորհրդաժողովին ընթացքին, վերոյիշեալ բանաձեւումով ճշդուեցաւ հայութեան պահանջներու ուղին։ Խորհրդաժողովի աւարտին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, ձեռքին բռնած հայոց բռնագրաւեալ ինչքերու կալուածագրերու հաստաբեստ թղթածրարը, ի լուր ամբողջ աշխարհին կը յայտարարէր, թէ պահն է ազգովին մեր իրաւունքներու պարտամուրհակով ներկայանալու միջազգային ամէն կարգի ատեաններուն ու պահանջելու արդար հատուցումը։ Այս արշաւը պայմանաւորուած չէ Թուրքիոյ մէջ կալուածներ կամ սեփականութիւններ կորսնցուցած հայ անհատներու գոհացում տալու պահանջով միայն, ատկէ շատ աւելին է, ընդհանուր եւ ազգային հատուցման պահանջքն է, որ այս արշաւով իր հատուցումը կը սպասէ ստանալ։
Որքան աւելի միասնական եւ ուժեղ ըլլայ այս պահանջատիրութիւնը՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կառոյցներուն, Սփիւռքի հայօճախներու ազգային-եկեղեցական ու քաղաքական-հասարակական ղեկավար ուժերուն եւ իւրաքանչիւր հայ անհատի հնարաւորութեանց համադրուած զօրաշարժով, այնքան աւելի մօտեցած կþըլլայ պահը, երբ Թուրքիան պիտի ստիպուի միջազգային դատական ատեաններու վճիռներուն ենթարկուելու եւ կատարելու Մեծ Հատուցման իր պարտաւորութիւնը։
Յառաջիկայ օրերուն համայն հայութիւնը ամէնուրեք պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը։ Իւրաքանչիւր հայօճախի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ անհատ մեծ պարտքը ունի իր ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը բերելու՝ պահանջատիրական միակամ կեցուածք ցուցաբերելով, որպէսզի հայկական Իրաւունքի եւ Արդարութեան պահանջը հասնի թրքական պետութեան, հասնի միջազգային ընտանիքին եւ հասնի, մանաւա՛նդ, հայութեան պահանջատիրական քայլերուն վրայ ճնշումներ բանեցնող այն պետութիւններուն եւ շրջանակներուն, որոնք իրենց սեփական ու նեղ շահերէն անդին ոչ մէկ արժէք ու շահ կ'ուզեն տեսնել...
Մեզի՝ յունահայերուս համար, կրկնապատկուած է պարտաւորութիւնը։ Հայութեան պայքարունակ կեցուածքը կրնայ ներշնչումի աղբիւր ըլլալ նաեւ երկիրը քայքայող իրավիճակներուն դէմ՝ ցոյց տալով, թէ յանձնառու, նպատակասլաց կեցուածքով կարելի է անհրաժեշտ յառաջընթացը իրագործել, նոյնիսկ դժուար պայմաններու տակ։
Եկէ՛ք մեր կեցուածքով հնչեցնենք այս ազդանշանը։ Եկէ՛ք բոլորս ներկայ գտնուինք Ապրիլեան ձեռնարկներուն եւ ուժեղ մեր ներկայութեամբ միանանք Ծիծեռնակաբերդ բարձրացող երիտասարդութեան ջահերթին, աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ կանգնեցուած յուշակոթողներուն առջեւ համախմբուած հայութեան։