Հայաստանի Հանրապետութեան Ընտրական Օրէնքին հետեւումով, Ազգային Ժողովի ընտրութիւններէն մէկ շաբաթ անց, Մայիս 13-ին, Կեդրոնական Ընտրական Յաձնաժողովը հրապարակեց քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն իշխող Հանրապետական Կուսակցութիւնը 40 պատգամաւորներով խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմած է:

Այսօրուայ մարզական աշխարհին ծանօթ մարաթոնի վազքը ծնունդ առած է Ք. ա. 490 թուին, Յունաստանի մէջ։

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկա- յացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Մեծ ավտոպուսը, որին հայերն անուանում են թուրիստական, 9 ժամ ճանապարհ գնաց: Աւելի քան 50 երիտասարդ կար՝ մէկը միւսից խելացի, գեղեցիկ, բարձրանպատակ… Նրանք պատմում էին, թէ Սերժ Սարգսեանը հանդիպման ժամանակ ասել է. «Ժովողո՛ւրդ, մենք լաւ ենք ապրելու»:

Ըստ վստահելի աղբիւրներու, 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանի մէջ, աղանդաւորներու թիւը կը հասնի շուրջ 300-400 հազարի: Այսինքն, այս կը նշանակէ բնակչութեան 10 % ը աղանդաւոր է: