Նորէն չստացուեցաւ։
 Մայիս 6ի՝ Հայաստանի 5րդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նորէն Հայաստանի կառավարութիւնը չկրցաւ յարգել ժողովրդավարական սկզբունքները, հիմնական չորս տարբեր բնոյթի խախտումներ դիտարկուած ըլլալով՝ ընտրակաշառք, անձնագիրներու մէջ ցնդող մելանով կնիքի կեղծիք որ 12 ժամէն ջնջուելու փոխարէն մէկ ժամէն անհետացած է, ընտրողներու անստոյգ ցանկեր, պետական համակարգի օգտագործում ի սպաս իշխող կուսակցութիւններուն։


Իշխանութեան գլուխը գտնուող երեք կուսակցութիւնները՝ Հանրապետական, «Բարգաւաճ» եւ «Օրինաց Երկիր», ստացան քուէներու 75 տոկոսը։ Ընդդիմադիր ճակատը ստացաւ քուէներու այն նուազագոյնը միայն, որով կրնայ խորհրդարանին մէջ համեմատական կարգով երեսփոխաններ ունենալ։ ՀՅԴ եւ «Ժառանգութիւն» ստացան 5 տոկոսէն քիչ մը աւելի, ՀԱԿ՝ 7-ի շուրջ (այս վերջինս կուսակցութիւն չըլլալով, այլ դաշինք մը՝ ընտրական օրէնքը քուէներու 7 տոկոս կը պահանջէ՝ ներկայացուցչութիւն ունենալու համար)։ Հանրապետական կուսակցութիւնը, առանձին, ձեռք ձգեց բացարձակ մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ։
Նորէն իշխող վարչակարգը դրժեց իր խոստումը, եւ առաջին հերթին՝ հանրապետութեան նախագահը։ Արդար, մարդավայել, քաղաքակիրթ վերաբերումի փոխարէն՝ խորամանկ, խարդախ խաղեր, իշխանութեան գլուխ մնալու մոլութիւն։ Երկրին ղեկավարները պարզապէս կը չարաշահին ժողովուրդին թշուառութիւնը։
Սպասումները մեծ էին, յոյսերն ալ՝ որ այս անգամ պիտի յաջողէինք, մեր ճակատը բաց, հպարտանքով դուրս պիտի գայինք միջազգային ասպարէզ։ Բայց՝ ո՛չ։ Բոլորս ալ արդարօրէն վրդոված ենք, բարկացած ի տես խաբկանքին։ Խորքին մէջ ինքնախաբէութիւն է. ուրիշ ոչինչ։ Ո՛չ միջազգային կազմակերպութիւնները, ո՛չ մարդասիրական ընկերութիւնները, ո՛չ սփիւռքահայութիւնը, ո՛չ ալ Հայաստանի քաղաքացիները կÿանգիտանան իրականութիւնը։
Վասն ինչի՞ իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութիւնները պէտք է ստանային քուէներուն 75 տոկոսը. այսինքն՝ ժողովուրդին կողմէ այնքա՜ն շա՞տ սիրուած են. իրենց կատարած ո՞ր բացառիկ բարեկարգութեան՝ տնտեսական աճի՞ն, ընկերային բարօրութեա՞ն, արտագաղթի կասեցմա՞ն համար, դեռ չխօսինք պետութեան գերաճող պարտքին նուազեցման հարցին, ներդրումներու քաղաքականութեան կաղացումին, սղաճին մասին։
Միջազգային հանրութեան դիմաց՝ ժողովրդավարութիւնը փրկուած է, ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կրնան երեսփոխաններ ունենալ խորհրդարանէն ներս։ Միակ մխիթարանքը այն է, որ այս անգամ աւելի խաղաղ անցաւ ընտրապայքարը։ Որքան ալ ընտրական կանոնները բարեկարգուին, երբ պետութեան ղեկավարները չեն կրեր պետականութեան կառուցման, տնտեսութեան բարգաւաճման, ընկերային համերաշխութեան, քաղաքացիներուն վստահութիւն ներշնչելու կարեւորութեան, ժողովըրդավարութեան առաքինութեան համոզումները, աշխարհի վրայ  ամենէն փայլուն ընտրական օրէնքներն իսկ եթէ որդեգրուին՝ անտեղի են։
Շրջանին մէջ, Հայաստանին անբարենպաստ աշխարհաքաղաքական պայմանները շատ են. Իրանի վրայ յարձակումի վտանգը, Ազէրպայճանի անընդմէջ սպառնալիքներն ու ահաբեկումները՝ ընդդէմ Արցախի եւ Հայաստանի, հզօրացող Թուրքիոյ անզիջող դիրքերը… նոյնիսկ Հայաստանի ազգային ապահովութեան սպառնացող ծայր աստիճան սպառնագին այս ազդակները չեն զգաստացուցած երկրին ղեկավարները։
Երեւոյթներ կան, որոնք բացարձակ ախտանիշ են ժողովրդային հոգեբանութեան։ Օրինակ՝ ընտրակաշառքը։ Ճիշդ է, կաշառատուները հարց են, բայց եւ այնպէս՝ ինչպէ՞ս մեկնաբանել ընտրող հանրութեան մօտ ընդհանրացած ձեւով կաշառք ընդունելու հոգեվիճակը։ Արժանապատիւ քաղաքացիի յարիր կեցուա՞ծք է։ Բնական է՝ ո՛չ։ Այսինքն՝ պէտք է եզրակացնել, որ ձեւաւորուած քաղաքացիութիւն չկայ Հայաստանի մէջ, որ պաշտպանէ հանրապետական կարգը։ Ի՞նչ բանն է, որ կը մղէ զիրենք այդ քայլին։ Ապահովաբար՝ անվստահութիւնը՝ հանդէպ երկրին ղեկավարներուն, բարոյալքութիւնը եւ երկրէն հեռանալու տրամադրութիւնը։
Այս ըսելով՝ Սփիւռքը պէտք չէ լքէ Հայաստանը, այլ՝ աւելի պահանջկոտ կերպով մօտենայ պետական աւագանիին։ Սփիւռքն ալ պատասխանատու է այս իրավիճակէն. չափազանցուած յարգանքի տուրք պետական մարդոց, շքանշաններու տուչութեան փառատօն, հայրենասիրական զեղումներ՝ կը փճացնեն իսկական պահանջատիրութիւնը։ Կարելի չէ դուրսէն որեւէ օրէնք պարտադրել, բայց պահանջել կարելի է, անդադար պահանջել։ Օրինակելի Հայաստանի մը գոյութիւնը՝ ազգային արժէք է, դրամագլուխ է, ռազմագիտական նշանակութիւն է:
Հայութեան սիրտը կը բաբախի Հայաստանով։ Պէտք է նախապատրաստուիլ 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն։
Նոյն օրը՝ Մայիս 6ին, Ֆրանսան ալ անցուց իր նախագահական ընտրութիւնները։ Երկրին գործող նախագահը՝ Սարքոզի չվերընտրուեցաւ։ Սակայն ան ընդունեցաւ իր պարտութիւնը եւ շնորհաւորեց իր մրցակիցը՝ Հոլանտը։ Վեհանձնութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն էր։ Արդեօք Հայերուն համար ալ պիտի գա՞յ օրը նման վայելքի։

Ժ. Չ.
Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի