Այսօրուայ մարզական աշխարհին ծանօթ մարաթոնի վազքը ծնունդ առած է Ք. ա. 490 թուին, Յունաստանի մէջ։
Վազգի անուան բացատրութիւնն իսկ կը պարզէ որ 42 քլմ. երկարութիւն ունեցող այս վազքին գաղափարը ծնած է Յունաստանի Մարաթոնի շրջանի մէջ, երբ յոյն-պարսկական կռիւներէ ետք, յոյն մարզիկ Ֆիտիփիտէս յոյներու յաղթանակը աթենացիներուն աւետելու համար Մարաթոնէն վազած է մինչեւ Աթէնք ու հասնելով «Յաղթեցինք» աղաղակած ու նուաղած մեռած է։
Ողիմպիական խաղերու վերակենդանացումով, 1896-ին, Աթէնքի առաջին ողիմպիականին Մ. Պրէլիի առաջարկով Մարաթոնի վազքը եւս իր տեղը գտած է ողիմպիական այլ մարզախաղերու շարքին։
Մարաթոնի վազքը աթլէթիզմի ամէնէն դժուար ու վտանգաւոր մարզախաղերէն մին է, որովհետեւ ան ճամբաներու մէջ է որ տեղի կ'ունենայ եւ միւս մարզախաղերու նման մազավայրերէ ներս չըլլար։ Վտանգաւոր է, որովհետեւ շատ մը մարզիկներ յաղթանակի տիրանալու իրենց ճիգին մէջ յոգնասպառ ըլլալով կրնան կորսնցնել իրենց կեանքը։
Մարաթոնի վազքի ողբերգական առաջին դէպքը արձանագրուեցաւ 1912-ին Սթոքհոլմի 5-րդ ողիմպիականին, ուր փորթուկալացի մարզիկ Լազարօ իր վազքի վերջաւորութեան յոգնասպառ ըլլալով մահացած է։ Ամէնէն ողբերգականը սակայն ծայրագոյն Արեւելքի մէջ առաջինը եղող 1964-ի Թոքիոյի 18-րդ ողիմպիական խաղերուն պատահածն էր։ Ճափոնացիներուն համար մարաթոնի վազքի մրցումը մեծ հմայք մը պատճառելուն համար որոշած էին կանգնեցնել արձանը այն մարզիկին որ Մարաթոնի վազքին առաջնութեան պիտի տիրանար։
1936-ի Պերլինի 11-րդ ողիմպիականէն ի վեր մարաթոնի վազքի առաջնութեան տիրացող երեք մարզիկներէն երկուքը ճափոնացիներ էին, որմէ յետոյ անոնք ոչ մէկ յաջողութիւն արձանագրած էին։ Այնպէս որ, Թոքիոյի ողիմպիականը ճափոնացիներուն առիթը կուտար որպէսզի իրենց անցեալի դիրքերուն վերադառնան։ Եւ համաձայն ճափոնական ցեղի մեզի ծանօթ հոգեկան կազմուածքին, իրենց մեծագոյն յոյսը իրենց մարզիկ Գոքեցի Զուպարագիան էր, որը իսկապէս 2 ժամ եւ 15 վայրկեանի վազքէ մը ետք առաջնութեան տիրացած ըլլալու մտածումով մուտք կը գործէ մարզադաշտ։ Իրմէ առաջ սակայն հոն հասած էր նախորդ ողիմպիականի ախոյեան եթովպիացի Ապէպէն, որ անգամ մը եւս առաջին հանդիսանալով անկիւն մը նստած իր սպառած ուժերը վերգտնելու ջանքեր կþընէր։ Ասոր վրայ Գոքեցին անդրադառնալով եղելութեան, հակառակ իր ուժասպառութեան, գերմարդկային ճիգով մը կը ջանայ իր հայրենիքին ապահովել գէթ երկրորդութեան տիտղոս մը։ Այս անգամ ալ սակայն յանկարծ իրեն կը հասնի անգլիացի շիկահեր մարզիկ Պոզըր Հեթէր եւ հազիւ վերջին քանի մը մեթր մնացած յաւելեալ ջանքով մը կը յաջողի գերազանցել Գոքեցիին։ Այսպիսով ճափոնացին կը հանդիսանայ երրորդ ու նուաղած կը փռուի գետին։ Քանի մը ամիս ետք, Գոքեցին իր հայրենիքը պատուել չկարենալուն, ճափոնացիներու հայրենաւանդ «հարաքիրի» ձեւով անձնասպան կþըլլայ։
Մարաթոնի վազքի պատճառած մարմնական եւ հոգեկան սպառումը շատ յաճախ տխուր այլ հետեւանքներ եւս ունեցած է։ Զուր չէ որ Մարաթոնի ախոյեաններէն աւելի անոր զոհ գացողներն են որոնք կը յիշատակուին։
1908-ի Լոնտոնի 6-րդ ողիմպիականին, մարաթոնի վազքի մասնակցող իտալացի մարզիկ Տորաթօ Փիէթրի Հուայթ Սիթիի մարզադաշտը առաջին հանդիսացողը կþըլլայ, բայց հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով դաշտէն ներս վազքի գիծերը զանազանելու կարողութիւնը չունենալուն, վերջին քանի մը մեթրերուն իրեն օգնութեան փութացող մը ըլլալուն, յաղթանակը չեղեալ կը նկատուի։ Հարկ է ըսել, որ Փիէթրիին օգնելով անոր յաղթանակին կորուստին պատճառ եղողը «Շերլոք Հոլմ»ի հեղինակ հանրածանօթ Սըր Արթիւր Գանանն էր։ Տարաբախտ մարզիկին ջանքերուն բազմահազար մարզիկներու եւ Անգլիոյ Աղեքսանտրա թագուհիին համակրանքին արժանանալուն, թագուհին ոսկեայ բաժակով մը կը պատուէ զայն։ Այսպիսով, Փիէթր նոյն ողիմպիականին մարաթոնի ախոյեան ամերիկացի ճոն Հէրսէն շատ աւելի հանրածանօթ կը դառնայ։
Մարաթոնի վազքի ախոյեան որոշ մարզիկներու անունները աշխարհի չորս ծագերու մարզասէրներու յիշողութենէն երբեք չեն հեռանար։ Յատուկ յիշողութեան արժանի է մանաւանդ չեխոսլաւաք մարզիկ Էմիլ Զաթոբէկը, որ 5 եւ 10 քլմ. վազքերու մրցումներուն մասնակցելէ ետք Մարաթոնի վազքին եւս մասնակցելով փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց։ Կþարժէ յիշել նաեւ եթովպիացի Ապէպէն, որ 1960-ի Հռոմի եւ 1964-ի Թոքիոյի ողիմպիականներուն, մարաթոնի վազքի ախոյեանութեան կը տիրանայ։ Տակաւին ինչպէս մոռնալ ու ողիմպիականներուն վերադառնալով ըսել, որ 1896-ի Աթէնքի առաջին ողիմպիականին մարաթոնի վազքի ախոյեան ոչ մարզիկ եւ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով նման մրցումի մը մասնակցելով յոյն գիւղացի Սփիրոս Լուիսը եղած է։
Կ. Գ.