«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկա- յացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Խօսելու խնդիր
(Բ).
Սա վերջին քսան տարիներու ընթացքին ամէն անգամ որ ներկայ գտնուեցայ մշակութային կամ ընկերային հաւաքոյթի մը, կազմակերպիչները խնդրեցին որ սրտի խօսք մըն ալ ես արտասանեմ ուրիշներու առընթեր։ Երբեմն առաջուց արտօնութիւն կը խնդրէին զիս բեմ հրաւիրելու համար, երբեմն ալ զիս բարձրախօսին գլուխը կը հրաւիրէին առանց նախապէս իմաց տալու։ Բարեբախտաբար ես, որպէս մէկը որուն կեանքը կþանցնի այս հարցերու շուրջ մտածելով ու գրելով, գլխուս մէջ միշտ բաներ մը կþունենամ խօսքի սկսելու համար։ Յաճախ բեմ կþելլեմ առանց գիտնալու թէ ինչեր պիտի ըսեմ այդ առաջին քանի մը նախադասութիւններէն վերջ։ Երբեմն մինչեւ իսկ ես զիս կը զգամ զերօ կէտին վրայ, կարծես ըսելիք ոչինչ պիտի գտնեմ։ Բայց չեմ վախնար, կը մտածեմ որ պատշաճ բաներ մը կþըսեմ ու կ'իջնեմ առանց շատ երկարելու։
Միայն թէ հոս ալ հարց մը կայ։ Երբ խօսիլ կը սկսիմ, կարծես նիւթերը կամաց կամաց կը սկսին խուժել մտածումներուս վրայ, զիս մէկ նիւթէն դէպի միւս նիւթը կը քաշեն, ըսելիք նորանոր բաներ կը շարեն լեզուիս վրայ, կը զարմանամ թէ ո՞ր մէկուն մասին պիտի խօսիմ, եւ կամաց կամաց կը նշմարեմ նաեւ որ խօսքը երկարիլ սկսաւ։ Այն ատեն կը վախնամ որ զիս շատախօս պիտի նկատեն, ուստի կը վերջացնեմ ու կþիջնեմ։ Գիտեմ որ ունկնդիրները չձանձրացան, չնեղուեցան, բայց ատիկա արգելք չէ որ յաճախ ես ինծի հարցնեմ թէ ես շատախօ՞ս մըն եմ արդեօք։
Թերեւս իմ հազարաւոր ունկնդիրներուս միջեւ կան սիրելի մարդիկ որոնք զիս շատախօս կը նկատեն։ Ես գէշ լուր մը պիտի տամ անոնց։ Կամ լաւ լուր մը։ Իմ ընտանիքիս անդամները, մանաւանդ կինս, կամ անմիջական գործընկերներս շարունակ կը գանգատին իմ սակաւախօսութենէս։ Անոնց կարծիքն այն է որ խօսուն չեմ։ Չեմ սիրեր խօսիլ կամ մանրամասնութիւններ տալ, բացատրել, պատմել, զրուցել։ Ըստ իրենց, ժամեր շարունակ կրնամ բերանս չբանալ, մէկ բառ իսկ չարտասանել եւ ասիկա նեղացուցիչ է իրենց համար։ Անոնց ինծի նկատմամբ բարկութիւնը ա՛լ աւելի կը սաստկանայ, երբ յանկարծ այցելու մը կ'ունենամ եւ այդ այցելուին հետ կը սկսիմ խօսիլ նիւթերու հարուստ ցանկով։
Ահաւասիկ հետաքրքրական կացութիւն մը։ Մէկ կողմէ վախնալ շատախօս նկատուելէ, մէկ կողմէ ալ ամբաստանուիլ սակաւախօսութեամբ։ Երբեմն շուարիլ թէ միտքդ յորդեցնող նիւթերէն ու նախադասութիւններէն ո՞ր մէկուն մասին պիտի խօսիս, երբեմն ալ բերանն իսկ բանալու տրամադրութիւն չունենալ, ըսելիք բան չգտնել։ Ո՞րն եմ ես, ո՞րն է ճիշդը։
Կարճ խօսքով, պիտի ըսեմ որ երկուքն ալ ճիշդ են, եւ ասիկա միայն իմ պարագայիս չէ որ ճիշդ է, այլ ի զօրու է գրեթէ ամէնուն համար։ Մարդիկ ունին իրենց շատախօսութեան վայրկեանները, ունին նաեւ սակաւախօսութեան, լռութիւն պահելու, խօսիլ չուզելու վայրկեանները։ Եւ ասիկա բնականաբար ունի իր ներքին եւ ընդունելի պատճառները։
Կը պատահի որ երբեմն ներկայ գտնուիմ ազգականներու կամ բարեկամներու մէկ հաւաքոյթին եւ ամբողջ ժամ մը, նոյնիսկ երկու ժամ, ես բերանս մէկ անգամ իսկ չբանամ, մինչ ամէն մարդ հազար տեսակ նիւթի մասին կը խօսի եւ խօսակցութիւնները կը թռչտին սենեակին մէջ, իրարու կը բախին։ Ես բերանս անգամ չեմ բանար սա այն պարզ պատճառով որ խօսուած նիւթերը բնաւ ալ չեն շահագրգռեր զիս, ո՛չ մէկ շահեկանութիւն կը ներկայացնեն ինծի համար, ո՛չ այդ նիւթերուն մասին ըսելիք բան ունիմ, ո՛չ ալ շարունակ պատմութիւններ լսել կþուզեմ այդ նիւթերուն մասին։ Բարեբախտութիւն է որ մեր այդ սիրելի մարդոցմէ ո՛չ մէկը կը նշմարէ որ ես բերանս չեմ բանար, ոչ մէկը կը հարցնէ թէ ինչո՞ւ չեմ խօսիր։ Եթէ հարցուէր, շատ պիտի անհանգստանայի, եւ պիտի չգիտնայի թէ ինչ պիսի պատասխանէի։ Լաւ է որ չի հարցուիր։ Բայց նոյն հաւաքոյթի ընթացքին եթէ յանկարծ պատահի որ զիս շահագրգռող նիւթ մը բացուի, կամ եթէ յանկարծ ինծի՝ զիս շահագրգռող հարցի մը մասին հարցում մը ուղղուի, այն ատեն տասը վայրկեանի մէջ կրնամ ըսել այնքան շատ բան որքան ուրիշը պիտի չըսէր կէս ժամուան մէջ։
Ոեւէ մէկը բնականաբար պէտք չէ սպասէ որ բանախօսութիւն մը սարքեմ ճաշ պատրաստելու տեսակէտներու մասին, կամ ինքնաշարժերու զանազան վաճառանիշներուն իրարմէ ունեցած տարբերութիւններուն մասին, կամ մեծ հանրախանութներու մէջ ներկայացուած նորաձեւութիւններու մասին, կամ այսինչ կամ այնինչ դրացիին կամ ծանօթ մարդուն անշահ արկածախնդրութիւններուն մասին։ Եթէ դիմացիններս խանդավառօրէն իրարու հետ կը խօսին այս նիւթերու մասին, միակ բանը զոր կրնամ ընել, կամ նոյնիսկ չընել, զանոնք մտիկ ընել է մտածելով որ մարդիկ խօսակցութեան նիւթի ու հետաքրքրութեան որքան տարբեր ճաշակներ ունին իրարմէ եւ թէ ինծի համար ի՜նչ տանջանք է մտիկ ընել այս բոլորը որոնք բնաւ հետաքրքրական չեն ինծի համար։
Ո՛չ մէկը պարսաւելի է։ Ուրիշներ ալ կրնան իրենց բերանը մէկ անգամ չբանալ, նոյնիսկ ձանձրանալ, տանջուիլ, եթէ խօսուի զիս հետաքրքրող նիւթի մը մասին, որ իրենց համար հետաքրքրական չէ։
(Շարունակելի)
Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -(Յուշատետր - 71)