Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան «Ermenihaber.am»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ մինչեւ 1914 թուական, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ պատրիարքարանը ունեցած է 2170 եկեղեցի եւ շուրջ 2000 դպրոց:

Սակայն հետագային գործող եկեղեցիներուն թիւը նուազած է 45ի (32-«Ակունք»ի), իսկ դպրոցներունը՝ 13ի (16-«Ակունք»ի խմբ.): Գործող կը նկատուին հայկական այն բոլոր եկեղեցիները, որոնք տար-ւան ընթացքին գէթ մէկ անգամ կը բանան իրենց դռները եւ Ս. պատարագ կը մատուցեն:
«Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողքին ունինք նաեւ հայ կաթողիկէ համայնք (2000 հոգի), հայ աւետարանական համայնք (500 հոգի): Իսկ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներուն թիւը Թուրքիոյ մէջ կը հասնի 70.000ի: Մենք գործող աշխոյժ համայնք ենք, Թուրքիոյ միւս ազգային փոքրամասնութիւններուն հետ բաղդատելով՝ շատ աւելի մեծ թիւ կը կազմենք: Օրինակ՝ ասորական համայնքը կը հաշուէ շուրջ 25.000, հրէականը՝ 20.000, միւսները շատ աւելի քիչ թիւ կը ներկայացնեն», յայտնած է արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Անդրադառնալով այն դժգոհութեան, թէ թրքական իշխանութիւնները ինչո՞ւ պատրիարքարանի իրաւասութեան ու խնամքին չեն վերադարձներ հայկական բոլոր պատմական եկեղեցիները՝ արքեպիսկոպոս Աթեշեան նշած է, որ իրենք չունին այն հսկայական նիւթական միջոցները, որոնք կարելի պիտի դարձնեն բարեկարգել վնասուած եկեղեցիները: Բացի ատկէ կայ մարդուժի տագնապ, որովհետեւ հոգեւորականներուն թիւը շատ քիչ է (22-23 հոգի):
«Մենք այսօր Տիգրանակերտի եկեղեցին չենք կրնար նորոգել: Մէկ եկեղեցւոյ վերականգնման համար անհրաժեշտ է մօտաւորապէս 1 միլիոն տոլար: Եթէ նոյնիսկ մեզի վերադարձնեն 500 եկեղեցի, այդ բոլորին վերանորոգութեան համար կը պահանջուի մէկ միլիառ տոլար: Բայց մենք ո՛չ միայն այդքան գումար չենք կարող ապահովել, այլեւ նոյնիսկ պահակ մը չենք կրնար նշանակել բոլոր այդ եկեղեցիներուն մէջ: Թէեւ պետութիւնը վերանորոգուած եկեղեցին կ՛օգտագործէ իբրեւ թանգարան կամ մշակոյթի տուն, բայց եւ այնպէս մենք այնպէս կը մօտենանք, որ եկեղեցին փրկուեցաւ աւերակ վիճակի մէջ մնալէ եւ ամբողջովին կործանելէ»։
Պատասխանելով «Ermenihaner.com»ի այն հարցումին, թէ կա՞ն իսլամացուած այնպիսի հայեր, որոնք իրենց հայկական եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը վերականգնելու համար կը դիմեն Պոլսոյ պատրիարքարան, արքեպիսկոպոսը պատասխանեց.
«Ես անմիջապէս կ՛ընդունիմ այն հայերը, որոնք կրնան փաստեր ներկայացնել այն մասին, որ հայկական ծագում ունին, իրենց արմատը հայկական է: Նմանները կը հետեւին 6 ամսուան դասընթացի՝ քրիստոնէութեան, մկրտութեան եւ հայ ըլլալու մասին: Այնուհետեւ անձնաթուղթը պաշտօնապէս փոխել կու տան, կ՛արձանագրուին իբրեւ քրիստոնեաներ, ապա մկըրտուելով կը դառնան հայ եկեղեցւոյ անդամ: Տարեկան շուրջ 60-70 հոգի այսպիսով կը վերականգնեն իրենց հայ քրիստոնէական ինքնութիւնը»:


«Ակունք»
Պոլիս