Ջաւախքի հայութեան գոյավիճակին մասին մտահոգութիւնները օր ըստ օրէ աւելի ու աւելի ճնշիչ կը դառնան:

Մէկ կողմէն լեզուի եւ մշակութային իրաւունքներու ոտնակոխումը եւ միւս կողմէն ծրագրուած հայաթափումը, Ջաւախահայութեան դէմ գործադրուած անիրաւութիւնը կը հասցնեն այն մակարդակին, որ այլեւս կարելի չէ ձեռնածալ մնալ: Այս ուղղութեամբ, հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններ որոշ գործունէութիւն կը տանին, թերթերը միշտ կ'անդրադառնան այս նիւթին, մանաւանդ, երբ նոր եկեղեցի մը քանդուի, կամ ջաւախահայ նոր դէմք մը բանտարկուի, եւայլն: Մէկ խօսքով, արդէն հայկական ճառաբանութեան մէջ մտած է եւ օրակարգի հարց է: Դաշնակցութիւնը նոյնիսկ  պարագան կը նմանցնէ Նախիջեւանին եւ կ'ըսէ, թէ արագ շարժիլ պէտք է, ապա թէ ոչ հայաթափումը ամբողջական կ'ըլլայ: Տակաւին անցեալ շաբաթ, Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, մեծ ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր «Զաւարեան» ուսանողական միութեան կողմէ այս հարցին շուրջ՝ ժողովրդական ուշադրութիւն հաւաքելու համար:
Այս շրջածիրին մէջ, անշուշտ որ վրացական կառավարութենէն հաշիւ պէտք է պահանջել: Սակայն հարցը պէտք է դիտել իր ամբողջութեան մէջ: Խօսքեր կան որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու նոր օրէնքէն բուն օգտուողները եւ մեծամասնութիւնը Վրացահայերն են: Երեւի թէ մինչեւ որ ՀՀ իշխանութիւնները չհրատարակեն թիւերը, վստահ պիտի չկարենանք ըլլալ, բայց ըստ երեւոյթին, եւ վստահելով հարցին հետեւողներու կարծիքներուն, իրականութիւնը այդ է: Պատմութիւնը այն է թէ, քանի որ Վրաստանի հպատակները քանի մը տարիէ ի վեր չեն կրնար աշխատիլ Ռուսաստանի մէջ -ուր աշխատանք փնտռելու կ'երթան Կովկասեան բոլոր երկիրներէն- ուրեմն կը տուժեն նաեւ ի մասնաւորի Ջաւախքի Հայերը, նկատի ունենալով շրջանի լայնատարած աղքատութիւնը: Ուրեմն, Ջաւախահայերը կը դիմեն հայաստանեան քաղաքացիութեան, եւ իշխանութիւնները կու տան այդ քաղաքացիութիւնը, ՀՀ նախագահը կը ստորագրէ այդ թուղթը, որպէսզի Ջաւախահայերը կարենան Ռուսաստան մեկնիլ՝ աշխատելու: Այլ խօսքով՝ Հայաստանը կ'օժանդակէ Ջաւախքի հայաթափման: Մի քանի տարի առաջ ալ, շշուկներ կային թէ ՀՀ իշխանութիւնները կը միտին բնակեցնել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ջաւախքէն Հայաստան եկած տնտեսական գաղթի զոհերով: Փաստօրէն այսպիսի ծրագիր մը կայ, որոշ քաղաքականութիւն մը, որ սակայն կը մնայ մշուշոտ, եւ կը ծածկուի հայրենասիրական պատկերներով:
Պէտք է արդար ըլլալ, եւ ըսել, որ բոլորիս համար զգացական շատ մեծ հրճուանք է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալ, բռնել անձնաթուղթը ձեռքին, վրան հայատառ կարդալ մեր անունը, տեսնել ՀՀ զինանշանը, եւ երբ ճամբորդել Հայաստան, պէտք չունենալ դիմելու վիզայի եւ մռմռալու՝ «Մարդ իր հայրենիքը վիզայո՞վ կ'երթայ»: Բայց իրականութեան մէջ, ամէն մէկս բան մըն է որ կը փնտռենք այս քաղաքացիութեան մէջ: Եթէ Ջաւախահայերը կ՛ուզեն այս անձնագրով Ռուսաստանի մէջ աշխատելու իրաւունք ձեռք բերել, ապա Սուրիահայերը նոյն անձնագրով կ՛ուզեն Արաբական ծոցին մէջ՝ սուրիականէն աւելի բարձր դասուող հայկական անձնագրով աշխատիլ, բնականաբար՝ աւելի բարձր աշխատավարձով:
Լիբանանահայերը կ'ուզեն Եւրոպական եւ Ամերիկեան վիզաներու դիմելու ժամանակ հայկական անձնագրով դիմել, որ աւելի դիւրին ըլլայ: Պարսկահայերը եւ Թրքահայերը կÿուզեն որոշ ապահովութիւն զգալ, որ եթէ իրենց երկիրներուն մէջ վիճակը յանկարծ վատթարանայ, կամ պարզապէս Հայերուն վիճակը վատթարանայ, գոնէ տեղ մը ունենան երթալու. մանաւանդ Պարսկահայերէն շատերը նոյնիսկ բնակարաններ կը գնեն Հայաստանի մէջ: Ամերիկա գաղթած Հայաստանցիներուն համար առիթն է վերատիրանալու իրենց կորսնցուցած քաղաքացիութեան, եւ վերջապէս Հայաստանեան իշխանութիւններուն համար ալ՝ նոր քաղաքացիներ, նուազող բնակչութիւնը հակակշռող նոր զանգուածներ ապահովելու:
Բնականաբար, երկիր մը, հայրենիք մը պէտք է կարողութիւնը ունենայ իր բոլոր քաղաքացիներուն եւ իր Սփիւռքին օգտակար դառնալու, եւ եթէ երկքաղաքացիութեան իրաւունքը քաղաքականութիւն մըն է, որ կարողութիւնը ունի համաձայնութեան մը բերելու ազգին բոլոր հատուածները՝ հարց չկայ: Սակայն ո՞րքանով ճիշդ պիտի գործադրուի այդ վարդագոյն քաղաքականութիւնը:
1946-1949 թուականներուն ալ ներգաղթը կար, եւ հայրենիք երթալու կարգախօսով իրենց բնիկ հողէն, Քեսապէն եւ Արամոյէն է, որ մարդիկ ելած Հայաստան գացած են: Ասոնք այն երկու գիւղերն են, որոնք հայկական են դարերէ ի վեր, եւ Սուրիոյ սահմաններուն մէջ մնալով չեն հայաթափուած Եղեռնի օրերուն: Այս գիւղերու բնակիչներուն կամ նոյնիսկ Պոլսահայերուն, կամ նոր Ջուղայեցիներուն Խորհրդային Հայաստան երթալը որքան որ ներգաղթ էր, Ջաւախքի Հայերուն Լեռնային Ղարաբաղ հաստատուիլը նոյնքան ներգաղթ է:
Վրաստանը  որպէս թշնամի տեսնելը՝ նշանախեցի չափ օգուտ չտալէն բացի, վնաս կը հասցնէ, եւ  թող  ներուի  եթէ հեռուէն յայտնուած կարծիքը անիմաստ թուի, բայց պէտք է օտարին աչքի մէջի փուշը տեսնելէ առաջ, մեր սեփական աչքին մէջի գերանը տեսնել:


ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.