«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Տուն երթալու խնդիր

Մօտիկ բարեկամներս գիտեն թէ այն թուականներուն երբ կը ստանձնէի թերթի հրատարակութեան ամբոջական պատասխանատուութիւնը, ես կը գործէի տարբեր ասպարէզի մէջ։ Իզմիրի մէջ բամպակեղէնի ու կտաւի գործարանի ներկայացուցիչն էի ամբողջ Անատոլուի տարածքին վրայ։ Ծանր ու պատասխանատու գործ էր, եւ ես շատ ալ չէի սիրեր այդ գործը։ Բայց պատուաբեր պաշտօն էր։ Հրապարակին վրայ ամէն օր քանի մը հարիւր վաճառականներու հետ գործ ունէի։ Վերջին շրջաններուն գործերն ալ դժուարացած էին։ Մէկ մխիթարութիւն միայն ունէի։ Գրասենեակը իրիկունը ժամը հինգին կը փակէինք ու տուն կþերթայինք։ Ժամը հինգը մեզի համար արդէն իրիկուն կը նշանակէր, արձակուրդ կը նշանակէր, թէեւ ես գիտէի որ ուրիշներ իրենց խանութներուն մէջ կþաշխատէին մինչեւ գիշերուան ժամը ութ, նոյնիսկ ինը։
Մեր թերթին խմբագրատան մէջ ալ կիրարկեցի նոյն դրութիւնը։ Իրի- կունը ժամը հինգին՝ վերջ։ Ամէն մարդ կրնայ երթալ իր տունը։ Այդ ժա- մուն օրուան թերթը արդէն շատոնց հրատարակուած է, յաջորդ օրուան թերթին համար որոշ պատրաստութիւն մըն ալ տեսնուած է, ուստի կրնայինք օրուան գործը վերջացած նկատել եւ տուն երթալ։
Ասիկա կը նշանակէ որ քսան տարեկանէս մինչեւ այսօր, լման վաթսուն տարի, ես իրիկունները ժամը հինգէն վերջ գործատեղիիս մէջ գրեթէ հինգ վայրկեան իսկ մնացած չեմ։ «Ա՜խ, ի՜նչ հանգիստ գործ» պիտի ըսեն շատեր, մանաւանդ այն մարդիկը որոնք գիտեմ թէ պարտաւոր են աշխատիլ մինչեւ գիշերուան ժամերը, օրը տասներկու ժամ։ Ճիշդ է,  չեմ կրնար ժխտել։ Իսկապէս հանգիստ գործ։ Ժամը հինգին դռները փակել եւ տուն երթալ։
Միայն թէ հոս ալ հարց մը կայ։ Մինչ իմ գործակիցներս ժամը հինգին խմբագրատունէն տուն կþերթան, ես մէկ խմբագրատունէն կþելլեմ ու կþերթամ դէպի միւս խմբագրատունը, որ իմ տունս է։ Ամբողջ կեանքիս  մէջ ինչ գիրք որ գրեցի ¬եւ շատեր գիտեն թէ որքան շատ գիրք գրեցի¬, բոլորն ալ գրուեցան երկրորդ խմբագրատան մէջ, այսինքն իմ բնակարանիս մէջ։ Գրուեցան ժամը հինգէն ետք, իրիկնային ու գիշերային ժամերուն։ Ըսել կþուզեմ որ քառասուն տարիէ ի վեր ժամը հինգէն վերջ ալ կþաշխատիմ, հակառակ որ խմբագրատան դուռը գոցած եմ ու տուն գացած եմ իմ միւս գործընկերներուս նման։
Հոս ալ կայ հարց մը որ պէտք է ընդգծուի։ Երբ կþըսեմ որ ես ժամը հինգէն վերջ ալ բնակարանիս մէջ կþաշխատիմ որպէսզի յօդուած, գիրք կամ մինչեւ իսկ լուր գրի առնեմ, սա «կþաշխատիմ» բառը խնդալ կուտայ ինծի։ Միամտաբար եւ խորամանկօրէն կը մտածեմ որ ես իմ ընթեր- ցողները կը խաբեմ երբ կը գործածեմ «աշխատիլ» բառը, որովհետեւ իրականութեան մէջ գրելը ինծի համար աշխատանք չէ, այլ զուարճալի զբաղում է, ժամանց, նոյնիսկ հանգիստի ժամ։ Իրաւ ալ, գրելը այնքան հաճելի է ինծի համար, որ շատ անգամ անհամբերութեամբ կը սպասեմ որ առիթը յարմար ըլլայ ու ես սեղանիս առջեւ նստիմ գրելու նպատակով։ Ալ ասիկա աշխատիլ կրնա՞յ նշանակել։
Բայց բնականոն պայմաններու մէջ ու բնականոն մարդոց համար աշխատատեղիին դուռը գոցելը կը նշանակէ վերջ տալ աշխատանքին ու մտնել արձակուրդի ժամերէ ներս։ Խմբագրատան մեր գործընկեր- ներուն համար ալ նոյնն է կացութիւնը։ Անոնց համար յաճախ ժամը հինգը այն ժամն է ուր մինչեւ յաջորդ առտու հրաժեշտ պիտի տան աշխատանքին։ Դէմ չեմ։ Գիտեմ որ անոնք կը նմանին դպրոցական այն աշակերտներուն որոնք անհամբերութեամբ կը սպասեն որ տուն երթալու ժամը հնչէ։
Եւ սակայն հոս ալ կայ հարց մը որ խնդուք կը պատճառէ ինծի։ Առաջին օրերուն, երբ ժամը հինգին կþարձակուէինք, կը տեսնէի որ մեր գործակիցները տասը վայրկեան առաջուց արդէն կը դադրեցնէին աշխատանքը ու պատրաստութիւն կը տեսնէին մեկնելու համար։ Յետոյ տասը վայրկեանը վերածուեցաւ տասնըհինգ վայրկեանի, կամ քսան վայրկեանի։ Չառարկեցի։ Դէմ չեմ։ Որովհետեւ նախ ես խիստ ղեկավար կամ խիստ գործատէր չեմ, յետոյ որովհետեւ կը հաւատամ որ մարդիկ մեքենայ չեն որպսէզի ճիշդ ժամուն անոր կոճակը գոցես ու անկէ վերջ անոր ըսես. «Հիմա կրնաս տուն երթալ»։ Մեքենան կþաշխատի անսայթաք ու արդիւնաւէտ կերպով մինչեւ որ կոճակը գոցես, բայց մարդը մեքենայ չէ որպէսզի մէկ կարգավիճակէն յանկարծ անցնի միւս կար- գավիճակին։ Մարդը, թէ՛ մարմնով, թէ՛ հոգեբանութեամբ, կամաց  կամաց է որ կþանցնի մէկէն դէպի միւսը, աշխատանքէն դէպի արձակուրդ։
Ես միայն ինծի դէմ է որ լաւ ու խիստ ղեկավար եմ։ Ես միայն ինծի է որ կþըսեմ.
«Ի՜նչ արձակուրդ։ Ի՜նչ ժամը հինգ։ Աշխատանքը վերջ չունի։ Կամ եթէ ունի, ատիկա ժամացոյցին կապուած չէ։ Քու արտադրած գործին կապուած է»։
Լաւ որ ուրիշին նկատմամբ ալ այնքան խիստ չեմ  որքան խիստ եմ ես ինծի նկատմամբ։

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)