(Երեւանին մէջ իրենց գրքերուն հրատարակութեանց առիթով)

Գրել այս երկու արժէքաւոր գրողներու մասին կը նշանակէ խօսիլ Մեծ Ոճիրէն ետք Փարիզ գաղթած եւ հոն ապրած եւ ստեղծագործած անմոռանալի սերունդի մը մասին, որ քսանական ու երեսունական թուականներէն սկսեալ, հոյակապ գրականութիւն մը թողուց մեզի, արեւմտահայ գրաշխարհին մէջ:

ԱՄԷՆԷՆ  ՅԱՐՄԱՐ ՀԱՍՑԷՆ
(Գործնականութեան  Զգայարանքով)

Հայաստանեան մամուլի կայքէջերը աչքէ անցընելու ընթացքին  ուշադրութիւնս գրաւեց նախադասութիւն մը, զոր օգտագործած էր Առաւօտ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան, երբ  բոլորովին տարբեր նիւթ շօշափող խմբագրական իր նօթերէն մէկուն մէջ յղումի ձեւով կը գրէր  «ինչպէս դաշնակցականներն սիրում են ասել՝ տեսլական»:

ՀՀ վարչապետի ԱՄՆ կատարած այցելութեան առիթով՝ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը

Չկայ շատ բան, որ արդէն ըսուած չըլլայ եւ դուք  լսած չըլլաք, յատկապէս՝ Երեւանի մեր գաղափարակից ընկերներէն:

Կիրակի, Դեկտեմբեր 2-ին, Երեւանի Արամ    Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մուրադ Մշեցիի երգահանդէսը, մասնակցութեամբ, երգիչներ Սիրանուշ Գալստեանի եւ Կարէն Մշեցիի:

Սալայատակէն  սողոսկացող դեկտեմբերեան ցո՞ւրտն էր ամբողջ մարմինս դողացնողը, պատկերասփիւռէն ցուցադրուող ահաւոր պատկերնե՞րը, թէ՞ դուրսը որոտացող ռումբերուն դղրդիւնները… Անկարող էի ճշդել, անկարող եմ նաեւ այսօր: