ԱՄԷՆԷՆ  ՅԱՐՄԱՐ ՀԱՍՑԷՆ
(Գործնականութեան  Զգայարանքով)

Հայաստանեան մամուլի կայքէջերը աչքէ անցընելու ընթացքին  ուշադրութիւնս գրաւեց նախադասութիւն մը, զոր օգտագործած էր Առաւօտ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան, երբ  բոլորովին տարբեր նիւթ շօշափող խմբագրական իր նօթերէն մէկուն մէջ յղումի ձեւով կը գրէր  «ինչպէս դաշնակցականներն սիրում են ասել՝ տեսլական»:


Կարեւոր չէ հոս, եթէ  դրականով արձանագրուած այս նախադասութիւնը արհամարհանքի որոշ բաժին մը կը պահէ՞ տողատակի թէ ոչ: Այս նշմարին նիւթն ալ այդ չէ արդէն:
Բայց հարեւանցի նշեմ, որ տեսիլք ունենալու եւ տեսլականով գործելու դաշնակցական- ներու լոզունգը, տարիներու երկայնքին  կուսակցութեան համար վերածուած է նորանոր հանգրուաններու ճամբան հարթող ուժի, գործունէութիւն հունաւորող վարքագիծի, ձեւով մը եղած է Դաշնակցութեան բնաւորութիւնը, որ ըստ էութեան  քաղաքական, ընկերային ու կազմակերպական ամէն մարզի մէջ աւելի լաւին ձգտելու առաքինութիւնն է, որքան ալ ոմանց կողմէ անիկա նկատուի գործնականութեան զգայարանքը ամլացնող մտային վիճակ,  «պրակմաթիզմի»  անտեսում:
Տեսիլքը նոր հորիզոններ բանալու եւ զանոնք նուաճելու յանդուգն մտասեւեռում է եւ ոչ թէ իրատեսութիւնը մոռցնող մտավիճակի  արդիւնք: Միաժամանակ՝ գործնապաշտութեան մերժումն է եւ անոր  տիրապետութիւնը վանելու կամք:
Այո, բոլոր ժամանակներու մէջ տեսիլքով գործած է Դաշնակցութիւնը: Պիտի շարունակէ նաեւ այսուհետեւ, նոյնիսկ եթէ նորէն մինակ մնայ վաղը, ինչպէս որ մնացած էր երէկ :
Տեսլականով գործելու նորագոյն արարը այս օրերուն կը կատարուի Հայաստանի մէջ, ուր նախագահական ընտրութիւններու սեմին, Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինը նախաձեռնած է խորհրդակցութիւններու, որպէս զի նախագահի պաշտօնին համար միասնական թեկնածու մը կարելի ըլլայ առաջադրել այն նպատակով ու պայմանով սակայն, որ այդ թեկնածուն յանձնառու պիտի դառնայ սահմանադրական բարեփոխութեամբ պետական վարչակարգը նախագահականէն փոխակերպելու խորհրդարանական համակարգի:
Հայաստանի վերանկախացման առաջին օրերէն հայրենիքի պետական կառոյցը խորհըրդարանական համակարգով օժտելու հետապնդումը Դաշնակցութեան  մտասեւեռումը եղած է, որովհետեւ կը հաւատայ որ այդ ձեւով,- միայն նուազագոյնը ըսելու համար,- լիարժէք կը դառնան կուսակցութեանց  միջնորդի  դերն ու առաքելութիւնը ՝ ժողովուրդ-պետութիւն յարաբերութեանց  մէջ :
Դաշնակցութեան այս տեսլականը դիւրին իրականանալի խնդիր չէ : Գլխաւոր երկու պատճառներէն մէկը ենթակայական է, կը վերաբերի նախագահի աթոռը գրաւող անձին , որ յանձնառու դառնալէ ետքն իսկ եւ ըլլալով քաղաքական անհատականութիւն, դժուար թէ  հրաժարի  նախագահական ամէնազօրի իրաւասութիւններէն եւ կարենայ սանձել անձնիշխանական հակումները :
Երկրորդ պատճառին բարդութիւնը աւելին է, թերեւս նաեւ արգելք, որ ընտրուած նոր նախագահը  կարենայ իր այդ յանձնառութիւնը հեզասահօրէն իրականացնել , նոյնիսկ եթէ խորհրդարանական համակարգի խոր համոզումը ունեցող մըն է եւ անկեղծօրէն տրամադրուած՝  յաջողցնելու ատիկա:
Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին մէջ, ԱՊՀ-ի  երկիրներու սահմանադրութիւնները թերեւս  իրարմէ կը տարբերին կարգ մը հրահանգներով ու սկզբունքներով, բայց եւ այնպէս, բոլորը ունին կառավարման սիստեմի միեւնոյն առանցքը, այսինքն լիազօր իրաւասութիւններով նախագահականը, որ կ՛ենթադրեմ թէ պատահականութեան արդիւնք  չէ, այլ կառավարման մշակոյթի բնութագիծ է, որու փոփոխութեան համար անհաւանական չէ զօրաւոր ընդդիմութիւն մը՝ յատկապէս Ռուսիայէն: Անկախ կառավարման մշակոյթի բնութագիծ ըլլալէն, կասկած չկայ նաեւ, որ միակ ու լիազօր անձի մը հետ տարատեսակ խնդիրներ լուծելը նախընտրելի է եւ շատ աւելի հեշտ: Ոչ մէկ նախագահ, յատկապէս իր առաջին նստաշրջանին, պիտի համարձակի «ճակատիլ» հաւանական ընդդիմացողներուն դէմ:
 Ներկայ հանգրուանին եւ ըստ իմ կարծիքիս,  բանակցութեանց համար ամէնէն յարմար հասցէն կրնայ ըլլալ այժմու գործող նախագահը, Սերժ Սարգսեանը,  որ եթէ համոզուի խորհրդարանական համակարգի օգուտին եւ վերընտրուելու պարագային, իր երկրորդ ու վերջին նստաշրջանի աւարտին կրնայ իրականացնել համակարգային փոփոխութիւնը: Քանի որ նման նախաձեռնութեամբ մը իր անունը պիտի դրոշմէ պատմութեան մէջ եւ մանաւանդ,  քուէարկողներու մեծամասնութիւնը ապահովող Հանրապետական Կուսակցութեան նախագահը իբրեւ, իր առջեւ պիտի բանայ վարչապետական պաշտօնին հեռանկարը:

Միհրան Քիւրտօղլեան