(Երեւանին մէջ իրենց գրքերուն հրատարակութեանց առիթով)

Գրել այս երկու արժէքաւոր գրողներու մասին կը նշանակէ խօսիլ Մեծ Ոճիրէն ետք Փարիզ գաղթած եւ հոն ապրած եւ ստեղծագործած անմոռանալի սերունդի մը մասին, որ քսանական ու երեսունական թուականներէն սկսեալ, հոյակապ գրականութիւն մը թողուց մեզի, արեւմտահայ գրաշխարհին մէջ:

Այս սերունդը թրծուեցաւ խորապէս հմտութիւն ստանալով «լոյսի քաղաքի» համայն աշխարհին հետ մտերմանալով, յօրինեց հայերէն սքանչելի լեզուով եւ նոր ուղիներ բացաւ հայ գրականութեան նուիրեալներուն առջեւ: Ժամանակին Սովետական Հայաստանը, բոլորիս ծանօթ քաղաքական տխուր պատճառներով, այս տղոց շատերուն անունները իր սեւ ցանկին վրայ աւելցուցած էր ու զանոնք յիշատակելն անգամ ֆիզիքական ու ասպարէզային պատիժներու համապատասխան դարձուցած էր: Քսան եւ աւելի տարիներէ ի վեր, գրական մեր կեանքէն հեռացուցած ենք այդ անբաղձալի հրահանգները ու մասամբ մը կ՛ապրինք աւելի ազատ պայմաններու մէջ:
Վերջին այս տարիներուն, Երեւանին մէջ, ճշգրիտ ու հաւատարիմ կերպով վերահրատարակել սկսանք Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը, Յակոբ Օշականը, Կոստան Զարեանը, Յակոբ Կարապենցը, Համաստեղը, Վազգէն Շուշանեանը, Արամ Հայկազը, Պօղոս Սնապեանը, Մովսէս Պչաքճեանը, Շաւարշ Նարդունին, Նիկողոս Սարաֆեանը եւ կարգ մը ուրիշ արժէքաւոր արձակագիրներ ու բանաստեղծներ, որոնք առհասարակ անծանօթ մնացած էին հայրենի ընթերցողներու լայն եւ նոյնիսկ նեղ շրջանակներուն մէջ: Քաղաքական անպարկեշտ հաշիւներ, որոնք պէտք է հեռու մնացած ըլլային զտարիւն հայ գրականութենէն: Պէտք է ընդունինք սակայն, որ պարկեշտ ու ազգային արժանապատուութիւն ունեցող գրողներ ու գրականագէտներ ունեցած ենք այդ վտանգաւոր ու անորոշ տարիներուն, որոնք իրենց կեանքին գնով անգամ, ըսած են ու գրած են ճշմարտութիւններ, որոնք կապ ունեցած են ազգային ոգի եւ համամարդկային արժէք ունեցող գրականութեան հետ: Այս հարցը սակայն շատ ջուր պահանջող հարց մըն է, որ կ՛արժէ շաղախոտել ապագային առանց շաղակրատելու:
Գրասեղանիս գրքերու դէզերուն վրայ կան, վերջերս հրատարակուած, երկու գեղատիպ գրքեր: Մէկը Շաւարշ Նարդունին է «Անձրեւին ձորը» խորագրով, իսկ միւսը Նիկողոս Սարաֆեանը «Հսկում» վերնագրով: Երկուքն ալ արձակ, երկուքն ալ հրատարակուած Պետական պատուէրներով եւ Արթուր Անդրանիկեանի պատրաստութեամբ, յառաջաբաններով եւ հսկողութեամբ: Երկուքն ալ ի մի հաւաքուած են վերոյիշեալ գրողներու հրատարակած գրքերէն ընտրուած, իսկ Սարաֆեանի պարագային, նաեւ Սփիւռքի գրական ամսագրերէն առնուած: Երկու գրքերն ալ, իրենց հեղինակներուն նման, արժէքաւոր են ու հետաքրքրական: Նարդունին նոյն Նարդունին է իր գեղեցիկ պատմուածքներով եւ խորիմաստ գրութիւններով, որոնք համեմուած են ջինջ արեւմտահայերէնով: Իր, «Կարօտ հայ լեզուին» գրութիւնը, գրադարանիս մէջ, բարձրաձայն, անգամ մը եւս ըմբոշխնեցի: Իսկ Սարաֆեան, ինչպէս իր բանաստեղծութեանց մէջ, նաեւ իր արձակին, հրապուրիչ է ու այլազան մտորումներու կ՛առաջնորդէ ընթերցողը: Երկուքն ալ խորաթափանց մտաւորականներ: Երկուքն ալ անմոռանալի գրողներ: Կը շնորհաւորենք այս զոյգ գրքերուն հրատարակութեանց համար իրենց օժանդակութիւնը բերած ու նուիրումով աշխատած բոլոր գրասէր անհատներուն, անխտիր: Հայաստանին մէջ, այսպիսի արժէքաւոր գրողներու գործերուն հրատարակութիւններն ու վերահրատարակութիւնները իսկապէս գնահատելի են ու քաջալերիչ ու նաեւ մեր գրական ապագային նկատմամբ յուսադրիչ,որ ոչ միայն հայ գրականութիւնը կը ճոխացնեն, այլ հայրենի ընթերցողին կը ծանօթացնեն վաւերական ու իսկական արժէքներ:
  Այս երկու գրքերն ալ հրատարակուած են հեղինակներուն լեզուին հաւատարին մնալով ու դասական ճշգրիտ ուղղագրութեամբ: Գնահատելի եւ քաջալերելի մօտեցումներ արդարեւ: Կը սպասենք նոյնանման արժէքաւոր այլ հրատարակութիւններու:
Մտահոգութիւն.- Այս երկու հրատարակութեանց առիթով երբ Երեւանի մէջ խօսեցայ ընթերցասէր անհատներու հետ, բոլորն ալ ըսին, թէ «չենք ճանաչում նրանց», հակառակ այն իրողութեան, թէ Սարաֆեանը երկու անյարմար տարիներու ընթացքին, քսանըչորս եւ տասնութը տարիներ առաջ հրատարակուած է Երեւանին մէջ առանց ժողովրդականութիւն շահած ըլլալու: Իսկ Նարդունին առաջին անգամն է, որ կը հրատարակուի Երեւանին մէջ: Ընթերցասէր բարեկամներս սակայն, ազնուութիւնը ունեցան հարցնելու, թէ «ուրկէ՞ կարող են գնել այս գրքերը»: Դժբախտաբար ճշգրիտ պատասխան մը չկարողացայ տալ իրենց:                                                          
Ես դեռ չեմ հասկցած թէ Պետական պատուէրներով հրատարակուած գրքերը ո՞ւր կ՛երթան, ո՞ւր կը վաճառուին, Աստուած գիտէ միայն: Այս հարցն ալ, Հայաստանին մէջ տիրապետող  ուրիշ կարեւոր հարցերու շարքին, տակաւին անհասկնալի մնացած է ինծի: Արդեօք այս հարցին կապակցութեամբ սխա՞լ տեղեկութիւններ կը տրուին ինծի:
Այլազան գրքերու շնորհահանդէսներու ընթացքին անգամ, որոնց մեծամասնութեան ներկայ գտնուած եմ ու իմ տեսակէտներս արտայայտած, ինչպէս վերոյիշեալ գրքերու պարագային, խնդրոյ առարկայ գիրքը անմատչելի եղած է սակաւաթիւ ներկաներուն:
Մինչ այդ, ընթերցասէրներ չկան ըսելը, գրելը ու կուրծք ծեծելը եւ այս ուղղութեամբ անտարբեր ու անհոգ մնալը ծիծաղելի կը գտնեմ պարզապէս: 
Ուրիշ հարցերու շարքին այս կարեւոր հարցն ալ, յուսանք օր մը, իր արժանի լուծումը կը գտնէ: 
Յուսանք...:

Մարգար Շարապխանեան