Մեր պատմութեան ընթացքին, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր, հայը կ’անցնի կրակի եւ արեան ճամբաներէ: Սակայն քաղաքական մանր-մունր հաշիւներու, կամ միջազգային մեծ ու պզտիկ բախումներու ընթացքին մէջ:

Անցնող քսանամեակի վերիվայրումներէն եւ խարխափումներէն յետոյ, հայ-թրքական փրոթոքոլներու վտանգաւոր ռիսկային գրաւէն յետոյ, հայկական դիւանագիտութիւնը կարծես թէ ազգային շահի պաշտպանութեան բանական հունը կը մտնէ:

Գաղութի հայկական վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններու ստուերը մեր վրայ, կարիքը կը ստեղծէ գաղութային զօրաշարժի, որպէսզի հայ դպրոցի ճառագայթը շարունակէ լուսաւորել մեր հոգիներն ու սրտերը, հայ ուսուցչին ու ծնողքին առաքելութիւնը զգացուի եւ հայ աշակերտին ազգային դաստիարակութիւնը շեշտուած կերպով գերադասուի ամէն բանէ վեր:

Ի՞նչ կրնայ արդեօք գրել հայկական դպրոցի մասին մէկը որ չէ վայելած անոր ջերմ մթնոլորտը: Ա՞նձ մը որ իր մայրենի լեզուն սորված է ընտանիքէն, որովհետեւ պայմանները -քանի կ’ ապրէր քաղաքի մը մէջ, ուր հայկական դպրոց չկար- չարտօնեցին իրեն սորվիլ կանոնաւորապէս գրաւոր մանաւանդ լեզուն իր օրէնքներով:

Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ օրացոյցին կէսը կը կազմեն պահոց օրեր: Այդ օրերուն կը հրաժարինք միսով կերակուրներ ուտելէ: