Գաղութի հայկական վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններու ստուերը մեր վրայ, կարիքը կը ստեղծէ գաղութային զօրաշարժի, որպէսզի հայ դպրոցի ճառագայթը շարունակէ լուսաւորել մեր հոգիներն ու սրտերը, հայ ուսուցչին ու ծնողքին առաքելութիւնը զգացուի եւ հայ աշակերտին ազգային դաստիարակութիւնը շեշտուած կերպով գերադասուի ամէն բանէ վեր:

Ճակտի քրտինքով եւ հոգիի ուժով դպրոցներ հիմնեցին Եղեռնէն ազատած եւ օտարութեան մէջ գաղթական դարձած մեր մամիկներն ու պապիկները, եւ հայ լեզուն յաջորդ սերունդներուն սորվեցնելու, ատով ազգային ինքնութիւն պահպանելու եւ արդար դատին պահանջատէր դառնալու ժառանգը ձգեցին մեր ուսերուն: Հայ Դպրոցը իբրեւ «ամրոց» կանգուն պահելով արժանի կ՛ըլլանք այդ ժառանգին եւ լաւագոյն ձեւով յարգած ՝ անոնց յիշատակը:
Ոչ միայն այդ: Վերջին տարիներուն, Ցեղասպանութեան դատապարտման քարոզչութիւնը դէպի օտար քաղաքական շրջանակներ, շեշտակիօրէն դարձաւ նա՛եւ ներազգային քարոզչական խնդիր, որու ծանր ազդեցութեան տակն է , որ մեր պատանի ու երիտասարդ սերունդները ազգային ինքնութիւն կերտեցին, իբրեւ ցեղասպանուած ազգի մը ժառանգորդներ: Ասոր դէմ՝ հսկայ է դերը հայ դպրոցին, որ հայ պատանիներուն պիտի ներշնչէ ուժ եւ հպարտութիւն՝ հայոց պատմութեան հերոսական էջերով եւ մեր մշակոյթի հարստութեամբ: Պատկանելիութեան հպարտութիւն, որ սերունդը պիտի ամրացնէ ազգային ինքնութեամբ, պայքարունակ ոգիով եւ ստեղծագործ միտքով: Այս է գլխաւոր ու անփոխարինելի առաքելութիւնը հայ դպրոցին:
Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի իմ սերունդի յուշերէս այս քանի մը պատառիկներով, կը յուսամ, որ ոմանց մօտ մասնակի պատահարի մը կամ ընդհանրական դէպքերու յուշեր կ’արթննան, ուրիշներու մօտ հին դասընկերներու կարօտի զգացում կ’արթննայ, աշակեր- տական կեանքի հաճել, նաեւ զաւեշտալի պահեր մտաբերելով: Փորձ մը, որ բոլորիս մօտ վերակենդանանայ կապուածութիւնը հայ դպրոցին հետ:
Իսկապէս ո՞վ չի յիշեր մանկապարտէզի հանդէսները, ուր «Արտաշէս թագաւորի եւ Սաթենիկի ամուսնութիւնը» հայկական պարերով ու երգերով, Վարդան Մամիկոնեանի քաջութիւնը, Թումանեանի «Քաջ Նազար»ի արկածախնդրութիւնները կեանք կ՛առնէին բեմին վրայ՝ երեխայական առոգանութեամբ, շարժուձեւերով եւ հմայքով:
Ո՞վ կը մոռնայ Մայիս 28ի օրը, ծնողներու եւ աշակերտներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած, անհամբերութեամբ սպասուած պտոյտները: Տարուան առաջին ծովու լոգանքը, Գոգինիա-Ֆիքս աշակերտական ոտնագնդակի մրցումը՝ քաջալերական բացագանչութիւններու մէջ, բացօդեայ խաղերն ու ընկերային զրոյցները, եւ վերջապէս բոլորին խանդավառութեան մէջ տեղի կ՛ունենար Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին նուիրուած բացօդեայ կոկիկ հանդիսութիւնը աշակերտներուն կողմէ: Պարզ այդ պտոյտով, ամբողջ «Մայիս 28»ի պատգամը խորապէս կը դրոշմուէր բոլորին հոգիներուն վրայ:
Ո՞վ չէ տպաւորուած չորրորդ դասարանի ուսուցչուհիին՝ տիկին Փայլիկին ուղղագրութեան դասին յաճախակի զգուշացումէն, թէ ««աչքը» չա-յով, «բաց չը-ով» կը գրուի, որպէսզի ձեր աչքերը միշտ բաց՝ չորս կողմը լաւ դիտէք եւ աշխարհը տեսնէք, իսկ «ականջը» ջէ-յով, «գոց ջը-ով» կը գրուի, որպէսզի ձեր ականջները գոցէք ուրիշներուն գէշ խօսքերուն կամ բամբասանքներուն դէմ»:
Ո՞վ խղճի խայթով, միաժամանակ ժպիտով չի յիշեր 5րդ-6րդ դասարաններու միասնական երգի դասապահը, ուր յաճախ աշակերտներուն աղմուկն ու ծիծաղները «երգի պարոն»ին՝ պարոն Կարոյի համբերութիւնը կը հատցնէին, որ թէեւ խիստ բարկացած ինքզինքէն կ՛ելլէր, բայց «յամառօրէն» կը շարունակէր մեզի սորվեցնել.
«Հայաստան աշխարհ դու մեր կարօտն ես, նոր կեանքով անմար,
Քո ճամբան հնում արնոտ քարոտ էր, դու ծաղկիր հիմա:
Ուր լինենք յաւէտ մեր լոյս փարոսը տունն է հայրենի
Մաշտոցի հզօր լեզուն վառ յոյսն է ամէն մի հայի»:
Իր այդ «յամառութեան» եւ իր սիրայօժար ջանքերուն շնորհիւ է, որ հայ երգի մեղեդիները անուշ կը հնչեն այսօր մեր ականջներուն:
Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ վեցերորդ դասարանի մէջ Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» բանաստեղծութեան դասաւանդութիւնը: Մեր ուսուցիչը՝ պարոն Միհրանը կրկնակի կը բացատրէր ու կը վերլուծէր ամէն մէկ տողը՝ շեշտուած հմայքով. պարտականութիւն կու տար ամբողջը անգիր-գոց սորվիլ ու թատերական բեմադրութեամբ արտասանել, մինչեւ որ բոլոր աշակերտները անխտիր՝ հերթաբար կատարէին երեք դերերն ալ.- Դերենիկին, մօր եւ պատմողին դերերը: Խիստ պահանջատէր էր «պատմողէն» եւ «մօրմէն» մեր ուսուցիչը՝ «ամբողջ իմաստը այս տողերուն մէջն է, ճի՛շտ շեշտէ», կը յորդորէր ու ինք օրինակը կու տար.-
…«Քաջ մօր հոգւոյն մէջ վիհեր կը բացուին լեցուած ամօթով՝
գգուել կրթի՞չ է կրծքի վրայ՝ արիւնոտ ճակատն իր երկչոտին:
Պահ մ՛իր գութին խուլ՝ կը մղէ ի բաց գլուխն իր այդ փոքրիկ վատին եւ կը գոռայ.
«Դու՜րս, մինչեւ որ արիւնդ անոր արեամբ չմաքրես, այսօր տուն չես գար,
մատնի՛չ խնամքներուս, միթէ վարսակի հացո՞վ սնար. Դու՜րս».................
-«Բայց մայրիկ, Ալին թուրքի՜ զաւակ է, աչքին մէջ հեռ կայ, իսկ մէջքը՝ բալա»
-«Իսկ դու ալ հա՛յ ես եւ մէջքդ ըլլայ թող իմ մկրա՛տս, ի՛լս, ինչ որ կ՛ուզես, դու՜րս»:…
Վստահաբար որ այդ դասին հետեւած շրջանաւարտ չկայ, որ մինչեւ այսօր չյիշէ Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը եւ «այդ տողերուն իմաստը»:
Վերջապէս որու՞ սրտին մէջ քնքուշօրէն չեն պահուած մեր դպրոցներու մտերմիկ միջավայրին մէջ մանկութեան բարեկամներու անմեղութիւնը, զբօսանքներու վազվզուքի եւ պահուտուքի խաղերու հաճոյքը, պատանեկան առաջին սիրոյ խայթոցներն ու իրարու ականջներուն փսփսուքները, առաջին զբօսանքէն յաջորդ զբօսանքին արդէն իսկ մոռցուած վէճերը, գրասեղաններու վրայ արձանագրուած «գաղտնիքները»: Առտու՝ դպրոցական բակին մէջ էին մեր սիրելի ընկերները, կէսօրէն վերջ միեւնոյն տեղը... բայց՝ ակումբին դաշտին մէջ:
Որու՞ն միտքը չէ, վկայականի հանդիսութեան օրը մեր տնօրէնին հրաժեշտի խօսքը.- «Բարով երթաք դպրոցէն, բարի եկաք այս յարկին տակ ծառայելու»:
Հայ ծնողքը կը պահէ հայ դպրոցը, մինչ ուսուցիչը՝ մարդկային արժէքները եւ հայկական ոգին կը ներշնչէ աշակերտներուն: Վարձքը կատար հայ ծնողներուն, որոնք զոհողութեամբ պահեցին մեր դպրոցները, վարձքը կատար հայ ուսուցիչներուն, որոնք նկարագիր տուին մեր դպրոցներուն գուրգուրալով իրերայաջորդ սերունդներուն վրայ, իսկ անոնց վարձքին արժանի են, պիտի շարունակեն ըլլալ՝ անցեալի թէ ներկայի աշակերտները:

ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ -ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ