Ի՞նչ կրնայ արդեօք գրել հայկական դպրոցի մասին մէկը որ չէ վայելած անոր ջերմ մթնոլորտը: Ա՞նձ մը որ իր մայրենի լեզուն սորված է ընտանիքէն, որովհետեւ պայմանները -քանի կ’ ապրէր քաղաքի մը մէջ, ուր հայկական դպրոց չկար- չարտօնեցին իրեն սորվիլ կանոնաւորապէս գրաւոր մանաւանդ լեզուն իր օրէնքներով:

Մէ՞կը, որ իր երկրի պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը սորվեցաւ ծնողքի եւ հարազատներու պատմուածքներէն ու յիշատակներէն եւ ոչ դպրոցէն: Ա՞նձ մը, որ չգտնուելով նոյն ուսումնական միջավայրի մէջ ուրիշ հայորդիներով, չէ կարողացած ստանալ հաւաքականութեան ապրումը, որը կու տայ նաեւ հանդիպիլը ու մեծնալը իր տարեկիցներով, որոնց հետ կը բաժնէ նոյն ազգի պատկանելիութեան զգացումը: Ինչո՞վ կարող է արդեօք սատարել այսպիսի անհատ մը էջի մը, որ կը վերաբերի հայկական դպրոցի օգտակարութեան եւ անհրաժեշտութեան, եթէ ոչ ցոյց տալու համար թէ ի՛նչ կը նշանակէ անոր պակասը: Ճիշտ այս էր որ զիս մղեց արտայայտելու մի քանի մտածումներս այս նիւթին շուրջ:

Մեծցած Գավալայի մէջ, ուր հայկական դպրոց չկար, հայերէնս ընտանիքիս կը պարտիմ: Մեծհայրիկներուս եւ մեծմայրիկներուս կը պարտիմ Հայկական Սուրբ Պատարագը սորվիլս իբրեւ խաղ, քիչ-քիչ ամէն օր եւ մինչեւ այսօր կրնամ մասնակցիլ մեր Եկեղեցւոյ արարողութեան: Հօրս, Սօս-Վանիի աշակերտ եւ մօրս, որ միայն նախակրթարանի առաջին դասարանով եւ իր ծնողքի օգնութեամբ, ինչպէս նաեւ անձնական ջանքով, իր հայերէնի մակարդակը ուշագրաւ աստիճանի հասցուցած է, կը պարտիմ որ առաջին լեզուն որ բերանս բացուեցաւ մայրենի լեզուս էր, որ այնքան քաղցր կը հնչէր ինծի համար, իսկ երբ պէտք եղաւ քիչ մը յունարէն սորվելու յունական դպրոց երթալէ առաջ, հակազդեցի ըսելով՝ «Կը բաւէ՜: Գիտցած յունարէնս բաւարար է դպրոցին համա՜ր»: Ու հաւատացէ՛ք, սիրելիներ, միշտ բոլորս ալ, քանի Յունաստան կ’ապրինք, յունարէնը, ամենօրեայ մեր կեանքի մէջ գործածելով, բաւարարէն աւելիով պիտի գիտնանք: Այն որ վտանգի տակ է մեր մայրենի լեզուն է, որուն եթէ ծնողքս չծանօթացնէին ինծի կեանքիս սկիզբէն, այսօր ականջներուս խորթ պիտի հնչէր եւ իբրեւ օտար լեզու պիտի սորվէի, ...եթէ սորվէի: Երախտապարտ կը զգամ ծնողքիս որովհետեւ ինծի սորվեցուցին մտածել, խօսիլ եւ արտայայտուիլ բնականօրէն հայերէնով:
Բայց հակառակ այս բոլորին բան մը պակաս էր: Լեզուի հետեւողական գիտութիւնը՝ ճիշդ գրելու համար Մեսրոպեան հրաշալի տառերը, շփումը այս մեծասքանչ լեզուին հետ, որ ինծի պիտի տար սահուն կարդալու կարողութիւնը եւ այսպէս դառնալու ոչ միայն հմուտ ազգիս հիանալի մշակութային ժառանգին, այլ նաեւ տեղեակ՝ երկրիս այժմէական իրադարձութիւններուն մասին ու անշուշտ հաւաքականութեան ապրումը, որուն մա- սին արդէն անդրադարձայ նախաբանիս մէջ: 
Փորձեցի վերոյիշեալ պակասը լեցնել երկու այցելութիւններով՝ մէկը Վենետիկ, իսկ միւսը Հայաստան, հայ լեզուի խտացեալ դասընթացքներու հետեւելու նպատակով: Ջանացի կարելիութեան սահմաններուն մէջ հաւաքել ազգային պատկանելիութեանս պակաս մասնիկնե- րը, կազմելու համար, այն չափով որ կարելի էր, անոր ամբողջական պատկերը: Անդրադարձայ որ, հակառակ թանկագին փորձառութիւններուն, որ անկասկած քաղեցի՝ լեզուի, մշակոյթի ու աւանդութեան խորացում, ծանօթութիւն եւ կապերու ամրացում աշխարհի ամէն կողմէն եկող հայորդիներու հետ, այս բոլորը չէին կրնար փոխարինել հայկական դպրոցի աննման մատուցումը: Բայց նոյնիսկ այն թերի հայերէնս աւելի մեծ օրհնութիւն ապացուցանուեցաւ քան ինչ որ ես կրնայի երեւակայել, քանի որ դարձաւ, մանաւանդ Հայաստանի մէջ, իրարու հետ հաղորդակցելու միակ միջոցը, երբ մեր մէջ ոչ մէկ ուրիշ լեզու կար հասկցուելու համար: Մեր մայրենի լեզուն էր, իր իւրայատուկ տառերով, որոնք յոյն բարեկամներ կոչեցին «ձեռագործի» նման: Ամեն հայու սրտին մէջ անզուգական տեղ ունեցող լեզուն էր, որ մեզ բոլորս միա- ցուց, որ տուաւ մեզի հաւաքականութեան զգացումը եւ պատճառ եղաւ մեր կապերու եզակի ամրացման, բայց միշտ տակաւին նուազ դպրոցէն, ուր ուրիշ տարեկից հարեւան հայորդիներու հետ ամէն օր կը շփուիս, որքան կը փափաքիս, ստեղծելով կապեր, որոնք շատ անգամ կարելի է ամբողջ կեանք մը կը տեւեն:
Վերադարձս զիս կը գտնէ ճիգի մէջ, պահելու եւ հարստացնելու բոլոր այն բաները որ սորվեցայ, այն չափով որ կարելի էր անշուշտ, ամսուայ մը ընթացքին, պայքար մը որ ինծի համար կը սկսի հայկական դպրոց յաճախած աշակերտներէն շատ աւելի ետ: Անոնք որոնք բացառիկ բախտը ունեցած են ստանալու հայկական դպրոցին անզուգական պարգեւը, հաւանաբար չեն անդրադառնար այն մատուցման արժէքին, որ կը կարծեմ գրածներէս բացայայտ է արդէն: Լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի մեր ժառանգ ու գանձերու գիտութիւնը հիմնաքարն է ամէն հայու համար, որովհետեւ անոր պակասը կը զրկէ մեզ մեր գոյութեան այն իմաստէն, իբրեւ հայ ազգի զաւակներ: Այլ խօսքով, չեմ կրնար երեւակայել անձ մը որ հայ կը համարէ ինքզինքը, անհրաժեշտ կարիքը չի զգայ, երբ նոյնիսկ պայմանները չեն ներած, իրագործելու սուրբ նպատակը՝ իր սեփական պատմութեան եւ մշակոյթին հաղորդակից դառնալ, լեզուի մը միջոցաւ, որ միայն այն կարող է խօսիլ իր հոգւոյն, իր մայրենի լեզուն՝ հայերէնը: 
Ծանօթ եմ վերջի տարիներու իրողութիւններուն եւ Յունաստանի մէջ տիրող դժնդակ տնտեսական պայմաններուն, որ բոլորիս վրայ, աւելի կամ նուազ չափով, ազդած են: Բայց առաջին անգամը չէ որ մեր ազգը դժուար վայրկեաններ կ’ ապրի: Անցեալին շատ աւելի դժուար, յուսահատական եւ ողբալի պարագաներու առջեւ գտնուած է: Սակայն երբեք չէ լքած այն արժէքները, որ իր էութեան հիմերը կը կազմեն: Այս հիմերէն մէկը, ամենակարեւորը, լեզուն է, որ շունչ կու տայ ազգային ինքնութեան, որուն կատարեալ մշակումը միայն դպրոցը կրնայ մատուցել: Այս լեզուն, մեր ազգային ինքնութեան կորիզը, չլքեցինք երբ նոյնիսկ մեր ֆիզիքական գոյութիւնը վտանգի մատնուեցաւ, երբ մեր ազգը մահուան ճանապարհի վրայ կը քալէր, ուր ոչնչացումը անխուսափելի կ’ երեւար, երբ գաղթական, նոյնիսկ ուտելու եւ հագուելու դժուարութիւն ունենալով, դպրոցներ կը կառուցէր, որպէսզի չմեռնի հայ լեզուն ու միշտ հնչէ յաջորդ սերունդներու շրթներուն վրայ: Կը հարցնեմ, ուրեմն, սիրելիներ, ունի՞նք մենք իրաւունքը մեր լեզուն ու դպրոցը լքելու այսօր: 
Արթուն պահե՛նք հայու ոգին, որ վստահ եմ թէ մեր բոլորին մէջ ներկայ է եւ ազգային գիտակցութեամբ մասնակցինք Կիրակի Մարտ 16ի Ֆոնեթոնին, կանգուն պահելու համար մեր դպրոցները, իբր ազգային գոյատեւման ամուր բերդեր: Խոստանանք մենք մեզի, թէ պիտի չթոյլատրենք երբեք որ մեզ թանգարանային ազգ դարձնելու Ցեղասպանին ծրագիրը իրականանայ, մեր անտարբերութեամբ կորսնցնելով մայրենի լեզուն:


Յակոբ Աշրեան