Մեր պատմութեան ընթացքին, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր, հայը կ’անցնի կրակի եւ արեան ճամբաներէ: Սակայն քաղաքական մանր-մունր հաշիւներու, կամ միջազգային մեծ ու պզտիկ բախումներու ընթացքին մէջ:

Այսօր, մենք պատմութեան մէջ կրկին դերակատար ենք: Այս անգամ Մարտ 2011-ին սկիզբ առած սուրիական տագնապով: Թէեւ մեր ընտրանքը չէ պատերազմը, սակայն առնչուած ենք անկասկած: Հետեւաբար, սուրիահայն ալ իր կարգին պատմութիւն կը կերտէ՝ իր չափով, ու քիչ մըն ալ անկէ աւելի:
Ապրուած կեանքը մթնոլորտ մըն է, յաճախ գոյատեւման կամքով ջրդեղուած եւ նահատակութեան արեամբ շաղախուած: Մթնոլորտը դժուար է հարազատութեամբ թուղթին յանձնել: Որոշ ապրումներ արտայայտելու համար բառերը կը պակսին: Նախադասութիւնները անպայման չեն յաջողիր կենաց մահու կացութիւններ բնութագրել:
Սուրիական դէպքերը ընդհանրապէս եւ սուրիահայութեան ապրած իրավիճակը յատկապէս կը կերտեն նոր պատմութիւն ու կը գրուին թուղթին վրայ անջնջելի հետքով:
Արդարեւ, Սուրիոյ ապրած տագնապի զարգացման հոլովոյթը իր ամբողջական անդրադարձը ունեցաւ երկրի ընկերային հիւսուածքի անբաժան մէկ մասնիկը եղող սուրիահայութեան վրայ, եւ առ այդ մեր հաւաքական կեանքին մէջ յառաջացան քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, հոգեբանական եւ ընկերային նոր իրադրութիւններ, ընդհանրապէս բացասական հետեւանքներով:
Սուրիոյ տարածքին այսօր յստակ կ’երեւին ե՛ւ աշխարհագրական, ե՛ւ, որոշակի առումով, նաեւ ժողովրդագրական պատկերի նոր սահմանագծումներն ու տեղաբաշխումները:
Եթէ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք Սուրիոյ ժողովրդագրական հիւսուածքի վրայ, ապա պիտի տեսնենք, թէ սուրիական ժողովրդագրական պատկերը խճանկար մըն է ըստ աշխարհագրական դրուածքի, կազմուած ազգային, կրօնական, դաւանական այլազանութեամբ, որ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ տագնապի հոլովոյթին վրայ: Հայութիւնն ալ կրեց այս այլազանութեան հետեւանքները, այն շրջաններուն մէջ, ուր ան կայք հասատատած էր:
Օրինակ, ծովեզերեայ Սուրիան. այդ գօտին կը տարբերի քիչ մը հիւսիս եւ հարաւի հետ բաղդատմամբ, թէեւ Լաթաքիոյ եւ Թարթուս քաղաքներուն մէջ այդքան ալ ապստամբութիւն, բախում կամ ընդհարում չկայ, իրավիճակը պատերազմական չէ: Հալէպէն շատեր ժամանակաւորապէս հոն ապաստանած են:
Սակայն անմիջապէս նշենք, որ այս քաղաքներուն, յատկապէս Լաթաքիոյ շրջակայքը կան թիւրքմէն գիւղեր, որոնք Թուրքիոյ դրդումով եւ զօրակցութեամբ արդէն ոչ միայն ըմբոստացած են պետութեան եւ սուրիական բանակին դէմ, այլ ուղղակի ընդիմադիր զինեալներու հետ համաձայնաբար բաւական լուրջ պայքարի մտած են: Տեղին է նշել նաեւ, որ ծովուն բացերը կը գտնուին ռուսական ռազմանաւեր, իբրեւ այդ շրջանի անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ռուսական գօտիին պահպանման երաշխաւորներ: Պէտք է ընդգծել, որ ծովեզերեայ շրջանին, մասնաւորապէս Թարթուսի մէջ կան հազարաւոր ռուսեր, որոնք իրենց մասնագիտութեամբ կը գործեն: Կան նաեւ ռուս տիկիններ, որոնք ամուսնացած են սուրիացիներու հետ:
Հիւսիս-արեւելեան եւ հիւսիս-արեւմտեան կողմերը մեծամասնութեամբ քիւրտեր են, իսկ Գամիշլիի (Հիւսիս-արեւելեան շրջանի), ուր նաեւ կ’ապրի հայ համայնք, քիւրտերը կը մտածեն ինքնավար վիճակի մասին:
Հարաւ՝ մայրաքաղաք Դամասկոսը, կեդրոնական քաղաքը, ուր կը գտնուի վարչակարգի ղեկավարութիւնը: Այս շրջանին մէջ համայնքը հնագոյն եւ կարեւորագոյն հայագաղութներէն կը համարուի, ան աւելի քան հազար տարուան պատմութիւն ունի, բայց հիմնականօրէն ձեւաւորուած է Ցեղասպանութենէն ետք:
Փաստացի իրողութիւն է, որ հայութիւնը մեծ ներ- դրում ունեցած է Սուրիոյ մէջ:
Սուրիահայեր կ’ապրին ոչ միայն Հալէպի, այլեւ Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Հոմսի, Ռագգայի, Տէր Զօրի, Թուրքիոյ սահմանակից Գամիշլիի, Հասաքէի, Ռաս Ուլ Այնի, Տէրիքի, Թէլ Ապիատի, Քեսապի, Եագուպիէի, Ղնեմիէի եւ այլ շրջաններու մէջ: Կան նաեւ արաբախօս հայեր, որոնք ծանօթ են «հին հայեր» անունով:
Այս համառօտ աշխարհագրական եւ ազգաբաշխման ծանօթութիւնները անհրաժեշտ համարեցինք տալ, որպէսզի աւելի հասկնալի ըլլան Սուրիոյ մէջ ներկայիս խմորուող իրարմէ տարբեր քաղաքական հոսանքները, նաեւ այն հակասութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին ժողովրդական հոսանքներուն մէջ, որոնք առաջ կը քաշեն արաբական ազգային շահերը գերադասելու իմաստով յաջողութեան հաւանականութիւնները եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Մարտ 2011-ին, Սուրիոյ տարածքին սկսած ու շարունակուող դէպքերը, որոնք ալեկոծեցին նաեւ սուրիահայութիւնը, համայնքի ղեկավարութեան համար յառաջացուցին բնականաբար սուրիահայութեան կարիքները հոգալու պահանջը:
Քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, հայկական հաստատութիւններ, դպրոցներ, եկեղեցիներ ու ակումբներ վնասուեցան: Հայութիւնը տասնեակ զոհեր տուաւ եւ հարիւրը անց առեւանգեալներ ունեցաւ: Մեծ թիւով հայեր ստիպուեցան լքել իրենց օճախները: Վտանգուեցաւ հայկական ամենահին գաղութներէն մէկը՝ Հալէպի հայ գաղութը: Ուստի սուրիահայութեան համար առաջնային եղաւ եւ կը մնայ.-
ա.- Սուրիահայութեան ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգներուն դիմակալման խնդիրները:
բ.- Սուրիահայութիւնը զանգուածային արկածա- խնդրութիւններէ հեռու պահելու խնդիրներու տնօրինումները:
գ.- Սուրիահայութիւնը նպատակաուղղուած կերպով թիրախի չվերածելու հարցերը:
Սուրիահայութիւնը ռազմավարական իր ծրագիրը կազմեց կազմակերպչական հարցերու, քաղաքական յարաբերութիւններու եւ քաղաքացիական կացութիւններու հոլովոյթին նկատառումով, նպատակ ունենալով տագնապէն հնարաւոր չափով անվնաս դուրս գալու մարտավարութեան գործադրումը: Առաջին օրէն որդեգրեց հաւասարակշռուած յարաբերութիւն պահելու վարքագիծը, եւ ընտրեց մեր սեփական համոզմունքներուն վրայ հիմնուած գործելակերպ, որ կը հիմնաւորուի հետեւեալ կէտերուն մէջ.-
- Սուրիահայերը կը մնան Սուրիոյ ժողովրդային հիւսուածքի անբաժան մէկ բաղադրիչը:
- Կողմ են Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանման եւ քաղաքացիներու միասնականութեան:
- Ջատագովն են Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական կարգերու զարգացման եւ ամրապնդման:
- Կը հաւատան Ժողովրդային բոլոր խաւերուն մասնակցութեամբ, երկխօսութեան ճամբով առկայ տագնապը հեռու լուծելու ընտրանքին, հեռու մնալով բռնարարքներէ:
- Դէմ են արտաքին միջամտութիւններուն, որոնք կը հրահրեն տաքնապը, կը խաթարեն համակեցութիւնը եւ երկրի ամբողջականութիւնը:
- Յանձնառու են մասնակից դառնալու ապահով եւ բարգաւաճ հայրենիքի կերտման:
Այս վեց կէտերով բանաձեւուած դիրքորոշումը իր ընդհանրութեան մէջ «չէզոքութեան» պատնէշի վրայ ըլլալու մեր դժուար վարքագիծը կ’արտայայտէ եւ կարելիութիւն կ’ընձեռէ անվերապահ կերպով թէ՛ ներսուրիական կողմերուն եւ թէ՛ միջազգային ընտանիքին սեփականութիւնը դարձնելու մեր ճշդած ուղղին
Հայ համայնքին համեմատաբար ընդունելի այս վիճակը իրականացաւ շնորհիւ անոր որդեգրած քաղաքական կեցուածքին, որ կոչուեցաւ՝ «դրական չէզոքութիւն» բայց որ ըստ էութեան մերժումն էր պատերազմի տրամաբանութեան, համայնքային հաւասարակշռութեան քանդումին եւ շեշտումը՝ մարդկային ու քաղաքացիական արժէքներու եւ սուրիական հանդուրժողականութեան ոգիին:
Սուրիահայութիւնը վարժ էր տագնապէն շատ առաջ գոյակցելու յարափոփոխ իրավիճակներուն հետ, ուր նախասիրութիւնները չեն, որ կ’առաջնորդեն մեզ, այլ հաւաքական գոյութեան եւ անվտանգութեան երաշխիքները: Այդ փոձառութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր:
Տագնապին մեր բոլոր դաւանանքներու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու համատեղ ճիգերով դիմագրաւումը անհրաժեշտ նկատելով, 19 Յուլիս 2012-ին բոլորին մասնակցութեամբ յառաջացաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը (ՍՇՕՎՄ)՝ կազմուած ինը անդամներէ, որոնք ներկայացուցիչներն են Սուրիոյ հայ համայնքապետներուն (Հալէպ եւ Դամասկոս), ազգային կուսակցութիւններուն (ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ) եւ բարեսիրական միութիւններուն (ՀԲԸՄ եւ ՍՕԽ) Հալէպ կեդրոնով եւ շրջաններու մեր տեղական մարմիններով:
Տեղին է նշել, որ յառաջացած բոլոր մարմիններուն մէջ գործող անդամները նուիրումով ու բծախնդիր աշխատանքով կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնները:
Մինչեւ այսօր, կրնանք ըսել, որ Հալէպ Սուրիոյ տարածքին ամէնէն ծանր պայմանները ճաշակեց, աւեր, քանդում, զոհ, ջարդ, շրջափակումէն սկսեալ մինչեւ ելեկտրականութեան, ջուրի, հաղորդակցութեան միջոցներու, սննդեղենի չգոյութիւն ու տակաւին շարանը կ’երկարի:
Իսկ Երկուշաբթի, 23 Յուլիս 2012-ին, Հալէպի մէջ պատահած ահազանգային անկիւնադարձը շտապ գործի մղեց գաղութս իր բոլոր ակումբներով ու անձնուրաց նուիրեալ քաջերով:
Վերոյիշեալ ահազանգային անկիւնադարձային թուականէն սկսեալ, Հալէպի հայկական կարգ մը կեդրոններ՝ «Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տուն» (ԱՄԺՏ), «Տիգրանեան» կեդրոն, «Ս.Վրացեան» կեդրոն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահ, հիմնական վայրեր դարձան, ուր 24 ժամ տեւողութեամբ եւ հերթական հսկողութեամբ տղաք ու աղջիկներ ներկայ գտնուեցան եւ միշտ պատրաստ եղան հեռաձայններու զանգահարումներուն պատասխանելու եւ հրատապ տագնապներու պարագային շտապելու գաղութիս բոլոր շրջանները անխտիր, վիրաւորներ եւ տարեցներ փոխադրելու, հրդեհ մարելու, անտուններու ապաստան գտնելու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու սննդեղէն ապահովելու: Մէկ խօսքով անոնք եղան արթուն պահակները հայահոծ շրջաններուն եւ բնակչութեան պաշտպան պահապանները:
Անշուշտ այս մէկը կը պահանջէր առաջին հերթին մարդուժ, ապա կարգապահ, նուիրեալ շարքեր, որոնք առանց փառք ու պատիւ փնտռելու, պատրաստ են ծառայելու ու կը շարունակեն ծառայել ի գին իրենց կեանքին:
Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին, Հալէպի մէջ մինչեւ օրս ռմբակոծումներու, հրթիռակոծումներու եւ կրակոցներու պատճառներով տարբեր տարողութեամբ վնասներ կրեցին Ս. Գէորգ եկեղեցին (ամբողջովին հրոյ ճարակ), հայ կաթողիկէ Աւետման եկեղեցին եւ կից համալիրը։
Ռմբակոծումներու պատճառով ծանրօրէն վնաս-ւած են Հալէպի Հայ ծերանոցը (ամբողջովին կողոպտուած), «Արեւիկ» թերաճներու կեդրոնը, Ազգային պատսպարանը (հին շէնքը, բայց մանաւանդ՝ նոր շէնքը), Կիլիկեան ճեմարանը, Կիւլպէնկեան հիւանդանոց-մայրանոցը։
Ազգային, կրթական կամ միութենական կառոյցներէն թեթեւ վնասներ կրած են (ապակի, դուռ-պատուհան) Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. առաջնորդարանը, Ազգ. «Սիս» բնակարանային համալիրը, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Լ.Ն.Գ.Կ. երկրորդական վարժարանը, Ազգ. Զաւարեան վարժարանը, Ազգ. Հայկազեան վարժարանը, «Ս. Չեմպէրճեան» կրթասիրաց երկրորդականը, հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանը, հայ կաթողիկէ «Զուարթնոց» վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը եւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի մարզաւանները։
Միւս կողմէ, ազգապատկան կարգ մը հաստատութիւններ տեղափոխուեցան աւելի ապահով նկատ-ւած այլ վայրեր. օրինակ, Պոսթան Փաշայի Հայ Ծերանոցի պատսպարեալները փոխադրուեցան Նոր Գիւղի Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոց, Ս.Օ.Խաչի Պատսպարանը՝ Արամ Մանուկեան Ժող. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահը, Ազգ. Առաջնորդարանը՝ Սիւլէյմանիէի «Սիմոն Վրացեան կեդրոն»ը եւ այլն։ Միութենական անապահով կալուածներէն կ’արժէ նշել Համազգայինի տրամադրուած «Կենաց» դպրոցը, Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային ակումբը, եւ այլն։
Իսկ, Սուրիոյ տարածքին ընդհանրապէս ռմբակոծումներու, հրթիռակոծումներու եւ կրակոցներու պատճառներով տարբեր տարողութեամբ վնասներ կրեցին՝ Հոմսի Ս. Մեսրոպ, Եագուպէի Ս. Զուարթնոց, Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց, Ռաս Ուլ Այնի Ս. Յակոբ, Դամասկոսի Ս. Սարգիս եւ Մարկատիէի Ս. Յարութիւն հայ առաքելական եկեղեցիները, Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ համալիրը, Ռագգայի հայ կաթողիկէ Նահատակաց եկեղեցին եւ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը։
Վնասուած են Ռագգայի հայ կաթողիկէ Նահատակաց մանկապարտէզը եւ Դամասկոսի Թէքէեան մշակութային միութեան շէնքը։ Թեթեւ վնասներ կրած են՝ Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանն ու Ազգ. Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանը:

(Շարունակելի մեր վաղուան թիւով)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ