Անձկութեան, մտավախութեան, սրտնեղութեան  անհամար օրերէ ետք, վերջապէս հրապարակուեցան Յունաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններու քննութիւններու արդիւնքները: Ահա՛ ուսանողներու աչքերուն առջեւ են անհամբերութեամբ սպասուած համալսարանական արդիւնքները եւ ընտանիքներ կը հրճուին տքնաջան աշխատանքէ ետք հասած արդար հատուցման համար։

Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն հրապարակուեցան արդիւնքները:

Յաջողած ուսանողներու ընտանիքներուն հետ կը հրճուինք նաեւ մենք բոլորս, որովհետեւ կը ճանչնանք այս տղոց մեծամասնութիւնը. անոնք մեր հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներն են, մեր ակումբներուն մէջ յաճախող տղաքն են, որոնք փորձութեան երկար շրջանէ մը ետք, ապացուցանեցին թէ տոկունութիւնն ու համբերութիւնը ունեցան հետեւողական աշխատանք տանելու եւ յաջողութեան հասնելու։

Անոնք այժմ կը գտնուին նոր հանգրուանի մը սեմին, նոր հորիզոններու առջեւ, որ լայն պիտի բացուին իրենց համար, միաժամանակ նորանոր փորձութիւններ բերելով իրենց կեանքին մէջ։

Շեշտուա՛ծ պարտաւորութիւններ։

Ուսանողական նոր շրջանակներէն ներս մուտք գործող հայ երիտասարդները առիթը պիտի ունենան շաղուելու իրենց տարեկից յոյն եւ օտար երիտասարդներու հետ, ուր յաճախ, զրոյցներու ընթացքին հարցեր պիտի արծարծեն եւ կարծիքներ պիտի փոխանակեն։ Անտարակոյս որ այս զրոյցները միտք մարզելու, բայց միաժամանակ իրենց գիտելիքները փոխանցելու առիթ պիտի դառնան։ Գիտելիքներ՝ հայութեան մասին, Հայ Դատի, հայ մշակոյթի ու կրօնքի, հայկական բարքերու եւ սովորութիւններու մասին, հայութիւնը ամենայն արժանապատուութեամբ ծանօթացնելով լայն շրջանակներու մօտ։ Փոխադարձաբար նաեւ. իրենց նոր գիտելիքներով եւ ուսանողական մակարդակով ու չափանիշով որակաւորուած երիտասարդներու ներդրումը կրնայ նոր շունչ տալ մեր ազգային առօրեայ կեանքին, մեր միութիւններու աշխա-տանքներուն ու մեր բոլոր գործերուն:

Համալսարանական ճիւղի ընտրութիւնը, որ մասնագիտացում պիտի բերէ հայ երիտասարդներուն, պէտք է անհատին հետաքրքրութիւններն ու սէրը արտայայտող մարզ ըլլայ։ Այս իմաստով միայն կը ծաղկին երիտասարդի մը կարողութիւնները եւ միաժամանակ իր անձնաւորութիւնը կþամբողջանայ։ Հասունցած եւ գիտակից երիտասարդը կարեւոր այն գործօնն է, որ իր կարգին կը ծաղկեցնէ մեր գաղութը, նոր շունչ ու որակ տալով մեր բոլոր գործունէութեան, մեր ինքնութեան։

Անգամ մը եւս հաստատենք, որ միայն անձնական որպէս յաջողութիւն կարելի չէ դիտել երիտասարդ տղոց այս յաջողութիւնները, այլեւ արժեւորել անոնք գաղութային մեր հաւաքականութեան ընդմէջէն:

Տարիներէ ի վեր կը հետեւինք Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Հայ Գթութեան Խաչի կողմէ սահմանուած մրցանակներուն, որ նպատակ ունին խրախուսել եւ բարոյապէս «վարձատրել» լաւագոյն աշակերտները։ Անցեալ տարի ուրախութիւնը ունեցանք տեսնելու մրցանակներու բազմացումը, նաեւ անհատներու օգնութեամբ, որոնք կը գնահատեն կրթական մարզէն ներս հայորդիներու յաջողութիւնները եւ կը գիտակցին ուսումնական շրջանի տքնաջան աշխատանքի կարեւորութեան։

Գնահատելու իմաստով կատարուած այս միութենական թէ անհատական ջանքը շաղ-կապուած է ուղղակիօրէն երիտասարդներու ուսման հեւքին զուգահեռ տարուող գաղութային կեանքի ներգործօն մասնակցութեամբ։ Փոխադարձ գուրգուրանքի զգացումը կրնայ ծաղկիլ այսպիսի մատուցումով, որովհետեւ իւրաքանչիւր երիտասարդ կրնայ անդրադառնալ թէ այդ հետաքրքրութիւնն ու սէրը որ համայնքը անշահախնդրօրէն ցոյց կուտայ իրեն, կարեւոր ազդակ մըն է իր կեանքին մէջ։ Ան իր հայրենակիցներու ներուժը կրնայ զգալ իր կողքին:

Մեր համայնքի իւրաքանչիւր երիտասարդի յաջողութիւն՝ կրթական, մարզական, ասպարէզային մարզերէն ներս հպարտութեան ա ռիթ է բոլորիս համար։

Բարի երթ՝ երիտասարդ ուսանողներուն: