
ԽԻՍՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՎԱՐՈՒԵՑԱՆՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ
Եւրոպական Միութենէն ներս որպէս քաղաքականութեան կիրարման վերադարձ բնորոշուեցաւ երէկ գիշերուան ժամը 10ին Պրիւքսելի մէջ կայացած համաձայնութիւնը:
Եւրոպական Միութեան անդամակցող երկիրներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս քննարկուեցան Յունաստանի տնտեսութեան զօրակցութեան հարցը, բայց նաեւ ընդհանրապէս եւրոպական գօտիէն ներս դիմագրաւուող տնտեսական ճգնաժամը:
Խիստ բանակցութիւններու աւարտին համամտութիւն յայտնուեցաւ նախապէս յայտարարուած նախագիծի ուղղութեամբ, որ կը նախատեսէ Յունաստանի վարկի վճարման ժամկէտի երկարաձգում՝ (7 տարիէն պայմանաժամը երկարեցաւ 15 տարիի), տոկոսադրոյթի նուազում (4.5%էն՝ 3.5%ի), եւրոպական մեքանիզմի օժանդակութեամբ պարտամուրհակներու վերավաճառում եւ նոր վարկ՝ որ պիտի հասնի 109 միլիառ եւրօի:
Պրիւքսելի մէջ որդեգրուած որոշումը յայտնի դարձուց, թէ Եւրոպական Միութիւնը քաղաքական կամք պիտի ցուցաբերէ՝ դէմ կանգնելու ելեւմտական շուկայի ճնշումներուն եւ շահարկումներուն, իր երկիրները պահպանելու զօրակցական մեքանիզմ ի գործ դնելով:
Գագաթնաժողովի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսով հանդէս եկան Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոպայ, Քոմիսիոնի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ եւ Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու: