Յոյն քաղաքացիներու հազարաւոր կենսագրականներ ուղարկուած են Եւրոպական Միութեան անդամ-երկիրներուն համար մարդուժի ապահովութեան պարտականութիւնը ստանձնած յատուկ գրասենեակներուն մօտ: Աշխատանքի փնտռտուքին մէջ Եւրոպայի երկիրները առաջին նախընտրութիւն կը կազմեն, սակայն ժողովրդականութիւն կը վայելեն նոյնպէս՝ Աւստրալիան եւ Ծոցի երկիրները:
People for business մարդուժի հետազօտական գրասենեակին կողմէ տրամադրուած տուեալները՝ ցնցիչ իրականութիւն մը կը պարզեն յունական ընկերային միջավայրի մասին, ուր աշխատաւորական ուժի 95%ը կը յայտնէ թէ պատրաստ է արտասահման մեկնելու, այն պարագային որ գործէ պիտի զրկուի: Ընթացիկ տարուայ Փետրուար-Մայիս ամիսներուն մէջ կատարուած հարցախոյզներէն յայտնի է, թէ 18-60 տարեկան մարդիկ (որոնք նախապէս տնտեսական-վաճառական-ղեկավարման-logistics-դեղագործական ընկերութիւններու մօտ աշխատողներ էին) մեկնած են դէպի Եւրոպա, Պալքաններ, Միջին Արեւելք, Ռուսաստան, Աւստրալիա, նոյնիսկ Քէյման կղզիներ: Այս տուեալները ուղղակի կը յեղաշրջնեն անցեալ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին մէջ կատարուած հարցախոյզներու պատկերը, ըստ որոնց մարդուժի 39.5% տոկոսը արտագաղթի դիմելու փոխարէն՝ կը նախընտրէր առանց գործի մնալ, որոշ ժամանակի համար:
Europass գրասենեակին մօտ յոյն քաղաքացիներու աշխատանքի դիմումները հասած են 53.043ի: Յոյն քաղաքացիներու նախընտրութիւնը կը կեդրոնանայ Շուէտի, Գերմանիոյ, Հոլլանտայի, Պելճիքայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ շուրջ: