Երկրի քաղաքական իրավիճակի մասին
աննախադէպ արդիւնքներով բնորոշուեցան ընտրութիւնները
Նոր Հանրապետութիւն եւ ՍԻՐԻԶԱ մէկ միլիոնէ աւելի քուէներ ստացան
Յունաստանի տարածքի ընտրական կեդրոններէն ներս գրեթէ ամբողութեամբ կատարուած քուէներու հաշուարկումով՝ յստակ դարձաւ երկրի ընտրական պատկերը, որ առաջնորդեց մեծ յեղաշրջումներու:
Մէկ միլիոնէ աւելի քուէներ ստացան Նոր Հանրապետութիւն եւ ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութիւնները, մինչ ՓԱՍՕՔի տուեալները ցոյց տուին թէ կուսակցութիւնը 1970էն ետք իր ամէնէն ցած տոկոսը արձանագրեց:
Ըստ ամփոփուած տուեալներուն՝ եօթ կուսակցութիւններ մուտք կը գործեն խորհրդարան, հետեւեալ տոկոսային համեմատութեամբ.-
- Նոր Հանրապետութիւն 18.88% (108 աթոռ),
- ՍԻՐԻԶԱ 16.77% (52 աթոռ),
- ՓԱՍՕՔ 13.19% (41 աթոռ),
- Անկախ յոյներ 10.59% (33 աթոռ),
- Համայնավար կուսակցութիւն 8.47% (26 աթոռ),
- Ոսկեայ առաւօտ 6.97% (21 աթոռ),
- ՏԻՄԱՐ 6.10% (19 աթոռ):
Երկրի քաղաքական իրավիճակի մասին աննախադէպ էր նաեւ 18.7%ի տոկոսը, որ ստացան խորհրդարանէն դուրս մնացող կուսակցութիւնները (նախորդ ընտրութիւններուն 2.30-3%ի կը սահմանափակուէր այս տոկոսը): Ըստ երեւոյթին, քուէարկողներու զանգուածները «քուէ կորսնցնելու» գաղափարէն դուրս գալով, քուէարկեցին ի նպաստ այնպիսի կուսակցութիւններու, որոնք սահմանափակ հնարաւորութիւններ ունէին խորհրդարան մտնելու տոկոսը ապահովելու: Անոնցմէ ոմանք «նորակազմ» կուսակցութիւններ էին, որոնք իրենց քարոզչական ու համախմբուածութեան նպատակաուղղուած աշխատանքը համացանցի միջոցաւ կատարեցին:
Խորհրդարանէն դուրս մնացող կուսակցութիւններու բարձր տոկոսը, աթոռներու հաշուարկումը վճռորոշեց, ի նպաստ առաջին հանդիսացող կուսակցութեան:

Որո՞նք են յաջորդական հանգրուանները
Ընտրական գործընթացի աւարտին ձեւաւորուած պատկերը, կառավարութեան կազմութեան յաջորդական հանգրուաններու առիթը կուտայ Սահմանադրութեամբ ճշդուած օրէնքներու հիմամբ:
Այսպէս ըստ 37րդ յօդուածի, նորակազմ խորհրդարանէն ներս կառավարութիւն կազմելու իրաւունքը կը տրուի աթոռներու ամէնէն մեծ թիւը ապահոված կուսակցութեան: Այս պարագային, ուր չկայ քաղաքական ուժ որ 151 աթոռներ ապահոված ըլլայ, Հանրապետութեան նախագահի հրահանգով՝ «խորհրդարանի վստահութիւնը վայելող համագործակցական ուժ կազմելու հնարաւորութիւնը» հերթաբար կը տրուի նախ առաջին հանդիսացած կուսակցութեան, ապա մնացեալ ուժերուն:
Եթէ որեւէ ձեւով ձախողի կառավարութիւն կազմելու պայմանը, Հանրապետութեան նախագահի որոշումով աշխատանքային կառավարութիւն կը կազմուի, որ պարտաւոր կ'ըլլայ նոր ընտրութիւններ կազմակերպելու 30 օրուայ ընթացքին:
Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած են 8 հայ թեկնածուներ
Տարբեր կուսակցութիւններով իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին 8 հայ թեկնածուներ։
Անոնք էին՝
- Էլէնի Զերվա-Կիւրճեան (ՓԱՍՕՔ, Աթէնքի Բ. ընտրաշրջան),
- Գէորգ Կիւլումեան (Կեդրոնի միութիւն, Աթէնքի Բ. ընտրաշրջան),
- Սթիլիանոս Օհաննէսեան (ԼԱՕՍ, Փիրէայի Բ. ընտրաշրջան),
- Եղիա Խաչիկեան (Կեդրոնի միութիւն, Իլիա),
- Ժաննօ Աբիկեան (ՏՐԱՍԻ, Թեսաղոնիկէի Ա. ընտրաշրջան)
- Հռիփսիմէ-Ռոզիկ Գասպարեան (Կեդրոնի միութիւն, Մաղնիսիա),
- Ֆոթիոս Մովսէսեան (բնապահպաններ, Սերէս)
- Սողոմէ (Սոնիա) Սոնիկեան (բնապահպաններ, Աթէնքի Բ. ընտրաշրջան)։