Յունաստանի աշխատաւորական սենտիքաներու միացեալ ընդհանուր գործադուլ կ'իրագործուի վաղը Չորեքշաբթի օր, երկրի ամբողջ տարածքին:

Զայրոյթ եւ ցասում յառաջացուցած է յունական սփիւռքի մօտ, օտար երկիրներու մէջ գործող յունական վարժարանները փակելու մասին որդեգրուած Յունաստանի պետութեան որոշումը:

 

Երէկ առաւօտեան յայտարարուեցան Յունաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններէն ներս մուտքի քննութեանց արդիւնքները: Ըստ նախնական տուեալներու Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի համալսարաններու մօտ դիմումներու աճ կայ, որ կը պատճառաբանուի տնտեսական տագնապի ստեղծած իրավիճակով:

Վտանգ կը սպառնայ մանկամսուրներուն, ծերանոցներուն, դեղօրայք եւ
սնունդ-հագուստեղէն հայթայթող մարդասիրական ծառայութիւններուն

Երկրի 325 քաղաքապետութիւններէն մեծ թիւ մը տընտեսական սնանկացման վտանգը կը դիմագրաւէ: Օգոստոս-Դեկտեմբեր  2012 ժամանակաշրջանին համար նախատեսուած պետական յատկացումները կրճատուած են 48% տոկոսով՝ 135 միլիոն եւրոյի փոխարէն 70 միլիոն եւրօ

Յունաստանի վիճակագրական սպասարկութեան (ԷԼՍԹԱԹ) հաղորդած տուեալներուն համաձայն, երկրի բնակչութիւնը 9.903.268  մարդ կը կազմէ, ըստ Մայիս 2011ի իրագործուած մարդահամարին: