Այսօր Ուրբաթ օր, իր աւարտին կը հասնի կուսակցութիւններու նախընտրական արշաւը, կուսակցութեանց ղեկավարներու եւ առաջնորդներու վերջին ելոյթներով:
Իւրաքանչիւր ղեկավար մինչեւ վերջին պահ կը փորձէ սիրաշահիլ այն քաղաքացիները, որոնք չեն որոշած իրենց քուէի մասին:
Ընտրութիւններէն հազիւ երկու օր առաջ, այսօր կէսօրին խորհրդակցութիւն կը կայանայ նախարարաց խորհուրդի անդամներուն միջեւ, քննարկելու համար մէկամսեայ կառավարութեան գործունէութիւնը եւ նախընտրական ընթացքը: Ապա, երեկոյեան ժամը 19:00ին վարչապետ Փանաեոթիս Փիքրամենոս հանդիպում կ'ունենայ նախկին վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի հետ: