Այս տարի բոլորովին տարբեր մթնոլորտի մէջ կը կայանան Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Նոր տուեալներ, նոր դէմքեր եւ քաղաքական ուժերու նոր յարաբերակցութիւններ կը յատկանշեն իրավիճակը:


Երկու մեծ կուսակցութիւնները՝ ՓԱՍՕՔ եւ Նոր Հանրապետութիւն յայտարարած էին սկիզբէն թէ նախընտրական արշաւը պիտի տանին առանց «թուղթի քարոզչութեան», այսինքն առանց աֆիշներու եւ թռուցիկներու: Ճիշդ հակառակ վիճակը կը տիրէ Աթէնքի կեդրոնէն ներս, ձախակողմեան կուսակցութիւններուն համար, որոնք լեցուցած են ամէն սիւն եւ պատ՝ աֆիշներով եւ լոզունգներով:
Անցեալ շաբթու ընթացքին Յունաստանի մեծ քաղաքներուն մէջ սկսած ընտրապայքարը տեղափոխուած է Աթէնքի կեդրոն, ուր ամէն օր հաւաքներ եւ մամլոյ ասուլիսներ տեղի կÿունենան: Մթնոլորտը լարուած է, մանաւանդ վերջին հարցախոյզներու լոյսին տակ, որ տարբեր մեկնաբանութիւններով կը հրապարակուին:
Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին ՓԱՍՕՔ-Սիրիզա հակամարտութիւնը յաւելեալ սրած է, ՓԱՍՕՔի նախագահ Էվանկելոս Վենիզէլոսի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններով, որ ճնշիչ ձեւով «եւրօ կամ տրախմի» երկընտրանքը յառաջ կը քշէ, փորձելով ՓԱՍՕՔէն դէպի Սիրիզա հեռացած քուէարկողները ետ սիրաշահիլ:
Քաղաքական բոլոր ուժերը ըմբռնած են համագործակցութիւններու արժէքը, ուր պիտի կեդրոնանայ ընտրութիւններու յաջորդ օրուայ հեռանկարը: Քուէատուփ առաջնորդող վերջնական այս պահուն, բոլոր կուսակցութիւնները իրենց ուժերը լարած կը ներկայանան հանրութեան, երկիրը տնտեսական-քաղաքական-ընկերային անելէն դուրս բերելու թիրախը ճշդելով:


Գործազրկութիւնը 22%ը գերազանցած է Յունաստանի մէջ

Երկու յոյն երիտասարդներէն մէկը՝ գործազուրկ վիճակի մէջ է, առանց ապագայի աւելի բարենպաստ հնարաւորութիւններ ունենալու: Հրապարակուած վերջին տուեալներուն համաձայն, երկրին մէջ գործազրկութեան ցուցանիշը 2012ի առաջին ամիսներուն ընթացքին գերազանցած է 22%ը, ընկերային-տնտեսական ծանր վիճակ ստեղծելով:  Աշխատողներու լայն զանգուած մըն ալ կանոնաւոր ձեւով վճարում չի ստանար, աշխատաժամերու կրճատումներու եւ ամսականներու նուազումներուն պատճառով:

Գերմանացի եւրոերեսփոխանը կը ճնշէ...

«Եթէ յոյները «թրոյքա»ի հրահանգներուն ընդդիմացող կուսակցութիւններ ընտրեն, երկիրն ու Եւրոպան անկայունութեան ճամբէն պիտի յառաջանան» նախազգուշական ճնշիչ խօսքերով հանդէս եկած է Եւրոխորհրդարանի ժողովրդային (CSU) կուսակցութեան փոխ նախագահ Մանֆրենտ Վեպեր: Գերմանացի եւրոերեսփոխանը հարցազրոյց մը տալով «Սթութկարտեր Ցայթունկ» թերթին, խօսած է Յունաստանի տնտեսական կացութեան մասին, դիտել տալով թէ երկիրը սնանկացած է եւ եւրոպական օգնութիւն պիտի ստանայ, միայն եթէ «թրոյքա»ի որոշումներուն ենթարկուի...: Ան աւելցուցած է թէ Յունաստանի ընտրութիւններուն ընթացքին կարեւոր չէ այնքան թէ ո՞ր ուժը կառավարութիւն պիտի կազմէ, այլ եթէ պիտի շարունակուի կիրարկուող  տնտեսական քաղաքականութիւնը: