Յունաստանի մէջ քուէատուփերու փակումէն արդէն 24 ժամ անցած է եւ կառավարութիւն կազմելու քաղաքական խմորումները կը շարունակուին:
Երէկ Երկուշաբթի օրը յատկանշուեցաւ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան նախագահ Անտոնիս Սամարասի կողմէ տարուած հետախուզական ջանքերով, որ հերթաբար դիմեց ՍԻՐԻԶԱի, ՓԱՍՕՔի եւ ՏԻՄԱՐի՝ համագործակցական կառավարութիւն կազմելու առաջարկով: Մերժողական պատասխանները ստանալէ ետք, կարգը եկաւ ՍԻՐԻԶԱ-ին:
Այսօր Երեքշաբթի կէսօրուան ժամը 2ին, Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի մօտ կը ներկայանայ դաշինքի նախագահ Ալեքսիս Ցիփրաս, կառավարութիւն կազմելու հրահանգ ստանալու համար:
Ըստ լրատուական տեղեկութիւններու Ցիփրաս երեք կէտերէ բաղկացած ծրագիր մը պիտի ներկայացնէ՝
ա) մերժելով պարտադրուած յուշագիրը,
բ) առաջարկելով ձախակողմեան ուժերու համագործակցութեամբ կառավարութիւն
գ) նախորոշելով երկիրը վերակազմակերպելու ծրագիր:
Դժուար հանգրուանի մէջ կը գտնուի երկրի քաղաքական դաշտը, որ կոչուած է արագ որոշումներու յանգելու: