Զօրակցինք այն թեկնածուներուն, որոնք անվերապահօրէն ընդառաջած են
գաղութի կարիքներուն հասնելու մեր առաջարկներուն
եւ փաստը տուած են, թէ լրջօրէն կը հետապնդեն մեր պահանջները


 

Կիրակի 6 Մայիս 2012ին, Յունաստանի տարածքին կազմակերպուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, բոլոր յոյն քաղաքացիները կոչուած են քուէատուփ առաջնորդուելու իրենց քաղաքացիական գերագոյն իրաւունքը գործադրելու համար:  Յունահայ ամէն անհատ, իբրեւ գիտակից ու յանձնառու քաղաքացի, իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ իր ընտրաշրջանին մէջ:
Երկրին համար այսքան ծանրակշիռ հանգրուանի մը ընթացքին, երբ համայն Յունաստան եւ երկրի բնակչութիւնը տնտեսական եւ ընկերային ծանրագոյն տագնապ կը դիմագրաւեն, մեր բոլորի քուէները անշուշտ ուղղուած պիտի ըլլան -ըստ մեր հայեցողութեան- ընտրելու թեկնածուներու լաւագոյն այն ներկայացուցիչները, որոնց նախկին գործունէութիւնը, կամ ապագայի խոստմնալից ընթացքը մեզ կը համոզէ, թէ ապագայի ժամանակաշրջանին մէջ, անոնք իրենց ուժերը պիտի լարեն լաւագոյնս գոհացնելու համար շրջանակի պահանջները:

Ծանօթ է թէ իբրեւ յոյն քաղաքացիներ մեր դիմագրաւած նեղութեանց վրայ, գումարուելու եկան նաեւ մեր համայնքի ազգային-միութենական կառոյցները հարուածած դժուարութիւնները, հիմնականօրէն՝ կրթական մեր հաստատութիւններու դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հայ համայնքի ճգնաժամային կացութիւնը դիմագրաւելու գործընթացին մէջ, հնարաւոր բոլոր պետական-քաղաքական շրջանակներուն դիմուեցաւ, ուր ընդհանրապէս բարեացակամ տրամադրութիւններով  ընդունուեցան մեր պահանջները: Թեկնածուներու շարքին կան անձնաւորութիւններ, որոնք, ըստ պարագայի, միշտ նեցուկ հանդիսացած են Հայաստանին, Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ մեր գաղութի կարիքներուն:


Յունահայութիւնը այս պարագային անհատապէս, թեկնածուի մը կամ անոր ետեւը կանգնող կուսակցութեան մը նկատմամբ քաղաքացիի իր բնական նախասիրութիւններէն անկախ, միշտ պէտք է ի մտի ունենայ ազգային մեր իւրայատուկ իրավիճակէն բխող գաղութային կարիքներն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ  տարուած բոլոր այն թեկածուներու ջանքերը, որոնք անցեալին կամ ներկայիս անվերապահօրէն ընդառաջած են գաղութի կարիքներուն հասնելու մեր առաջարկներուն եւ փաստը տուած են, թէ լրջօրէն կը հետապնդեն մեր պահանջները՝ գործնական ու շօշափելի ձեւով:

Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, իբրեւ երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւն, խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին, այսու կը ներկայացնէ տուեալ այն թեկնածուներու ցանկը (երկու մասով՝ այսօրուայ եւ վաղուայ թիւերով):
Վստահ ենք որ ամէն մէկ հայ քուէարկող, անկախ իր անձնական նախասիրութիւններէն, միշտ ալ կը մտաբերէ յոյն քաղաքագէտ իր բարեկամները եւ կը քուէարկէ՝ իրենց արժանի կեցուածքը նկատի ունենալով:

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբ