Երէկ Կիպրոսի մէջ նշուեցաւ Թուրքիոյ գրաւման սեւ թուականի 40ամեակը: Այդ օրէն մինչեւ այսօր տասնեակ բանակցութիւններ ընթացած են կիպրական հարցի լուծման առաջնորդուելու ուղղութեամբ, սակայն առանց դրական արդիւնքի:
Հազարաւոր քննարկումներ, զրոյցներ, հարցախոյզներ անարդիւնք մնացած են՝ որեւէ յառաջդիմութիւն չարձանագրող գործընթացին վերաբերեալ:
«Ժամանակը հասած է հաստատելու թէ Կիպրական հարցի լուծումը ամբողջ ժողովուրդին ի շահ է» ըսաւ երէկ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս, իր խօսքը ուղղելով Նիկոսիոյ մէջ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, Կիպրոսի գրաւման 40 տարին՝ շատ երկար ժամանակ բնորոշելով:
Կիպրոսի նախագահը իր խօսքին մէջ ուզեց պատգամ մը յղել Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլին, որ ապօրինի այցելութեամբ երկրի գրաւուած հատուածին մէջ կը գտնուէր, դիտել տալով թէ «գրգռիչ կեցուածքները որեւէ ձեւով չեն նպաստեր Թուրքիոյ այն կեցուածքին, որ հրապարակային կերպով ցոյց կը տրուի»:
Կիպրական հարցի բանակցութիւններուն ներկայացուող թրքական դիրքերը կ'ենթադրեն անգործութեան մատնուած պետութիւն մը
«ԱՐՁԱԳԱՆԳ».- Կիպրական հարցի բանակցութիւններուն ներկայացուող թրքական դիրքերը կ'ենթադրեն անգործութեան մատնուած պետութիւն մը, որ բաժանարար յատկանիշներ ունի։
Այս մէկը յայտնի կը դառնայ երբ բաղդատենք բանակցութիւններուն ներկայացուած փաստաթուղթերը։ 10 էջ երկարող փաստաթուղթը, որ վերջերս հրատարարկուեցաւ կիպրական մամուլին մէջ եւ յանձնուած է Ազգային Խորհուրդի անդամներուն, նախագահ Անաստասիատիսի կողմէ, կը հաստատուի երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող մեծ բացը։ Ինչպէս կը յայտնուի, թուրք-կիպրական կողմը կը փորձէ խուսափիլ հողատարածքներու, անվտանգութեան, երաշխիքներու, ինչպէս նաեւ վերաբնակեցեալներու էական հարցերուն մասին տեղի ունեցող զրոյցէն։ Թրքական կողմը կը պնդէ հետեւեալը.
Առաջին՝ հողատարածքներու հարցը պէտք է զրոյցի նիւթ դառնայ մնացեալ բոլոր գլուխներու բանակցութիւններու ամբողջացումէն ետք, որովհետեւ հարց մըն է, որ իրարանցում պիտի յառա- ջացնէ կղզիի բնակչութեան մէջ։ Այս հանգրուանին զրոյցի առարկայ կրնան դառնալ ընդհանուր չափանիշներ։
Երկրորդ՝ անվտանգութիւնն ու երաշխիքները պէտք է զրոյցի առարկայ դառնան միայն բազմակողմանի համաժողովի մը ծիրէն ներս, երաշխաւորող ուժերու մասնակցութեամբ։
Երրորդ՝ վերաբնակեցեալներ գոյութիւն չունին, պնդելով որ անոնք թուրք-կիպրական համայնքի անբաժան մասը դարձած են, յստակ խտրութիւն մը դնելով այսպէս-կոչուած պետութեան հպատակներուն, որոնց կը համարէ թէ պէտք է ինքնաբերաբար, միացեալ Կիպրոսի հպատակ դառնան, եւ կղզիի գրաւեալ բաժնի մնացեալ բնակիչներուն միջեւ, որոնց կարգավիճակը պիտի յառաջանայ հպատակութեան մասին օրէնքի հիման վրայ։
Փաստաթուղթին մէջ, կը նշուի թէ յոյն-կիպրական կողմը յստակացուց թէ էական բանակցութիւններու ներկայ հանգրուանը պիտի չամբողջանայ, եթէ կիպրական հարցի բոլոր խնդիրներու՝ բոլոր ոլորտներուն մէջ, ամբողջական առաջարկներ չներկայանան եւ կացութեան մասին ամբողջական պատկեր մը չունենանք։
Առ այդ, կը յայտնուի փաստաթուղթին մէջ, թէ երկու կողմերը կամրջող առաջարկներ պիտի չներկայացուին, ո՛չ ալ մեր կողմը համամիտ պիտի ըլլայ «առ-եւ-տուր»-ի գործընթացին, մինչ մեր կողմը կը վերապահէ իր իրաւունքը առաջարկ չներկայացնելու, այն նիւթերուն մասին, որ թուրք-կիպրական կողմը կը մերժէ առաջարկներ ներկայացնել։ Առաջարկները պէտք են ըլլալ ամբողջական ու էական եւ չարհամարհեն գործընթացը, դատարկելով զայն իր էութենէն։