altՌու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր Փու­թին եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սեր­կէյ Շոյ­կու, առ­ջի օր, միա­սին պատ­կե­րասփ­ռո­ւած հան­դի­պու­մի մը ըն­թաց­քին յայտ­նե­ցին, որ Կաս­պից ծո­վուն մէջ գտնո­ւող 4 մար­տա­նա­ւեր 26 հրթիռ­ներ ար­ձա­կած են Սու­րիոյ մէջ ՏԱՀԵ­Շի 11 դիր­քե­րու դէմ` անց­նե­լով Ի­րա­նի եւ Ի­րա­քի օ­դա­յին

Ֆ­րան­սա­յի Սթ­րազ­պուրկ քա­ղա­քին մէջ Հոկ­տեմ­բեր 4ին հա­րիւ­րա­ւոր հա­յեր, քիւր­տեր, թուր­քեր ու ա­լե­ւի­ներ բո­ղո­քի ցոյց ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են ի նշան Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նի Սթ­րազ­պուրկ այ­ցին դէմ բո­ղո­քի:

Ըստ NEWS.amի` Nouvelles d’Armenie կը յայտ­նէ, որ հա­րիւ­րա­ւոր հայ ցու­ցա­րար­ներ հայ­կա­կան դրօշ­նե­րով երթ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Սթ­րազ­պուր­կի փո­ղոց­նե­րով: Ցու­ցա­րար­նե­րը էր­տո­ղա­նէն ու ա­նոր շրջա­պա­տէն պա­հան­ջած են ան­յա­պաղ դադ­րեց­նել ճնշում­նե­րը Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ բնա­կող հա­յե­րուն նկատ­մամբ եւ վերջ դնել թուրք-քրտա­կան բա­խում­նե­րուն հնչե­ցո­ւող հա­կա­հայ­կա­կան կո­չե­րուն:

­­­altՀ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­­­Հայ ­­­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­­­Կի­րա­կի՝ ­­­Հոկ­տեմ­բեր 25ին կա­յա­նա­լիք իր տա­րե­կան ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, ­­­Հայ ­­­Դա­տի «Ա­րո­ւեստ­նե­րու Մր­ցա­նակ»ը պի­տի շնոր­հո­ւի մրցա­նա­կա­կիր հե­ղի­նակ, թա­տե­րա­գիր եւ դե­րա­սան Է­րիք ­­­Պօ­ղո­սեա­նին, որ նաեւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րէ

Դա­սա­խօս Ա­ւե­տիս ­Սա­դո­յեան իր ­Ֆէյս­պու­քեան է­ջին վրայ գրած է.- «­Պեր­լի­նի մէջ կրա­կած են ­Գեր­մա­նիոյ մէջ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Յա­րու­թիւն Գ­րի­գո­րեա­նի տան վրայ: Ա­ւե­լի ուշ, տան դի­մաց յայտ­նո­ւած էր հա­յե­րու դէմ վի­րա­ւո­րա­կան գրա­ռում: ­Ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ա­տի­կա լուր­ջի չէր ա­ռած: ­Դէպ­քը հա­ւա­նա­բար կա­պուած է Յ. Գ­րի­գո­րեա­նի վեր­ջին

­Սեպ­տեմ­բեր 29ին, 79 տա­րե­կա­նին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է ֆրան­սա­հայ ծա­նօթ ջու­թա­կա­հար Ժան Տէր-­Մեր­կե­րեան: 

Ծ­նած էր Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զա­պուրծ՝ Մար­սէյլ ա­պաս­տա­նած ըն­տա­նի­քի եր­դի­քին տակ: 11 տա­րե­կա­նին ա­ւար­տած է Մար­սէյ­լի ե­րաժշ­տա­նո­ցը եւ տա­րի մը ետք նոյն քա­