Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Զո­ւի­ցե­րիա տո­ւած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն` Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Խո­րէն Արք. Տող­րա­մա­ճեա­նի, կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեա­նի, լսա­տե­սո­ ղա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ Պետ­րոս Վրդ. Մա­նո­ւէ­լեա­նի, ե­րես­փո­խան Յա­կոբ Բագ­րա­տու­նիի, «Ար­մե­նո­ֆաս» հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Թե­նի Փիր­րի-­Սի­մո­նեա­նի եւ «Ար­մե­նո­ֆաս» յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, այ­ցե­լեց Հիւն­տո­ւի­լի բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղե­ցին, ուր նո­րա­ծին Քիւնց­լեր մկրտո­ւած էր:

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ Հիւն­տո­ւի­լի քա­ղա­քա­պե­տին եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին կող­մէ, ո­րոնք ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ե­կե­ղե­ցի, ուր յա­տուկ պաս­տառ­նե­րու վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւած էին Փա­փա Քիւնց­լե­րի մար­դա­սի­րա­կան կեան­քը ներ­կա­յաց­նող կա­րե­ւոր դրո­ւագ­ներ եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ: Ն­շենք, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զգա­յա­ցունց լու­սան­կար­նե­րը ծած­կո­ւած էին եւ այ­ցե­լուն ինք կրնար բա­նալ ու դի­տել, որ­պէս­զի շրջա­նի թուրք բնակ­չու­թեան ընդվ­զու­մը կան­խար­գի­լո­ւի:

Փա­փա Քիւնց­լեր հայ ժո­ղո­վուր­դին իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը սկսած է Ուր­ֆա­յի մէջ: Ան իբ­րեւ բժիշկ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­ռաջ եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք շա­րու­նա­կած է իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Սու­րիոյ եւ Լի­բա­նա­նի մէջ: Հիմ­նած է Ղա­զի­րի որ­բա­նո­ցը եւ Ա­զու­նիէի բու­ժա­րա­նը (­Լի­բա­նան): Փա­փա Քիւնց­լեր մա­հա­ցած է 1945 թո­ւա­կա­նին Ղա­զի­րի մէջ: Ա­նոր գե­րեզ­մա­նա­քա­րին վրայ ար­ձա­նագրուած է «­Փա­փա Քիւնց­լեր` հայ որ­բե­րուն հայ­րը»: