Կրակոց` Գերմանիոյ մէջ Լ.Ղ.Հ. ներկայացուցիչի տան վրայ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Դասախօս Աւետիս Սադոյեան իր Ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է.- «Պերլինի մէջ կրակած են Գերմանիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանի տան վրայ: Աւելի ուշ, տան դիմաց յայտնուած էր հայերու դէմ վիրաւորական գրառում: Ներկայացուցիչը ատիկա լուրջի չէր առած: Դէպքը հաւանաբար կապուած է Յ. Գրիգորեանի վերջին շրջանին ցուցաբերած աշխուժութեան հետ: Յարութիւն Գրիգորեան կը զբաղի նաեւ միջազգային հանրային իրաւունքի տեսակէտէ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական տագնապի գիտական ուսումնասիրութեամբ»: