Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, առջի օր, միասին պատկերասփռուած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեցին, որ Կասպից ծովուն մէջ գտնուող 4 մարտանաւեր 26 հրթիռներ արձակած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇի 11 դիրքերու դէմ` անցնելով Իրանի եւ Իրաքի օդային
տարածքէն եւ կտրելով 1500 քմ: Ռուսական ուժերը 30 Սեպտեմբերէն ի վեր Սուրիոյ մէջ հարուածած են իսլամականներու 112 թիրախներ:
Փութին յայտնեց, որ տակաւին շատ կանուխ է Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութեան արդիւնքներուն մասին խօսելու եւ Շոյկուի հրամայեց շարունակել Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Իրանի եւ Իրաքի հետ Սուրիոյ հարցով գործակցութիւնը:
Շոյկու ըսաւ.- «Կարելի չէ ՏԱՀԵՇը պարտութեան մատնել` առանց ռուս-ամերիկեան համակարգումի»: «Փարիզ վերջին այցելութեանս ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտ ներկայացուց հետաքրքրական գաղափար մը, ըստ որուն իր կարծիքով կարելի է փորձել միացնել նախագահ Ասատի կառավարական ուժերուն եւ այսպէս կոչուած Սուրիական ազատ բանակի ջանքերը (ՏԱՀԵՇի դէմ)»,- ըսաւ Փութին: Թուրքիոյ բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ ռուսական հրթիռային համակարգեր Երեքշաբթի օր Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ դէմ դրած են թրքական օդուժին պատկանող 8 «Էֆ-16»երու:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը առջի օր յայտարարած էր, որ պատրաստ է ռուսական բանակին հետ Անգարայի մէջ կատարելու բանակցութիւններ` թրքական օդային տարածքի խախտումի կրկնութենէն խուսափելու համար: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին նշեց, որ ռուսական կործանիչի մը կողմէ թրքական օդային տարածքին խզումը նեղութիւն պատճառող սխալ հասկացողութիւն մըն էր` յայտարարելով, որ «մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ զինուորական համակարգումի` օդին մէջ պատահական արկածներէ խուսափելու համար»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու շեշտեց, որ «Ռուսիոյ հետ շահերու հակադրութիւն չկայ, սակայն նաեւ սահմաններու եւ օդային տարածքներու անվտանգութենէն զիջում չկայ»` աւելցնելով.- «Մենք չենք ուզեր, որ սուրիական տագնապը ՕԹԱՆի եւ Ռուսիոյ միջեւ ճգնաժամի վերածուի»:
Ըստ Տաւութօղլուի՝ «Սուրիոյ մէջ ռուսական 57 յարձակումներէն միայն երկուքը թիրախ դարձուցին ՏԱՀԵՇը: Սուրիոյ մէջ ռուսական յարձակումներուն մեծամասնութիւնը թիրախ կը դարձնէ ընդդիմութիւնը»:
«Ռուսերը պէտք է յարգեն թրքական օդային տարածքը, մեզի ներկայացնեն այդ խախտումին առիթ տուած պատճառները եւ երաշխաւորեն, որ անիկա պիտի չկրկնուի»,- ըսաւ Տաւութօղլու:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտնեց, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ կը գործէ սխալ ռազմավարութեան մը հիմամբ` նշելով, որ իրենք համաձայն չեն Ռուսիոյ հետ զինուորական գործակցութեան, այնքան ատեն որ ան այս սխալ ընթացքին վրայ կը գտնուի, սակայն աւելցուց.- «Պիտի շարունակենք Ռուսիոյ հետ կապի մէջ մնալ` Սուրիոյ մէջ մեր օդաչուներուն անվտանգութեան սիրոյն»:
Միւս կողմէ, «Գանձասար»ի խմբագրութենէն «Արմէնփրես»ին յայտնած են, որ ռուսական օդուժը հարուածած է Հալէպի հիւսիսը գտնուող ՏԱՀԵՇի դիրքերը` յատկապէս Տեր Հաֆերի եւ Պապի մէջ:
Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ քրտական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելած է Դամասկոս` քննարկելու համար ռուսական օդուժի հովանիին տակ Սուրիոյ բանակին հետ միացեալ ցամաքային գործողութեանց կարելիութիւնները: Ըստ «Ախպար»ի՝ Սուրիոյ բանակին եւ քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատներուն միջեւ բանակցութիւնները մեծ ճամբայ կտրած են եւ զինուորական գործակցութեան շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է: