­altՔոնկ­րե­սա­կան­նե­րու Ա­տր­պէյ­ճան կա­տա­րած խորհ­դա­ւոր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու հար­ցը նոր շրջա­դարձ ար­ձա­նագ­րած է Ա.Մ.Ն. Քոնկ­րե­սէն ներս: Այն աս­տի­ճան, որ ըստ հե­ռա­տե­սի­լի CNN կա­յա­նին՝ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան նա­խա­գահ, հան­րա­պե­տա­կան Ճոն Պէօհ­նէր յայ­տա­րա­րած է, թէ իր հրա­ժա­րա­կա­նը կը ներ­կա­յաց­նէ եւ թէ իր պաշ­տօ­նէն պի­տի հե­ռա­նայ Հոկ­տեմ­բե­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան: 

Ըստ ա­տր­պէյ­ճա­նա­կան Haqqin.az առ­ցանց թեր­թին, այս հրա­ժա­րա­կա­նին պատ­ճա­ռը Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան խումբ մը ան­դամ­նե­րու 2013 Մա­յի­սին Պա­քու կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւնն է, որ հո­վա­նա­ւո­րո­ւած էր Ա­տր­պէյ­ճա­նի քա­րիւ­ղի պե­տա­կան SOCAR ըն­կե­րու­թեան կող­մէ: Haqqin.az կ­՚ա­ւելց­նէ, որ ըստ ա­մե­րի­կեան Քոնկ­րե­սի օ­րէնք­նե­րուն, խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը նման պա­րա­գա­նե­րու պէտք է ստա­նան Բա­րո­յա­գի­տա­կան Խոր­հուր­դին (OCE) հա­ւա­նու­թիւ­նը: Ըստ ա­տր­պէյ­ճա­նա­կան կայ­քէ­ջին՝ այս հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ ար­դէն շա­տոնց աղ­մուկ բարձ­րա­ցած էր, բայց ըստ ե­րե­ւոյ­թին հար­ցը չէ փա­կուած, հա­կա­ռակ ա­նոր որ նշեալ Բա­րո­յա­գի­տա­կան Խոր­հուրդն ալ ա­պօ­րի­նի ո­չինչ նկա­տած էր խնդրոյ ա­ռար­կայ այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ:

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան թեր­թը կը գրէ նաեւ, թէ հա­ւա­նա­կան է, որ Ատր­պէյ­ճա­ն­ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն շուրջ նոր հե­տաքն­նու­թիւն մը կա­տա­րո­ւի, Պէօհ­նէ­րի հրա­ժա­րու­մէն ետք: 

­Սա­կայն, Օ­րի­նա­կա­նու­թեան եւ Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նէն (NLPC) Փի­թըր Ֆ­լե­հըր­թի յօ­դո­ւա­ծի մը մէջ դի­տել կու տայ, որ Պէօհ­նէ­րի նա­խա­գա­հու­թեան օ­րով՝ Քոնկ­րե­սը բա­րո­յա­գի­տու­թեան ա­ռու­մով միայն յե­տա­դի­մեց: Ան կ­՚ը­սէ նաեւ, որ այդ նոյն շրջա­նին, Բա­րո­յա­գի­տու­թեան Խոր­հուր­դը վե­րա­դար­ձաւ իր եր­բեմ­նի դե­րին, որ կը կա­յա­նար Քոնկ­րե­սի ան­դամ­նե­րու դա­տա­պար­տե­լի ա­րարք­նե­րը ծած­կե­լու մէջ:

Ֆ­լե­հըր­թի դեռ կ­՚ընդգ­ծէ, որ Բա­րո­յա­գի­տու­թեան Խոր­հուր­դին նա­խա­գա­հը՝ Չառլզ Տէնթ, որ հան­րա­պե­տա­կան մը ըլ­լա­լով՝ Պէօհ­նէ­րի դաշ­նա­կից մըն է, որ­պէս այդ փոր­ձած է «չքմե­ղաց­նել» Քոնկ­րե­սի 10 ան­դամ­նե­րու 2013ին կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը՝ «աշ­խար­հի ա­մէ­նէն ա­պա­կա­նած պե­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը»: Խնդ­րոյ ա­ռար­կայ այ­ցե­լու­թեան մի­լիոն­ներ ծախ­սո­ւած են. այդ բո­լոր ծախ­սե­րը իբ­րեւ թէ հո­գա­ցած են ոչ-շա­հա­բեր ան­կախ ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­ներ, բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ բո­լո­րին ալ ե­տին յայտ­նա­բե­րո­ւած է SOCARը: 

Ֆ­լե­հըր­թի կը գրէ նաեւ, որ յայտ­նի էր, թէ SOCAR ի՞նչ կ­՚ու­զէր Քոնկ­րե­սէն. քա­րիւ­ղի ի­րա­նեան պե­տա­կան ըն­կե­րու­թեան (National Iranian Oil Company - NIOC) հետ գոր­ծըն­կե­րու­թեան ար­տօ­նու­թիւն, Շահ Տէ­նի­զի բնա­կան կա­զե­րու ար­տա­հան­ման հա­մար: Եւ SOCARի այդ փա­փա­քը յա­ջո­ղու­թեամբ ի­րա­գոր­ծուած է, շրջան­ցե­լով Ի­րա­նի դէմ սահ­մա­նո­ւած պատ­ժա­կան մի­ջոց­նե­րը: