Սեպտեմբեր 29ին, 79 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ ծանօթ ջութակահար Ժան Տէր-Մերկերեան:
1948ին ընտանիքին հետ ներգաղթած է Հայաստան: Ժան Տէր-Մերկերեանի ուսուցիչները եղած են հայրը` Երուանդը, Կարբ Տոմպաեւ (Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ ուսանելու տարիներուն) եւ աշխարհահըռչակ ջութակահար Տաւիտ Օյսթրախ (Մոսկուայի մէջ ուսանելու տարիներուն):
Ան նախ Փրակայի (1956) եւ ապա Փարիզի մէջ (1961) արժանացած է առաջին մրցանակներու։
Իրեն առաջարկուած է մնալ Մոսկուա, բայց ինք վերադարձած է Երեւան, ուր սկսած է դասաւանդել «Կոմիտաս» երաժշտանոցին մէջ (1964-1979) եւ ելոյթներ ունեցած՝ Հայաստանի տարբեր շրջաններու, ինչպէս նաեւ Խորհ. Միութեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ: 1971ին արժանանած է Խորհ. Հայաստանի «ժողովրդական արտիստ»ի կոչումին:
1981ին վերադարձած է Մարսէյլ, ուր սկսած է դասաւանդել տեղւոյն երաժշտանոցին մէջ եւ տուած՝ մենահամերգներ:
Ժան Տէր-Մերկերեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 2ին, Մարսէյլի Սրբոց Թարգմանչաց Մայր եկեղեցւոյ մէջ: