­altՍեպ­տեմ­բեր 27ին ­Հա­յաս­տան, իբ­րեւ պա­տո­ւոյ հիւր, մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ­Ֆե­շի քա­ղա­քին մէջ 1996 թո­ւա­կա­նէն ի վեր կազ­մա­կեր­պո­ւող «Աշ­խար­հի ­Գի­նի­ներ» խո­րա­գի­րով ա­մե­նա­մեայ փա­ռա­տօ­նին։ ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նէն ­Զո­ւի­ցե­րիա տա­րո­ւած հայ­կա­կան խա­ ղո­ղի չորս տե­սակ­նե­րու որ­թա­տուն­կե­րը հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ տնկո­ւե­ցան ­Ֆե­շիի 11րդ ­դա­րու ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ գտնո­ւող եւ «Աշ­խար­հի ­Գի­նի­ներ» ա­նու­նը կրող տնկի­նե­րու այ­գիին մէջ` Ֆ­րան­սա­յի, Ի­տա­լիոյ, Ար­ժան­թի­նի, Ս­պա­նիոյ եւ այլ եր­կիր­նե­րու տնկի­նե­րու կող­քին:

­Պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան՝ բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կան ­Ֆե­շիի հա­մայն­քա­յին խոր­հուր­դի ղե­կա­վա­րը, փա­ռա­տօ­նի նա­խա­գա­հը եւ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Յաս­միկ ­Տոլ­մա­ճեան:

«­Խորհր­դան­շա­կան է, որ, ինչ­պէս Աս­տո­ւա­ծաշն­չեան ա­ւան­դու­թեան, ըստ ո­րի, ­Նո­յը, Ա­րա­րա­տի ստո­րո­տում` ­Հա­յաս­տա­նում, տնկեց խա­ղո­ղի ա­ռա­ջին որ­թա­տուն­կը, այն­պէս էլ հնա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րի հա­մա­ձայն` խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան վեց­հա­զա­րա­մեայ բնօր­րան հա­մա­րո­ւող ­Հա­յաս­տա­նից բե­րո­ւած որ­թա­տուն­կե­րը նո­րից հանգ­րո­ւա­նում են շո­ւէյ­ցա­րա­կան հիւ­րըն­կալ հո­ղում` խա­ղա­ղու­թիւն, հա­մե­րաշ­խու­թիւն, բազ­մա­զա­նու­թիւն խորհր­դան­շող այս այ­գում»,–­ իր խօս­քին մէջ նշեց ­Յաս­միկ ­Տոլ­մա­ճեան:

­Ֆե­շի­ցի­նե­րուն եւ ­Զո­ւի­ցե­րիոյ տար­բեր վայ­րե­րէն ժա­մա­նած փա­ռա­տօ­նի հիւ­րե­րուն հայ եր­գա­րո­ւեստն ու պա­րա­րո­ւես­տը ներ­կա­յա­ցու­ցին զո­ւի­ցե­րիա­հայ հա­մայն­քի «Ա­րաքս» երգ­չա­խումբն ու «­Սա­նա­հին» պա­րա­խում­բը: ­Փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Հ.Հ. գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէն տրա­մադ­րո­ւած հայ­կա­կան շուրջ տաս­նեակ լա­ւա­գոյն գի­նի­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն եւ համ­տե­սում, մա­տու­ցո­ւե­ցան հայ­կա­կան ու­տեստ­ներ: